Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հռիփսիմեանցը. Դէպքեր – Դէմքեր – Վկայութիւններ 90-Ամեայ Ճանապարհին» Գիրքի Շնորհահանդէս. «Հռիփսիմեանցը» Գիրքը Ապրումներու Վկայութիւն Է. Անոր Ամէն Մէկ Թերթը Ապրուած Է Իմ Կողմէս» Ըսաւ Սարգիս Նաճարեան

Դեկտեմբեր 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

23056058943_39d21c5fc9_o

Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, երէկ` ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ին Հռիփսիմեանց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Նաճարեանի «Հռիփսիմեանցը. դէպքեր – դէմքեր – վկայութիւններ 90-ամեայ ճանապարհին» գիրքի շնորհահանդէսը:

23056058823_2a1b0c9fd9_o

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական երգչախումբը` խմբավարութեամբ եւ դաշնակի նուագակցութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, ձեռնարկին բացումը կատարեց երգելով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հռիփսիմեանցի քայլերգները:

23656947726_25a4b15881_o23656947686_d1d3f3f99c_oԲացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարպիս Գապասագալեան: Ան ողջունեց բոլոր ներկաները Սարգիս Նաճարեանի «Հռիփսիմեանցը» գիրքի շնորհահանդէսին առիթով եւ ըսաւ, որ գիրքերը մարդու կեանքին մէջ պարգեւներ են, առանց որոնց մարդկութիւնը կը դառնայ անմշակոյթ ու անգէտ: Ան յայտնեց, որ լոյս տեսած գիրքը պատմական ակնարկ մըն է, որ գրուած է մտքի փարոս` Հռիփսիմեանց վարժարանի 90-ամեակին առիթով:

Աշակերտական երգչախումբը մեկնաբանեց «Անձինք նուիրեալք» երգը, որմէ ետք խօսք առաւ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Սարգիս Նաճարեան իր բծախնդիր ու հաւատարիմ գրիչով ընթերցողներուն հրամցուց «Հռիփսիմեանցը» գրքոյկը` ցոյց տալով, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մայրապետներ, նուիրեալ քոյրեր, ինչպիսի՛ հրաշքներ կրցած են գործել ի սպաս հայ ազգի զաւակներուն եւ Լիբանանի ասպնջական երկրին:

Ան ըսաւ, թէ «Հռիփսիմեանցը» գրքոյկը թերթատելով կարելի է շօշափել սէր` ժայթքած այն սրտերէն, մտքերէն ու բազուկներէն, որոնք հիւսած ու կերտած են Հռիփսիմեանցի լուսապայծառ ու լուսաճաճանչ պատմութիւնը: Գերապայծառը նշեց, որ ընթերցողը գիրքին մէջ կը գտնէ հաւատք ու սէր ամենակալ Աստուծոյ, հաւատք ու սէր հայ տառապեալ որբուհիներուն, հաւատք ու սէր Մեծասքանչին, Այբուբենին, որուն առաքեալները դարձած են Անարատ յղութեան միաբանութեան քոյրերը Հռիփսիմեանցի պարիսպներուն մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի` լուսաւորելով հայ օճախը մեսրոպեան լոյսով եւ լուսաւորչեան անշէչ կանթեղով:

Ան յայտնեց, որ գրքոյկը կը բաղկանայ 91 էջերէ եւ կը բովանդակէ Հռիփսիմեանցի համառօտ պատմութիւնը սկիզբ առած 1922-ին ու դարձած կաղնի մը հաստափոր 90-ամեայ ճանապարհին վրայ, որ թէեւ եղած է փշոտ ու տառապալից, սակայն միշտ ապագայի տեսիլքներով նուաճուած:

Ան բարձր գնահատեց Սարգիս Նաճարեանի հեղինակած գիրքը, որ մասնագէտի, ծանօթի եւ բարեկամի գրիչով կը ներկայացնէ Հռիփսիմեանցի ոդիսականը:

Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Թէեւ Հռիփսիմեանցը այսօր ալեւոր է իր պատմութեամբ, սակայն միշտ երիտասարդ իր վերանորոգ մարդկային, ազգային եւ հոգեմտաւոր դաստիարակչական առաքելութեամբ պիտի շարունակէ իր երթը` միշտ յառաջ դէպի սիգապանծ գագաթները յառաջադէմ քաղաքակրթութեան»:

Խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, որուն հովանաւորութեամբ տեղի կ՛ունենար շնորհահանդէսը: Երախտագիտութիւն յայտնեց գաղութի ականաւոր մտաւորականներէն բազմավաստակ խմբագիր եւ գրագէտ Սարգիս Նաճարեանին, որ ինքնաբուխ նախաձեռնութեամբ եւ հաճելի գրիչով լոյս ընծայած է Հռիփսիմեանցը: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Միհրան եւ Ժոել Նաճարեաններուն, որոնց վեհանձն մեկենասութեամբ Հռիփսիմեանց հաստատութիւնը օժտուած է նման գեղատիպ հրատարակութեամբ:

Ան ըսաւ, որ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, որ հիմնուած է 1847-ին, առաքելութեան հիմնական առանցքն է հայ սերունդներու կրթա-դաստիարակութիւնը: «Մինչ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մայրամուտին ենք, խոր յուզումով կը մտաբերեմ Արեւմտահայաստանի դժոխային արհաւիրքէն քիչ տարիներ ետք քաջարի քոյրերը, որոնք հաւատարիմ իրենց ուխտին, հայու արիութեամբ Լիբանանի մէջ նուիրուեցան որբացած հայ մանուկին, մատղաշ աղջիկներուն դաստիարակութեան` ջամբելու համար անոնց մայրական սէր, քրիստոսաւանդ հայեցի կրթութիւն», ըսաւ քոյր Արմինէ Մակարոսեան, ապա աւելցուց, որ տարիներու հոլովոյթով Հռիփսիմեանց կրթօճախի քարաշէն հիմը դնելու համար կը բաւէր ունենալ ցորենի հատիկի չափ հաւատք, որ դարձած է իրականութիւն: Ան եզրափակեց իր խօսքը հաստատելով, որ Անարատ յղութեան հայ քոյրերը 1922-էն ի վեր հաւատքով, ինքնազրկումով, անբացատրելի խնայողութեամբ, ինչպէս նաեւ ազգանուէր բարերարներու օժանդակութեամբ կերտած են Հռիփսիմեանցը, որպէսզի առյաւէտ մնայ անսասան, յարաճուն վերելքով, շնորհիւ անձնուէր մշակներուն եւ իրերայաջորդ սերունդներու պատուական արդիւնքներուն:

23656947666_68d198b434_o23682970005_461bdbf8e3_oԵլոյթ ունեցան Արէն եւ Ալեք Տօներեան եղբայրները, որոնք ջութակով եւ դաշնակով ներկայացուցին երաժշտական գեղեցիկ կտոր մը: Իր կարգին, Մակալի Թոմասեան ապրումով ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Խաչբուռ» բանաստեղծութիւնը:

Ապա Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Սարգիս Նաճարեանի եւ քոյր Արմինէ Մակարոսեանի ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ աղօթքով իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ գիրքին, ապա տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:

23656947716_341e370d61_o23056058853_7192cdf738_oԽօսք առաւ գիրքի հեղինակ Սարգիս Նաճարեան: Ան ըսաւ, թէ գիրքը թերեւս անտիպ մնար, եթէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, 7 ապրիլ 2015-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ տեղի չունենար «Ցեղասպանութեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը: Հռիփսիմեանցը այդ առաքելութեան պերճախօս վկայութիւններէն մէկն է: Սարգիս Նաճարեան ըսաւ նաեւ, թէ լոյս տեսած գրքոյկը լրագրական պրպտումներու եւ վիճակագրական ստուգումներու արդիւնք է : Գիրքը ապրումներու վկայութիւն է. ամէն մէկ թերթը ապրուած է, որովհետեւ իր առնչուածութիւնը Հռիփսիմեանցին հետ շատ հին է:

Ան ըսաւ, թէ հայկական բոլոր դպրոցները իրենց պատմութիւնները պէտք է գրուած ունենան, որպէսզի գաղութի կազմաւորման պատմագրութեան մէջ թերացում մը չարձանագրուի: Սարգիս Նաճարեան աւարտեց իր խօսքը` շնորհակալութիւն յայտնելով նախ քոյր Արմինէ Մակարոսեանին, որ գրքոյկը արժանացուցած է գեղեցիկ շնորհահանդէսի մը, ապա յառաջաբանը գրող Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեանին, Արամ Գարատաղլեանին, լուսանկարիչ Րաֆֆի Պէրպէրեանին, Նեսիմեան եղբայրներուն, տպարանին եւ մանաւանդ Միհրան եւ Ժոել Նաճարեաններուն, որոնց շնորհիւ գիրքը լոյս տեսաւ:

23314931929_565db816c2_o

23683184735_c73d1ea45e_oՓակման խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Անարատ յղութեան քոյերուն, որոնք հակառակ պատերազմին, հին ու նոր տնտեսական եւ քաղաքական բոլոր դժուարութիւններուն, շարունակած են դպրոցը բարձր պահել եւ հայ աշակերտը առանց դպրոցի չձգել: Ան ներկաներուն խօսեցաւ Սարգիս Նաճարեանի, իբրեւ մարդ, իբրեւ մտաւորական ու նուիրեալ հայու վեհ արժանիքներուն մասին` արժեւորելով Սարգիս Նաճարեանի ունեցած ազգային արժէքներու հանդէպ խոր գիտակցութիւնը, հայրենիքին հանդէպ ունեցած անվերապահ սէրն ու հաւատքը: Գէորգ եպս. Ասատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս Նաճարեանի կողակիցին` Զուարթ Նաճարեանին, որ միշտ իր ամուսինին կողքին ըլլալով քաջալեր հանդիսացած է անոր բոլոր գործերուն ու նեցուկ կանգնած է անոր եւ վերջապէս եզրափակեց խօսքը` մաղթելով Սարգիս Նաճարեանին դալար գրիչ եւ նոր յաջողութիւններ:

Ձեռնարկի աւարտին Սարգիս Նաճարեան մակագրեց իր գիրքերը, որոնք բաժնուեցան բոլոր ներկաներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Ծիրին Մէջ. Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի «Տաւիղ» Խումբի Ելոյթ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային  Յարձակում` Իրանի Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային Յարձակում` Իրանի Վրայ

Յունիս 14, 2025
Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին  Միջազգային Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Միջազգային Արձագանգներ

Յունիս 14, 2025
Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?