Իրաքեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը մասնակի կերպով հեռացած են Մուսուլի շրջանէն: Թրքական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ Պաաշիքայի ճամբարին մէջ հաստատուած զօրքերուն մէկ մասը փոխադրուած է հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական ինքնավար շրջանի կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջան:
Ըստ աղբիւրներուն, զինուորները 14 դեկտեմբերին հեռացած են ճամբարէն, սակայն ներկայիս Թուրքիա պիտի չվերադառնան: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը նշէ, որ այդ քայլը առնուած է Պաղտատի կողմէ բուռն հակազդեցութեան լոյսին տակ միջազգային ընտանիքին կողմէ Անգարայի ճնշումի ենթարկուելէն ետք:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու նշեց, որ «հիւսիսային Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մօտ գտնուող մեր ուժերուն հարցով նոր դասաւորումներու համար անհրաժեշտ քայլերը առինք»` աւելցնելով. «Իրաք գտնուող մեր ուժերը պիտի շարունակեն (այստեղ մնալ) զինուորական մարզումներու համար»:
Իրաքի քարիւղի նախարար Ատել Ապտելմահտի յայտնեց, որ Մուսուլի մէջ իր զինուորական ներկայութեան համար Թուրքիան պէտք չէ նկատել «թշնամի», եւ անոր հետ առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւններու խզումը ճիշդ պիտի չըլլայ:
Ան նշեց, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու խզումը Իրաքի գերիշխանութեան պահպանման համար օգտակար չէ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ նկատմամբ իրաքեան կառավարութեան որդեգրած քայլերը հաւասարակշռուած ու ճիշդ են: Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ` առանց Պաղտատը տեղեակ պահելու իր զինուորներն ու հրասայլերը Իրաք ուղարկելը անընդունելի է, եւ որեւէ կառավարութիւն չի կրնար ատոր նկատմամբ լուռ մնալ:
Թող Թուրքիան եւ Իրաքը պատասխան տան այս հարցումներուն՝
1. Թրքական զօրքը մէկ փամփուշտ կրակե՞ց ՏԱՀԵՇ-ի վրայ:
2. ՏԱՀԵՇ-ը մէկ փամփուշտ կրակե՞ց թրքական ուժերուն վրայ:
3. Ինչու՞ ՏԱՀԵՇ-ը որեւէ հակազդեցութիւն չի կատարեր այս հարցով:
Իմ պատասխանս յստակ է՝ քանի որ թուրքերը եկած են ՏԱՀԵՇ-ը պաշտպանելու եւ մաքսանենգուած քարիւղին հոսքը ապահովելու դէպի Թուրքիա: