Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ 10 դեկտեմբերին կազմակերպուեցաւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան տարածքին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան ու որբերու յիշատակին նուիրուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:
Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին դանիացի միսիոնար Մարիա Ճէյքըպսընի շիրիմին: Ապա հիւրերուն իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Դեսպանը մասնաւորապէս նշեց, որ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մարդու իրաւունքներու օրը, իսկ նախօրէին` 9 դեկտեմբերին, առաջին անգամ ըլլալով միջազգային հանրութիւնը պաշտօնապէս նշեց Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի, արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը: Դեսպան Քոչարեան թուեց այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնց խորհուրդով այս տարուան ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ` յարգանքի տուրք նահատակներու յիշատակին, երախտագիտութիւն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն եւ միջազգային կառոյցներուն, միջազգային պայքար եւ վերածնունդ: Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար, շեշտեց միասնականութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը ապագային նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ:
Այնուհետեւ ներկաները շրջագայութիւն մը կատարեցին հաստատութեան տարածքին մէջ, այցելեցին թանգարան, ուր ցուցադրուած են զանազան փաստագրական նիւթեր Հայոց ցեղասպանութեան, որբանոցի հիմնադրման եւ Մարիա Ճէյքըպսընի մարդասիրական գործունէութեան վերաբերեալ:
Պաշտօնական ճաշի ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ներկաներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյնները եւ «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուց:
Ձեռնարկին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Լեհաստանի, Արժանթինի, Դանիոյ, Չեխիոյ, Վատիկանի, Յունաստանի դեսպանները, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանի տեղակալը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, Պէյրութի դիւանագիտական անձնակազմի ղեկավարը, պապական նուիրակը, Լիբանանի արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարներու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Սիկրիտ Քաակ, Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը: