Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մատրիտի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան Նախագահ Ժոզեֆ Տոլի Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մատրիտի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ Ժոզեֆ Տոլի հետ: Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` զրուցակիցները քննարկած են ԵԺԿ-ի հետ հետագայ համագործակցութեան զարգացման, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հեռանկարին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն - Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն միջկուսակցական կապերու ամրապնդման, միջազգային հարթակներուն վրայ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան գործընկերներուն...




















