Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  2015-ի Աշխատանքներու Ներկայացում

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան 2015-ի Աշխատանքներու Ներկայացում

2 փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է նախարարութեան 2015-ի աշխատանքներուն` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան զանազան մարզերուն մէջ: Ըստ անոր, 2015 թուականին արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախագահին ուրուագծած արտաքին քաղաքականութեան ուղենիշներուն եւ անոր կողմէ տրուած յանձնարարականներուն հիման վրայ շարունակած է իր աշխատանքները` երկրի արտաքին անվտանգութեան բաղադրիչի ամրապնդման, պետութեան զարգացման համար արտաքին բարենպաստ...

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը  Պիտի Քննարկէ Թուրքիոյ Մէջ  Կրակմարի Դրութեանց Հարցը

Ազրպէյճանն Ու Հունգարիան Սաֆարովի Գործով ՄԻԵԴ-ի Հարցերուն Պէտք Է Պատասխանեն Մինչեւ 12 Մայիս

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ազրպէյճանին եւ Հունգարիոյ մինչեւ 12 մայիս ժամանակ տուած է պատասխանելու ազրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու եւ զայն վաղաժամ ազատ արձակելու գործով դատարանի կողմէ պետութիւններուն ուղղուած հարցումներուն: ՄԻԵԴ-ի մէջ բողոքարկու` հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատներու շահերու պաշտպան Նազելի Վարդանեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ բողոքարկուն կը ձգտի ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցուի իբրեւ կողմ, որովհետեւ...

«Ազդակ» Կը Հրատարակէ Վարուժան  Խտըշեանի Յիշատակին Նուիրուած Յաւելուած

«Ազդակ» Կը Հրատարակէ Վարուժան Խտըշեանի Յիշատակին Նուիրուած Յաւելուած

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը շուտով հրատարակութեան կը յանձնէ լիբանանահայ եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ թատրոնի ամէնէն նշանաւոր հեղինակութիւններէն բեմադրիչ, թատերագէտ եւ դերասան Վարուժան Խտըշեանի յիշատակին նուիրուած յաւելուած մը, որ լոյս կը տեսնէ շաբաթ օր եւ կը բաժնուի «Ազդակ»-ի օրուան թիւին հետ: Այս առիթով ալ երէկ «Ազդակ» իր յարկին տակ ընդունեց «Թատրոն 67» թատերախումբի գաղութին ծանօթ դերասաններ, Յակոբ Գալայճեան, Զաւէն Պաաքլինի եւ Յովսէփ Գափլանեան, ինչպէս...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է  Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Պաշտօնական այցելութեամբ 30 յունուարէն 2 փետրուար Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելի երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման, պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-վրացական փոխադարձ գործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, կը փոխանցէ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքը: «Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է հայ-վրացական աւանդական գործընկերային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ  հաւասարակշռուած մօտեցումներուն կարեւորութիւնը...

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի  Անդամ Պետութիւններու Դեսպաններուն Հետ

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ-ի Անդամ Պետութիւններու Դեսպաններուն Հետ

1 փետրուարին ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավարին նախաձեռնութեամբ, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու դեսպաններուն եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքինի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նախորդ տարուան դեկտեմբերին Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի արդիւնքները, 2016 թուականին ԵԱՀԿ-ի մէջ Գերմանիոյ նախագահութեան առնչուող եւ ԵԱՀԿ-ի շարք մը այլ օրակարգային հարցեր: Նախարար...

Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Իշխանութեան  Որակը Փոխելու Ցանկութիւն Ունի»

Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Իշխանութեան Որակը Փոխելու Ցանկութիւն Ունի»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 1 փետրուարին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Դաշնակցութիւն-իշխանութիւն համագործակցութեան եւ յստակեցուցած, թէ ի՛նչն է պատճառը, որ իշխանութեան հետ համագործակցութեան անցան ինքնին այս հանգրուանին: «Այս սահմանադրութենէն կը բխին տասը-տասնհինգ շատ կարեւոր օրէնքներ, կը բխին մօտ 400-է աւելի օրէնքներու փոփոխութիւններ, որոնց մէջ Դաշնակցութիւնը պէտք է ըլլայ համահեղինակ: Փորձը փաստեց,...

«Այսօր Մեր Տնտեսական Նիւթական Օժանդակութիւններուն Սեւեռակէտը Պէտք Է Դարձնենք Սուրիահայութիւնը, Որովհետեւ Անպայման Հոն Կան Գոյատեւողներ. Այս Գաղութը Չի Կրնար Անհետանալ, Այլ Պիտի Մնայ»  Կը Հաստատէ Կարօ Եուզպաշեան

«Այսօր Մեր Տնտեսական Նիւթական Օժանդակութիւններուն Սեւեռակէտը Պէտք Է Դարձնենք Սուրիահայութիւնը, Որովհետեւ Անպայման Հոն Կան Գոյատեւողներ. Այս Գաղութը Չի Կրնար Անհետանալ, Այլ Պիտի Մնայ» Կը Հաստատէ Կարօ Եուզպաշեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ   Յունուար 29-ին «Վանայ Ձայն»-ը  յատուկ հարցազրոյց մը կատարեց սուրիահայ համայնքի պատասխանատուներէն, Սուրիոյ Կեդրոնական շտապի  տնտեսական պատասխանատու Կարօ Եուզպաշեանի հետ, որ անդրադարձաւ Սուրիոյ  ապահովական, տնտեսական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ եւ յատկապէս` սուրիահայութեան պարզած կացութեան: Ստորեւ` հարցազրոյցը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Անդրադառնանք Սուրիոյ ապահովական իրավիճակին. այսօր ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ:  ԿԱՐՕ ԵՈՒԶՊԱՇԵԱՆ.- Սուրիոյ ապահովական իրավիճակը այսօր դէպի դրական յառաջխաղացքի մէջ է. մամուլին...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի  Մասնակցութիւնը Օքսֆորտի Հայագիտական  Ամպիոնի Կազմակերպած Համագումարին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի Մասնակցութիւնը Օքսֆորտի Հայագիտական Ամպիոնի Կազմակերպած Համագումարին

Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, 21-23 յունուար 2016-ին տեղի ունեցաւ «աշխատանքային» հաւաք մը, որ մէկտեղած էր արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ: Հաւաքին առաջնորդներն էին Օքսֆորտ համալսարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հայագիտական ուսումնասիրութիւններու փրոֆեսէօր, հոլանտացի հայագէտ Թէօ Մաարթըն Վան Լինթ եւ Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան: Մասնակիցներուն մէջ էին «Գ. Կիւլպէնկեան»...

Դաշնակցական Մարմիններու  Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած  Խորհրդակցութիւն

Դաշնակցական Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 30 յունուարին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին հրաւէրով, տեղի ունեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցի 50 կոմիտէներու եւ տասը մարզային կոմիտէներու շուրջ 80 ներկայացուցիչներ: Հանդիպումին բացումը կատարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ համառօտ կերպով անդրադարձաւ ներքաղաքական զարգացումներուն, օրակարգային, առաջնահերթ խնդիրներուն` նոյն...

Ազրպէյճան Կը Մեղադրէ ԵԽԽՎ-ն  «Երկակի Չափանիշներու» Կիրարկման Մէջ

Ազրպէյճան Կը Մեղադրէ ԵԽԽՎ-ն «Երկակի Չափանիշներու» Կիրարկման Մէջ

Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիյաֆաթ Ասքերով, մեկնաբանելով ԵԽԽՎ-ի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բրիտանացի երեսփոխան Ռոպըրթ Ուոլթըրի ազրպէյճանամէտ զեկուցումի ձախողութիւնը, յայտարարած է, որ այս ձեւով  ամբողջ աշխարհը  ականատես եղաւ այդ կառոյցին կողմէ «երկակի չափանիշներու» կիրարկման: Ռոպըրթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ  Ազրպէյճանի միւս բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկուցումը 26 յունուարին ձայներու 70 դէմ, 66 կողմ յարաբերակցութեամբ չէր ընդունուած: Ասքերովի խօսքով` ասիկա անգամ...

Համակարգչահէններ Կը Խափանեն «Ազդակ»-ի  Արաբերէն Կայքի Աշխատանքները

Համակարգչահէններ Կը Խափանեն «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքի Աշխատանքները

«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքին եւ անոր ֆէյսպուքեան երկու էջերուն հետեւողները պէտք է նկատած ըլլան, որ համակարգչահէններ նախ խանգարեցին «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի եւ ապա ֆէյսպուքեան երկու էջերուն աշխատանքները: Վերջին շրջանին թէ՛ կայքը եւ թէ՛ անոր առընթեր «Ֆէյսպուք»-ի երկու էջերը այցելուներու արագընթաց աճ կ՛արձանագրէին: Յայտնապէս, «Ազդակ»-ի արաբատառ բաժինին տարած աշխատանքները անհանգստացուցած են մեր հակառակորդները, որոնք նախ սառեցուցին կայքը. քանի մը ժամ տեւած կայքի...

Մարաշի Աղէտի 96-րդ Տարելից  Նոր Մարաշի Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան  Եւ Պաշտամունքի Արարողութիւններ Ու Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Մարաշի Աղէտի 96-րդ Տարելից Նոր Մարաշի Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Եւ Պաշտամունքի Արարողութիւններ Ու Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Երէկ` կիրակի, 31 յունուարին Մարաշի աղէտին 96-րդ տարելիցն էր: Նոր Մարաշի երեք յարանուանութիւններու` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, կատարուեցան պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ Մարաշի հին ու նոր ննջեցեալներու անմահ յիշատակին: Եկեղեցիներու խունկի անուշահոտութիւնը, հոգեպարար շարականները եւ հոգեւոր երգերը ըմբոշխնող մարաշցի եւ ոչ մարաշցի...

Հարցազրոյց Դոկտ. Վիգէն Չթըրեանի Հետ

Հարցազրոյց Դոկտ. Վիգէն Չթըրեանի Հետ

Շաբաթ, 30 յունուար 2016-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը «Օփըն ուունտզ. Արմինիընզ, Թըրքս էնտ է սենչըրի աֆ Ճենոսայտ» նորատիպ գիրքի հեղինակ, լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան դոկտ. Վիգէն Չթըրեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Անդրադառնալով այն փոփոխութիւններուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ կարգ մը մտաւորականներ մղեցին անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին` Չթըրեան ըսաւ, որ երկու զարգացումներ դեր...

Յարգանքի Տուրք`  Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք` Արամ Մանուկեանի Յիշատակին

29 յունուարին լրացաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ներքին գործոց առաջին նախարար Արամ Մանուկեանի մահուան 97-րդ տարելիցը: Այս առիթով խումբ մը դաշնակցականներ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մանուկեանի շիրիմին առջեւ: «Արամ Մանուկեանի դերը այնքան մեծ է մեր պետականութեան վերականգնման գործին մէջ, որ նոյնիսկ անկարելի է գերագնահատել», նշած է պատմաբան, ՀՅԴ պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անուշ Ամսէեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն, այսօր, սակայն,...

Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը  Քրէականացնող Նոր Օրինագիծի  Պատրաստութիւնը Վստահած Է Ժան Փոլ Քոսթայի

Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծի Պատրաստութիւնը Վստահած Է Ժան Փոլ Քոսթայի

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փարիզի «Լ՛Օթել տիւ Քոլլեքսիոնէօր»-ի մէջ 28 յունուարի երեկոյեան տեղի ունեցած է Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքը, որուն ներկայ եղած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, աջակողմեան կուսակցութեան անդամ Փաթրիք Տեւեճեան, Սորպոն համալսարանի հայազգի դասախօս Մարք...

Կարօ Փայլան Յիշեցուցած Է, Որ Տակաւին  150 Տարի Առաջ Հայերը Թուրքիոյ Մէջ  Սահմանադրութիւն Մշակած Են

Կարօ Փայլան Յիշեցուցած Է, Որ Տակաւին 150 Տարի Առաջ Հայերը Թուրքիոյ Մէջ Սահմանադրութիւն Մշակած Են

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան, քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբին մէջ պիտի ներկայացնէ իր կուսակցութիւնը: Նիւթին վերաբերեալ Թուրքիոյ հայկական  «Ակօս» թերթին հարցազրոյց տուած Փայլան նշած է, որ սահմանադրական քննարկումներէն առաջ նախ պէտք է դադրեցնել երկրին մէջ անվերջ շարունակուող զինուած բախումները: «Պէտք է վերջ տալ այս մթնոլորտին: Սպանութիւններու եւ բախումներու մթնոլորտին մէջ կարելի չէ սահմանադրութիւն ստեղծել:...

Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու  Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 28 յունուար 2016-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին գծով տեղի ունեցած խորհրդակցութեան իբրեւ շարունակութիւն, ուրբաթ, 29 յունուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը` մասնակցութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Հալէպի թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի: Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեակ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երեքշաբթի, 26 յունուար 2016-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցեցաւ քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի հետ: Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շնորհաւորանքները փոխանցելէ ետք ծանօթացուց Շրջանային վարչութեան անդամները եւ նշեց, որ քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան միշտ նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերուն: Իր կարգին, քաղաքապետ...

Բանակի Օրուան Առիթով.  Հայաստանի Եւ Ղարաբաղի  Ղեկավարութիւնը Այցելեց Եռաբլուր

Բանակի Օրուան Առիթով. Հայաստանի Եւ Ղարաբաղի Ղեկավարութիւնը Այցելեց Եռաբլուր

Բանակի օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ եւ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Եռաբլուր զինուորական պանթէոն եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: «Հայկական բանակի մարտունակութիւնը ցոյց կու տայ, որ անիկա շրջանին մէջ մրցունակ բանակ է: Մեր բանակը նաեւ յաղթանակած բանակ...

«Եթէ Մենք Իսկապէս Ոչինչ Ենք, Վերջացած,  Հեղինակազրկուած, Ում Է Հետաքրքիր`  Քոալիսիոնում Ենք, Թէ Ոչ»

«Եթէ Մենք Իսկապէս Ոչինչ Ենք, Վերջացած, Հեղինակազրկուած, Ում Է Հետաքրքիր` Քոալիսիոնում Ենք, Թէ Ոչ»

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ Իշխանութիւններուն հետ վարուող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բանակցութիւնները նախնական են, որոնց ընթացքին համագործակցելու մասին զրոյց մը ընթացք առած է: Tert.am-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` նշելով, թէ համագործակցութեան ձեւաչափը տակաւին քննարկուելիք հարց է, բայց անշուշտ, համախմբական (քոալիսիոն) կառավարութեան անհաւանական չէ: Հ. Մարգարեան վստահեցուց, որ համագործակցութեան կամ համախմբական (քոալիսիոն)...

Page 719 of 795 1 … 718 719 720 … 795

Արխիւներ