Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է ՀՅԴ «Հայրենիք» Կեդրոն

Մարտ 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ayts-1_32916

28 մարտին սկսած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի Միացեալ Նահանգներ տուած պաշտօնական այցելութիւնը: Մասաչուսեց նահանգին մէջ ան այցելած է հայաշատ Ուոթըրթաուն քաղաք, ուր հայերը անցեալ երկու դարերուն ընթացքին հիմնած են ազգային լուրջ կառոյցներ: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահի պաշտօնական կայքէն:

ayts-5_32916

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ հիւրընկալուած է Ամերիկայի հայկական գրադարան-թանգարանին մէջ, որ հիմնուած է 1971 թուականին: Թանգարանը հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող կարեւոր կառոյցներէն է, ունի դրամներու, յախճապակեայ իրերու, խեցեգործական իրերու, գորգերու, կրօնական պարագաներու, դրոշմաթուղթերու, հիւսուածեղէնի, մետաղեայ իրերու, քարտէսներու, տպագիր նիւթերու եւ միջնադարեան մանրանկարչութեան հարուստ հաւաքածոյ: Հայաստանի նախագահը շրջագայած է գրադարան-թանգարանին մէջ, ծանօթացած ցուցադրութեան դրուած նմուշներուն, մշակութային այս հաստատութեան գործունէութեան մասին զրուցած է պատասխանատուներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահը գրադարան-թանգարանի հաւաքածոն համալրած է Ժանսեմի մէկ ստեղծագործութեամբ, զոր նուիրած է հաստատութեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ այցելած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Պայքար» եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Հայրենիք» կեդրոններ, ծանօթացած յիշեալ կեդրոններուն մէջ հայկական աւանդական այդ երկու կուսակցութիւններուն ծաւալած գործունէութեան ու ներկայ պայմաններուն: Պոսթընի «Հայրենիք»-ը Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի հնագոյն հայկական կեդրոնն է, ուր հաստատուած են ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի գրասենեակը, Հայ օգնութեան միութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ «Հայրենիք» ձայնասփիւռի կայանի, «Արմինիըն Ուիքլի» եւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթերու խմբագրատուները: ՀՅԴ «Հայրենիք» կեդրոնին մէջ կը գտնուի նաեւ կուսակցութեան արխիւը, ուր կը պահուին 1918-1920 թուականներու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ յաջորդող տասնամեակներուն ՀՅԴ-ի գործունէութեան վերաբերող նիւթերը:

Շուրջ մէկ ժամ տեւող այցելութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան ունեցած է հանդիպումներ եւ զրոյցներ: Նախագահը դիմաւորուած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ, գլխաւորութեամբ` ներկայացուցիչ Հայկ Օշականի: Ներկայ եղած են նաեւ ուղեկից միութիւնները` ՀՕՄ-ը, Համազգայինը եւ ՀՄԸՄ-ը:

Այցելութեան առաջին հանգրուանն էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու սենեակը, ուր պատասխանատու դոկտ. Ասպետ Քոչիկեան մանրամասնօրէն փոխանցած է համապատասխան տեղեկութիւններ: Ապա, նախագահը ուղղուած է 117-ամեայ «Հայրենիք»-ի խմբագրատուն, ուր տեսակցած է անձնակազմին հետ:

Ապա տեղի ունեցած է հանդիպում Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Այս առիթով, Հայկ Օշական նախագահին յանձնած է  յուշանուէր, որ 1919-ի պատմական լուսանկար մըն է, ուր Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն պատուիրակութիւն մը այցելած էր Պոսթըն: Նաեւ այս հանդիպման ընթացքին, Հ. Օշական «Սարդարապատ» մետալով մեծարած է տարիներ շարունակ գաղութին մէջ ծառայած Զոհրապ Թազեանը:

Արծարծուած են զանազան հարցեր, որոնց կարգին` Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակն ու Արցախի հիմնահարցը:

Նախագահ Սարգսեան ողջունած եւ հաւասարապէս կարեւոր նկատած է աւանդական կուսակցութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնն ու յաջողութիւն մաղթած բոլորին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներ այցելութեան առաջին օրը այցելած է նաեւ Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եւ Ս.  Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիներ: Նշենք, որ 1991-ին, Ուոթըրթաունի հայկական համայնքին առաջարկով, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ փողոցը վերանուանուած է «Արցախ», իսկ 6 օգոստոս 2012-ին Մասաչուսեց նահանգի ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է բանաձեւ, որով կոչ կ՛ուղղուի Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին:

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի տուած այցելութեամբ 28 մարտին աւարտած է Հայաստանի նախագահին աշխատանքային այցելութեան առաջին օրը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան եկեղեցւոյ պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ կատարած գրառման մէջ ընդգծած է հայոց եկեղեցւոյ առանձնայատուկ դերակատարութիւնը հայապահպանութեան առումով` չափազանց կարեւոր նկատելով այդ պատմական առաքելութիւնը:

29 մարտին Հայաստանի նախագահը այցելած է Պոսթընի Հին հիւսիսային եկեղեցի, որուն հոգեւոր հովիւ Տ. Ստեֆան Այըրսի եւ հայ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ մատուցուած է սուրբ պատարագ: Այս եպիսկոպոսական եկեղեցին էր, որ 18-րդ դարուն առաջին անգամ ըլլալով արտօնութիւն տուաւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայութեան, որ հոն պատարագ մատուցեն: Հայաստանի նախագահին Հին հիւսիսային եկեղեցի այցելութեան նպատակն էր յարգանքի տուրք մատուցել Միացեալ Նահանգներու անկախութեան խորհրդանիշներէն մէկուն եւ գնահատել հայերուն նկատմամբ այս եկեղեցւոյ եւ, առհասարակ, անկլիքան եկեղեցւոյ բարեացակամ վերաբերմունքը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ այցելած է «Հայկական ժառանգութեան պուրակ», որ հիմնուած է ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւած այլ ցեղասպանութիւններու զոհերուն, ինչպէս նաեւ ի փառաբանումն Մասաչուսեցի եւ Պոսթընի մէջ ապաստանած ամերիկահայերու եւ այլ ներգաղթեալ համայնքներու մեծ ներդրումին: Պուրակի հիմնադրութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Փաթրիք Տեւալի, Պոսթընի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող Մասաչուսեցի կոմիտէի համանախագահ Ճէյմս Գալուստեանի, պուրակի կառուցումը կատարած «Հայոց ժառանգութիւն» հիմնադրամի գործադիր կոմիտէի անդամ, Միտլսեքս շրջանի շերիֆ Փիթըր Քութուջեանի, հիմնադրամի այլ անդամներու եւ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ Հայաստանի նախագահը շրջագայած է քաղաքային զբօսայգիին մէջ, ուր կը գտնուի «Հայկական ժառանգութեան պուրակ»-ը, այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` ծաղկեպսակ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Աւարտին նախագահ Սարգսեան նաեւ յարգանքի տուրք մատուցած է Ողջակիզումի յուշարձանին մօտ:

 

 

Նախորդը

Վերակառուցման Եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան Եւ Տնտեսութեան Նախարարութեան Միջեւ Գործակցութիւն

Յաջորդը

Իպրահիմովիչ. «Հաւանաբար Այս Ամառ Լքեմ Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ Ասպարէզս»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?