Բարեկենդանի Առիթով Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Խումբ Մը Փոքրիկներ
Կիրակի, 7 Փետրուար 2016-ին, Հայ եկեղեցին նշեց Բարեկենդանի տօնը: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս Կիրակնօրեայ վարժարաններ յաճախող խումբ մը փոքրիկներ ընդունեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը քաջալերեց զանոնք, որ կանոնաւոր կերպով յաճախեն Կիրակնօրեայ վարժարան: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն իրենց զաւակները առաջնորդելու հայ դպրոց եւ Կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի անոնք հոգեւոր ու կրթական այս երկու կարեւոր կեդրոններուն...




















