Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան 29 մարտին ընդունած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Մարք Տէյվիսը:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է դրամատան` Հայաստանի զարգացման իմաստով ծաւալած հսկայական գործունէութեան համար: Նշելով, որ այս հանդիպումը առիթ է նաեւ խօսելու ցաւոտ հարցերու մասին, նախարարը մանրամասնօրէն անդրադարձած է շարք մը խնդիրներու, որոնք երկուստեք հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն: Նախ կարեւոր նկատուած է համագործակցութիւնը` կառոյցի եւ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու փոխհամաձայնեցուած, համակարգուած գործունէութեան առումով, ինչ որ աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ տուեալ ծրագիրին իրականացումը: Քննարկման նիւթ եղած են նաեւ դրամագլուխներու շուկաներու զարգացումն ու տեղական դրամանիշով ֆինանսաւորման խթանման հարցերը:
«Պետական կարգաւորման մարզին մէջ առեւտուրի եւ շուկաներու օրէնսդրական լիազօրութիւն ունենալով, մեր նախարարութեան կարեւոր խնդիրներէն մէկը այսօր դրամագլուխի շուկայի թերզարգացած վիճակի փոփոխութիւնն է: Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ դրամագլուխի արդիւնաւէտ շուկայ չէ ձեւաւորուած, մինչդեռ ատիկա շուկայական տնտեսութեան առաջին հիմնական գրաւականն է: Այս ուղղութեամբ նախարարութիւնը նաեւ մեծածաւալ գործունէութիւն կը նախատեսէ իրականացնել` ապրանքային եւ ածանցեալներու շուկաներու նոր օրէնսդրութիւն մշակելու եւ կեանքի կոչելու առումով», նշած է Արծուիկ Մինասեան:
Կիսելով մտահոգութիւնները ներկայացուած հարցերուն գծով` Մարք Տէյվիս հաստատած է դրամատան պատրաստակամութիւնը` համագործակցութիւնը խորացնելու: Ներկայացնելով կառոյցի գործառոյթները` Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավարը կարեւոր նկատած է մասնաւոր հատուածին հետ տարուող աշխատանքները, վստահաբար, իբրեւ ուղենիշ ունենալով կառավարութեան նշած առաջնահերթութիւնները:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու զարգացման, Հայաստանի ներդրումային միջավայրի բարեփոխումներուն վերաբերող քայլերուն մասին: Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ կը վերամշակուի «Օտարերկրեայ ներդրումներու մասին» Հայաստանի օրէնքը: Նոր նախագիծով օտար ներդրողներուն համար առաւել բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծուին: Անդրադարձ կատարուած է այս տարուան հոկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած «Հայաստան. ներդրումային համաժողով»-ին, որուն յաջող գումարման համար Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը աշխատանք ունի տանելիք: Այս առնչութեամբ կարեւոր նկատուած են այն բոլոր ծրագիրները, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի մրցակցային առաւելութիւնները` այդպիսով խթանելով նաեւ օտար ներդրումները Հայաստանի մէջ:
Հանդիպումին աւարտին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են առաջին հանդիպումին արդիւնաւէտ քննարկումներուն գծով, անգամ մը եւս հաստատելով փոխադարձ գործակցութեան խորացման ու համագործակցութեան զարգացման յանձնառութիւնը: