Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Զատկուան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր Մըն Է Քալելու Իր Յարութեամբ Կնքուած Վերանորոգ Կեանքի Ճամբէն» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մարտ 29, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ants1_32716

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի զանգերու ղօղանջները աւետեցին Ս. Յարութեան տօնին հայրապետական Ս. եւ անմահ պատարագի թափօրին սկիզբը` կիրակի, 27 մարտ 2016-ի առաւօտուն ժամը 10:00-ին: Դպրեվանքի ուսանողներէն եւ միաբան հայրերէն կազմուած թափօրը Մայր տաճար առաջնորդեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ օրհնելով ներկայ ժողովուրդը մուտք գործեց Ս. տաճար:

Պատարագի արարողութեան ներկայ էին դեսպաններ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ: Ս. պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի:

ants_32716Քարոզի պահուն վեհափառ հայրապետը տուաւ Ս. Յարութեան տօնին իր պատգամը, որուն առանցքը կազմեց Քրիստոսի այն հաստատումը, թէ Քրիստոս ի՛նքն է կեանքը աշխարհին: Մեկնելով Քրիստոսի այս վկայութենէն` Արամ Ա. կաթողիկոս ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ, որ «կեանքը իր մարդկային թէ ֆիզիքական արտայայտութիւններով ինքնագոյ իրականութիւն մը չէ, այլ ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուած յստակ նպատակի մը համար ստեղծեց կեանքը տիեզերքին մէջ: Այդ նպատակը Իր թագաւորութեան հաստատումն էր, եւ մարդը կոչուած էր իբրեւ Աստուծոյ գործակից շարունակելու Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման աշխատանքը: Ա՛յս էր մարդուն աստուածատուր պարտաւորութիւնը: Ահա թէ ինչու մարդու ստեղծումը թէ՛ իր արտաքին ձեւին եւ թէ՛ իր նպատակին մէջ բոլորովին տարբեր էր այլ արարածներէ: Մարդը բանականութեամբ եւ ինքնիշխանութեամբ օժտուած էր»:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Սակայն, առաջին մարդը` Ադամ, իրեն տրուած երկնային պարգեւը, բանականութիւնը եւ ազատութիւնը գործածեց իր անձնական փառքին ու հաճոյքին համար եւ այս ձեւով ան երկնային շնորհներով օժտուած իր կեանքը կորսնցուց, հեռացաւ Աստուծմէ եւ դարձաւ այլ արարածներու կարգին սովորական գոյութիւն: Այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել Քրիստոսի վկայութիւնը, թէ` ես եկայ, որպէսզի ճշմարիտ կեանքը ունենաք, թէ` ես եմ ճշմարիտ կեանքը: Քրիստոս ճշմարիտ կեանքը վերահաստատելու համար Իր արիւնը թափեց. ինչպէս հայ եկեղեցւոյ շարականը կ’ըսէ` Իր մահով մարդկային կեանքին վրայ տիրապետութիւն հաստատած մահուան յաղթեց եւ երկնային յաւիտենական կեանքը պարգեւեց մարդուն»:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է` տրուած մարդուն. ոեւէ անձ իրաւունք չունի ուրիշին կեանքը խլելու, նոյնիսկ քրիստոնէական հասկացողութեամբ` ոեւէ անձ իրաւունք չունի իր կեանքը իր անձէն խլելու. որովհետեւ կեանքը կը պատկանի Աստուծոյ: Հետեւաբար, կեանքին, մարդկային թէ տիեզերական, նկատմամբ մարդը կոչուած է յատուկ հոգածութիւն, վերաբերում ու յարգանք ցոյց տալու: Ուր կեանք կայ, հոն Աստուծոյ ներկայութիւնը կայ: Կեանքին նկատմամբ որեւէ հարուած մեղանչում է Աստուծոյ դէմ: Ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ ականատես եւ ականջալուր կ’ըլլանք այնպիսի արարքներու, որոնք փաստօրէն մեղանչում են Աստուծոյ դէմ: Ահաբեկչութիւն է մարդուն կեանքը խլելը. եւ այլապէս ահաբեկչութիւն է բնութեան մէջ գոյութիւն ունեցող կեանքին նկատմամբ որեւէ հարուած: Չարով, չարիքով ու մեղքով լեցուն այս երեւոյթները համամարդկային լուրջ մտահոգութիւններ են, որոնց նկատմամբ բոլոր կրօնները պէտք չէ անտարբեր մնան: Քրիստոս աշխարհի կեանքը վերանորոգեց եւ ինքը դարձաւ ճշմարիտ կեանքի տանող ճամբան: Քրիստոսի յարութիւնը հրաւէր մըն է քալելու Իր յարութեամբ կնքուած վերանորոգ կեանքի ճամբէն»:

Անդրադառնալով Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ «քրիստոնեայ համայնքները առաւել կազմակերպուածութեամբ պէտք է կառչած մնան իրենց իրաւունքներուն, եւ հետեւաբար շրջանէն արտագաղթը կրնայ մեծապէս վնասել քրիստոնէութեան վկայութեան»: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ շեշտեց Լիբանանի մէջ շուտափոյթ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը. «Ժողովուրդին կողմէ ընտրուած երեսփոխանները ժողովուրդին ու պատմութեան դիմաց պարտաւորութիւնը ունին նախագահական ընտրութիւն կատարելու: Անոնք հաշուետու են ժողովուրդին: Մեր սպասումն է, որ այս գիտակցութեամբ երեսփոխաններ կատարեն նախագահի ընտրութիւնը»:

ants7_32716ants3_32716Եկեղեցական արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանի շրջափակը լեցնող հոծ բազմութիւնը օրհնեց եւ տուաւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին յարութեան աւետիսը` «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի» եւ հայրապետական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց: Ապա, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ ընդունեց: Նշենք, որ այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս շնորհաւորագիրներ եւ հեռաձայնային շնորհաւորութիւններ ստացաւ Լիբանանի պետական պատասխանատուներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս գտնուող հոգեւոր պետերէ:

ants4_32716

 

 

Նախորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեր Ժողովուրդը Ազգային Հաւատարմութեամբ Յարութեան Հաւատքը Արտայայտած Է Իր Պատմութեան Ամբողջ Տեւողութեան» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Յաջորդը

Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Մշտահունչ Հրաւէր Է, Որ Աշխարհը Վեր Բարձրանայ Մեղքէն Դէպի Շնորհ» Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?