Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Հարցին Նկատմամբ Մտահոգութիւն Յայտնած Է Թրքական Իշխանութիւններուն

April 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sourp-Giragos_33116

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` Թուրքիոյ մէջ շարք մը հայկական եկեղեցիներու, ներառեալ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ «անյապաղ պետականացման» անհրաժեշտութեան նկատմամբ:

Յանձնախումբէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Օպամայի աշխատակազմէն պաշտօնատար մը, որ իր անուան բացայայտումը չէ ուզած, յայտնած է, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը եւ Ատանայի ու Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւնները ուշադիր կը հետեւին թրքական կառավարութեան այդ որոշումին գործադրութեան եւ մտահոգութիւններ յայտնած են թէ՛ պետական, թէ՛ ալ տեղական պաշտօնատարներուն:

Թրքական կառավարութիւնը իր հերթին ամերիկացի պաշտօնատարներուն յայտնած է, որ այդ որոշումը դիւանակալական միջոց է վերջին շրջանին վնասուած շարք մը շէնքերու վերանորոգումը աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար: Նոյն պաշտօնատարը նաեւ նշած է, որ այս որոշումին դէմ արդէն իսկ հայցեր ներկայացուած են Թուրքիոյ տեղական դատարաններուն:

Տիգրանակերտի Սուր գաւառին մէջ թրքական բանակին կողմէ զինուորական գործողութիւններուն զուգահեռ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդը Սուրի տարբեր թաղամասերուն մէջ բազմաթիւ շէնքերու եւ տարածքներու անյապաղ պետականացման մասին որոշում որդեգրած է: Այդ կառոյցներու շարքին են նաեւ Միջին Արեւելքի հայկական մեծագոյն եկեղեցին` Ս. Կիրակոսը, Տիգրանակերտի ասորական, քաղդէական եւ բողոքական եկեղեցիները:

 

Նախորդը

54 Քոնկրեսականներ Կոչ Կ՛ուղղեն Օպամային Ճնշում Բանեցնելու Ալիեւի Վրայ

Յաջորդը

«Մենք Կ՛ուզենք Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերջնական Լուծումը Տեսնել» Կ՛ըսէ Քերրի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.