Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Լոքեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Մարտ 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tesban_32916

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սեյետ Քազեմ Սաճատին:

Ողջունելով դեսպանը` նախարարը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեամբ ձեւաւորուած կապերը ամուր հիմք կը հանդիսանան Հայաստանի մարզերուն եւ Իրանի նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման: «Մեր մարզերու աշխուժ համագործակցութիւնը Իրանի նահանգներուն հետ պէտք է կարենանք նոր մակարդակի բարձրացնել», ըսած է նախարարը: Նշելով, որ շրջանին մէջ օրէ օր աւելի տիրական կը դառնայ Իրանի դերակատարութիւնը, Դաւիթ Լոքեան անհրաժեշտ նկատած է Իրանի հետ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացումը:

Դեսպան Սաճատի դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան վեց ամիսներուն ընթացքին անդրադարձած է այն բոլոր հարցերուն, որոնք նախարարութեան եւ դեսպանատան ուշադրութեան առարկայ են:

Նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ դեսպան Սեյետ Քազեմ Սաճատի համակարծիք եղած են այն մասին, որ Հայաստանի եւ Իրանի տարածքներուն միջեւ կան տակաւին չօգտագործուած ներուժ, համագործակցութեան բաւական լայն կարելիութիւններ ու հեռանկարներ, ուստի կը նախատեսուի նախարարութեան մէջ ստեղծել Իրանի հարցերով աշխատանքային խումբ, որ հետամուտ պիտի ըլլայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու առաւել խորացման վերաբերող հարցերու հետապնդման: Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ տնտեսական կապերու առաւել ամրապնդման տեսանկիւնէն զրուցակիցները կարեւոր նկատած են մարզպետներու մակարդակով յաճախակի փոխադարձ այցելութիւնները, ինչ որ, կողմերուն համաձայն, նոր աշխուժութիւն պիտի հաղորդէ միջմարզային յարաբերութիւններուն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Իրան-Հայաստան միջսահմանային տնտեսական տարածք ստեղծելու վերաբերող հարցեր:

 

 

Նախորդը

«Մինսքի Խմբակը Ուաշինկթընի Մէջ Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպում Չի Ծրագրեր» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Յաջորդը

Վերակառուցման Եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան Եւ Տնտեսութեան Նախարարութեան Միջեւ Գործակցութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?