Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Կը Հաստատէ, Որ Հայաստան Պիտի Շարունակէ Հոգ Տանիլ Հայաստան Գտնուող Սուրիահայերուն

March 31, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbandian_33016

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 30 մարտին Ժընեւի մէջ մասնակցած է Սուրիայէն գաղթականներու հարցերուն նուիրուած բարձր մակարդակի հանդիպումին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փոխանցէ, որ հանդիպումին ներկայ էին շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու նախարարներ, բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եւ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

«Տարիներ շարունակ Սուրիոյ մէջ շարունակուող քայքայիչ պատերազմին իբրեւ հետեւանք հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ ապաստան կը փնտռեն ամբողջ շրջանին մէջ եւ անոր   սահմաններէն դուրս: Հայաստանը առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ խստօրէն դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի, Նուսրայի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն, անոնց շարքին` հայերուն եւ անոնց մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան դէմ բարբարոսութիւնները: Վերոյիշեալ փոքրամասնութիւնները դարեր շարունակ այդ շրջանի բազմամշակութային, բազմազգ խճանկարին մաս կազմած են: Նախորդ տարի այստեղ` Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ, Հայաստանը այդ գործողութիւնները բնորոշեց իբրեւ «քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւններ», իր խօսքին մէջ ըսած է նախարար Նալբանդեան:

Խօսելով Սուրիայէն Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն մասին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է. «Այսօր Սուրիայէն շուրջ 20 հազար գաղթականներ ապաստանած են Հայաստան` մեր երկիրը դարձնելով բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ սուրիացի գաղթականներ ընդունած երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ: Ասիկա զգալի թիւ է ընդամէնը 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրի մը համար, որ մօտիկ անցեալին արդէն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ ընդունած է Ազրպէյճանէն: Մենք լաւ գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ գաղթական ըլլալ եւ ապաստան տալ մեծ թիւով տեղահանուածներու, եւ, անշուշտ, այս քննարկումին կը մասնակցինք համերաշխութեան եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով», շարունակած է նախարարը:

Այնուհետեւ Նալբանդեան հաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր առաւելագոյնը ընել` հոգ տանելու Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիացիներուն. «Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանին օժանդակութեան տրամադրումը` Սուրիայէն հասած գաղթականներուն  առաջնահերթ մարդասիրական կարիքները հոգալու եւ մեր երկրին մէջ անոնց համարկման  աջակցելու նպատակով: Ատիկա կատարելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը  իրականացուցած է համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններ»:

 

 

 

Նախորդը

«Հայաստան. Ներդրումային Համաժողով» Նախաձեռնութեան Վերաբերող Քննարկում

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Անդրադարձած Է «Լոյս» Հիմնադրամի Շրջանաւարտներուն Ներկայացուցած Կարեւորութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.