Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Մշտահունչ Հրաւէր Է, Որ Աշխարհը Վեր Բարձրանայ Մեղքէն Դէպի Շնորհ» Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

March 29, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

etch-1_32716

27 մարտին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշեց Ս. Յարութեան տօնը: Տօնին առիթով աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, հայ հաւատացեալներուն փոխանցուեցաւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսը:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. Յարութեան տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Պատարագի սրբազան արարողութիւնը սկսաւ հայրապետական խաչվառազարդ շքեղ թափօրով: Հայրապետական ամպհովանիին ներքեւ կը քալէին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը: Ամպհովանին կը կրէին Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատուրեանը, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, երաժշտահան Ստեփան Ռոստոմեանը, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիքոլայ Կոստանդեանը եւ Հայկ Բուզանդեանը (Սուրիա):

Հայրապետական պատարագին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը,  կառավարութեան անդամներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր աթոռի բարերարներ, Հայաստանի մէջ  հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, կրթութեան եւ մշակոյթի գործիչներ եւ բազմաթիւ  ուխտաւորներ:

Ս. պատարագին ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին` իբրեւ առընթերականեր, կը սպասաւորէին Մայր աթոռի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեան եւ Մայր աթոռի վարչատնտեսական բաժանմունքի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեան:

Արարողութեան ընթացքին Ս. Յարութեան տօնին առիթով  հայրապետական իր պատգամին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ըսաւ.

«Տագնապներով ու ցնցումներով լի աշխարհը, նաեւ մեր իրականութիւնը, որ նոյնպէս բազմահոգ է դժուարութիւններով ու խնդիրներով, կրնայ վերափոխուիլ քրիստոսաշնորհ հոգեւոր լիութեան կեանքով` յաղթահարելով մարդկային ցաւերն  ու ողբերգութիւնները եւ ամէնուր հաստատելով հիմքերը ապահովութեան ու բարօրութեան: Քրիստոսի յարութիւնը մշտահունչ հրաւէր է, որ աշխարհը վեր բարձրանայ մեղքէն դէպի շնորհ, եւ ամենայն մահասփիւռ, աւերիչ իրողութիւն կլանուի Աստուծով ապրող եւ առաջնորդուող կեանքէն: Վեր բարձրանալու, յարութիւն առնելու, դժուարութիւններու առջեւ չընկրկելու, նոր կեանք կերտելու վկայութիւնը մեր ժողովուրդը բերաւ վերահաստատելով մեր անկախ պետականութիւնը, որուն 25-ամեայ տարեդարձն է այս տարի: Մեր հայրենիքի զօրացման, համազգային մեր կեանքի շինութեան ու պայծառութեան ուղղուած մեր ջանքերուն մէջ եւ այսօր ծառացած մարտահրաւէրներուն առջեւ, Քրիստոսի յարութեան հաւատքն ու լոյսը ունինք մեզի  առաջնորդող, արդ, մեր կեանքը լեցնենք մեր Տիրոջ սիրով, իրարու զօրակցութեամբ, աւետիսներով բարի գործերու»:

 

 

Նախորդը

Ս. Զատկուան Տօնը` Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը Հրաւէր Մըն Է Քալելու Իր Յարութեամբ Կնքուած Վերանորոգ Կեանքի Ճամբէն» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.