
29 մարտին Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը` միաժամանակ յորդորելով, որ միջազգային հանրութիւնը եւս ճանչնայ զայն` իբրեւ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ժողովրդավարական պետութիւն: Այս նիւթին մասին իր տեսակէտը արտայայտած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան:
Ան նախ շնորհակալութեան խօսք յղած է նահանգի Ներկայացուցիչներու տան եւ ժողովուրդին` նման կարեւոր ու ճիշդ որոշում տալուն համար, ապա նշած է. «Այս իրադարձութիւնը ե՛ւ ՀՅ դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ Արցախի իշխանութիւններու ու Արցախի ազգաբնակչութեան` 1991-էն մինչեւ այսօր տարուող հետեւողական աշխատանքներուն արդիւնք է: Հաուայ նահանգի Ներկայացուցիչներու տան ընդունած բանաձեւին մէջ նշուած է, թէ անոնք ինչո՛ւ ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը: Մատնանշուած է, որ մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը տարուէ տարի կ՛ամրապնդուի, որ կարեւոր պայման է: Շեշտադրուած է նաեւ պատմական հենքը, որ հազարամեակներ շարունակ հայութիւնը այստեղ ապրած է, կերտած իր պետականութիւնը, ազգային մշակոյթը եւ այլն: Ես համոզուած եմ, որ աշխարհի ժողովրդավարական ուժերը, անոնց կարգին` Միացեալ Նահանգները, այս տարիներուն մեզի կարելիութիւնը տուած են` դրսեւորուելու եւ, ըստ երեւոյթին, այս որոշումը նաեւ անոր արձագանգն է»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատահականութի՞ւն է արդեօք, թէ կողմերէն մէկուն ուղղուած պատգամ, որ Ալիեւի Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն օր մը առաջ միաձայնութեամբ տրուած է նման որոշում` Վ. Բալայեան ըսած է. «Հայ դատի գրասենեակները նպատակային եւ ծրագրուած աշխատանք կը կատարեն: Համոզուած եմ, որ ասիկա վերջինը պիտի չըլլայ, այլ շարունակական բնոյթ պիտի կրէ, մենք ականատես պիտի ըլլանք նաեւ Միացեալ Նահանգներու` պետական մակարդակով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնիշխանութեան ճանաչումին: Ինչ կը վերաբերի երկու երկիրներու նախագահներուն` Միացեալ Նահանգներ այցելութեան, ապա, ինչո՞ւ չէ, ասիկա ալ իր նշանակութիւնը ունի, այսինքն` ժողովրդավարութեան ճամբով ընթացող երկիրը` Միացեալ Նահանգները, կ՛ուզեն ըսել, որ իրենք պատրաստ են սատարելու երկրի մը, որ կը ձգտի համարկուիլ աշխարհին, առաջնորդուիլ ժողովրդավարական սկզբունքներով: Այնպէս որ, այս տեսանկիւնէն` ատիկա պատահական չէ»:
Վ. Բալայեան շարունակած է. «Միւս կողմէ, եթէ նկատած էք, Միացեալ Նահանգներու` թէ՛ Քոնկրեսի, թէ՛ առանձին նահանգներու մակարդակներով Ազրպէյճանի նկատմամբ ճնշումը օրըստօրէ աւելի կը մեծնայ: Իբրեւ օրինակ` նշենք վերջին ժամանակաշրջանին Նիւ Ճըրզիի ներկայացուցիչ Պրիսթոֆ Սմիթի կողմէ առաջարկուած օրինագիծը, ուր յստակ գրուած է, որ պէտք է համապատասխան վերաբերմունք ցոյց տալ Ազրպէյճանի պաշտօնական այն շրջանակներուն նկատմամբ, որոնք քաղաքական հետապնդումներու կ՛ենթարկեն Ազրպէյճանի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւնները, քաղաքականութեամբ զբաղուող այն մարդիկը, որոնք կը փորձեն Ազրպէյճանը դարձնել ժողովրդավարական երկիր: Այս օրինագծին միացան նաեւ այլ պատգամաւորներ: Այս եւ նման շատ օրինակներ կարելի է բերել, որոնք կը վկայեն ոչ միայն ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն քրտնաջան աշխատանքներուն մասին, այլ նաեւ ցոյց կու տան, որ աշխարհի տարբեր քաղաքական գործիչներ սկսած են հասկնալ, որ պէտք է սատարել ժողովրդավարութեան ճամբով ընթացող երկիրներուն»:
Վահրամ Բալայեան կարեւոր նկատած է նաեւ այն, որ բանաձեւը ընդունուած է միաձայնութեամբ, որովհետեւ անիկա կը փաստէ, որ Հաուայի թէ՛ հանրապետական, թէ՛ դեմոկրատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները համախորհուրդ եւ միակամ են Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով:
Վ. Բալայեան նաեւ շեշտած է. «Եթէ մեր դրացի երկրի կարգ մը քաղաքական գործիչներ կը մտածեն, թէ Արցախը օր մը Ազրպէյճանի կազմին մէջ պիտի ըլլայ, ապա պէտք է ըսել, որ անոնք հեռու են տրամաբանութենէ: Այս երկրամասը երբեք Ազրպէյճանի մաս չէ եղած, եւ պիտի չըլլայ: Այս ժողովուրդը դարերու ընթացքին պետականութիւն ունեցած է եւ պիտի ունենայ»:
Զինադադարի խախտումներու աշխուժացման եւ սահմանին վրայ տիրող ներկայ իրավիճակին ակնարկելով` Վ. Բալայեան կացութիւնը բնորոշած է իբրեւ «սողացող պատերազմ»` նշելով. «Ազրպէյճանը կը փորձէ պատերազմ վարելու նոր ձեւերով մեզի ներքաշել տագնապը ուժի միջոցով լուծելու գործընթացին, բայց ես համոզուած եմ, որ ո՛չ, արդիւնքի պիտի չհասնի, որովհետեւ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին բազմաթիւ ձեւերով` շրջափակման, զինուորական եւ դիւանագիտական ճնշումներու միջոցներով փորձ կատարած է հասնելու իր երազած յաջողութեան, սակայն չէ կրցած»:
Արցախի անկախութեան ճանաչման խնդիրը, ընդգծած է Բալայեան, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներու ամէնօրեայ աշխատանքներուն մաս կը կազմէ: Անիկա նաեւ համայն հայութեան պահանջատիրութեան մաս պէտք է կազմէ, որովհետեւ Արցախի խնդիրը հայութեան խնդիրն է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ արդիւնքի կարելի է հասնիլ ճանաչումներու այս շարունակական գործընթացներով, քաղաքական գործիչը ըսած է. «Այս ամէնը առանց հետեւանքի չի կրնար մնալ: Ասիկա նաեւ հայութիւնը կը մղէ աւելի աշխուժ ու նպատակային գործունէութեան: Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր նահանգ, ըստ էութեան, կը ներկայանայ իբրեւ առանձին պետական միաւոր` իր քաղաքական համակարգով, մշակոյթի ձեռքբերումներով, իր տնտեսութեամբ: Բնականաբար, ատիկա տակաւին իր արդիւնքները պիտի ունենայ® Չմոռնանք, որ 1998-2015 ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներ 44,5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրած է մեզի®»:
Վ. Բալայեանի համոզումով` նահանգային մակարդակով ճանաչումէն, անշուշտ, անցում պիտի ըլլայ նաեւ պետական մակարդակով ճանաչման:


