Գլխաւոր լուրեր

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի  Աշխատանքներու Գծով Խորհրդակցական Հանդիպում

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներու Գծով Խորհրդակցական Հանդիպում

  Հինգշաբթի, 28 յունուար 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները կազմակերպել: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ու Բերիոյ թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները: Վեհափառ հայրապետը նախ ջերմօրէն գնահատեց Սուրիոյ հայութեան ամուր կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ.  Գէորգ Ուլաշեանի Նկարչական Ցուցահանդէսը  «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ. Գէորգ Ուլաշեանի Նկարչական Ցուցահանդէսը «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Պատկերասրահին Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 28 յունուար 2016, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Ուլաշեանի գեղանկարչական ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան: Վարդան Յովսէփեան Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան Յովսէփեան, որ բարի գալուստ մաղթելով բոլոր արուեստասէրներուն յայտնեց, թէ Համազգայինի հիմնական նպատակներէն եւ առաջնահերթութիւններէն է քաջալերել ընտիր արուեստը եւ հայ արուեստին ու մշակոյթին սէրը տարածել: Ան ըսաւ, թէ ձեռնարկը...

Ակնարկ.  Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի.  Հերթը Հայկական Կողմին Է

Ակնարկ. Եւրոպական Խաղը Կը Շարունակուի. Հերթը Հայկական Կողմին Է

ԵԽԽՎ-ի քուէարկութիւններէն բազմաթիւ հետեւութիւններ կարելի է ընել: Շատ արագ նշելու համար, թէ հակահայ զեկուցումներու հեղինակները առանց Արցախ այցելելու, տեղւոյն վրայ տիրող իրավիճակին ծանօթանալու քաղաքական, զինուորական եւ նոյնիսկ ջրամբարի օգտագործման վերաբերեալ գնահատականներ կ՛ամրագրէին. թէ զեկուցումները բացառապէս կողմնակալ էին եւ կը խախտէին անաչառութիւնը: Տակաւի՛ն` Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները մշտապէս արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը` Ազրպէյճանի հետ համատեղ Սարսանգի ջուրերն օգտագործելու կապակցութեամբ: Թէ 22 յունուարին...

Բանակի Օրուան Առիթով Նախագահի  Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Պարգեւատրման Արարողութիւն

Բանակի Օրուան Առիթով Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պարգեւատրման Արարողութիւն

Բանակի օրուան առիթով Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ատեն ցուցաբերած նուիրումի եւ խիզախութեան, մատուցած կարեւոր ծառայութիւններուն համար խումբ մը զինուորներ պարգեւատրուած են պետական պարգեւներով, արժանացած զինուորական բարձր կոչումներու: Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձած է այն իրականութեան, որ արդէն քառորդ դար է, որ Հայաստանը...

Անդրադարձներ` ԵԽԽՎ-ի Որոշումներուն.  Մանոյեան. «ԵԽԽՎ-ի Ընդհանուր Մօտեցումը  Այն Էր, Որ Հաւասարակշռութիւն Ապահովեն,  Բայց Անհեթեթ Երեւոյթ Դուրս Եկաւ»

Անդրադարձներ` ԵԽԽՎ-ի Որոշումներուն. Մանոյեան. «ԵԽԽՎ-ի Ընդհանուր Մօտեցումը Այն Էր, Որ Հաւասարակշռութիւն Ապահովեն, Բայց Անհեթեթ Երեւոյթ Դուրս Եկաւ»

Երէկ «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ  ԵԽԽՎ-ի հակահայ զեկուցումներու քուէարկութեան եւ անոնց ազդեցութեան: Կիրօ Մանոյեանի խօսքով` երկու օր առաջ կային նախանշաններ, որ հաւանական է նոյնիսկ, որ այդ զեկուցումները չքննարկուին եւ  վերադարձուին քաղաքական յանձնաժողով, սակայն ԵԽԽՎ-ն նիստի ընթացքին այդպէս չորոշեց ու նպատակայարմար...

Երկխօսութեան Մասնակիցները Շեշտեցին  Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու  Կարեւորութիւնը, Իսկ Նախարարաց Խորհուրդը  Այսօր Լրիւ Կազմով Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

Երկխօսութեան Մասնակիցները Շեշտեցին Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը, Իսկ Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Լրիւ Կազմով Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

Այն Թինէ երէկ հիւրընկալեց Ազգային երկխօսութեան 14-րդ նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, մասնակցութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու շարք մը ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Երէկուան նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որ վերջին նիստերէն բացակայած էր: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ազգային...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 112.  «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հսկայական  Դասեր Ունի Տալիք Ամբողջ Մարդկութեան»  «Ազդակ»-ին Ըսաւ Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան

Մամլոյ Լսարան Թիւ 112. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հսկայական Դասեր Ունի Տալիք Ամբողջ Մարդկութեան» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Դոկտ. Վիգէն Չթըրեան

«Ազդակ»-ի խմբագրատան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 27 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւնը» խորագիրով մամլոյ թիւ 112-րդ լսարանը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումները անգամ մը...

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական  Վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) Մէջ Մերժուեցաւ  Լեռնային Ղարաբաղի Մասին Ռոպերթ Ուոլթըրի  Կողմնակալ Եւ Սադրիչ Զեկուցումը.  Մարքովիչի Զեկուցումը Ընդունուեցաւ

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) Մէջ Մերժուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Մասին Ռոպերթ Ուոլթըրի Կողմնակալ Եւ Սադրիչ Զեկուցումը. Մարքովիչի Զեկուցումը Ընդունուեցաւ

Երեքշաբթի, 26 յունուար 2016-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ տեղի ունեցան  երկու զեկուցումներու քննարկումներ: Անոնցմէ մէկը` Ռոպըրթ Ուոլթըրի հեղինակած «Բռնարարքներու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» զեկուցումին հիման վրայ քուէարկութեան դրուած բանաձեւի նախագիծը մերժուեցաւ: Միւս փաստաթուղթը` Միլիցա Մարքովիչի ներկայացուցած «Ազրպէյճանի սահմանային բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէ» բանաձեւի նախագիծը Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ` որդեգրուեցաւ, թէեւ...

Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման  «Լաւրովեան Առաջարկ»-ը Բացատրած Է

Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման «Լաւրովեան Առաջարկ»-ը Բացատրած Է

Սերկէյ Լաւրով «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին ժամանակ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչութեամբ որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի, եղած են համանախագահներու նախաձեռնութեամբ քանի մը առաջարկներ, որոնք, սակայն, չեն առաջնորդած տագնապին լուծման եւ ներկայ դրութեամբ կը գտնուին ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին մօտ: Լրագրողի մը խնդրանքով մեկնաբանելով լրատուամիջոցներու մէջ...

Հաղորդագրութիւն.  Ճափոն 54.802 Ամերիկեան Տոլարի Յատկացում  Կը Կատարէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնին

Հաղորդագրութիւն. Ճափոն 54.802 Ամերիկեան Տոլարի Յատկացում Կը Կատարէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին

Երեքշաբթի, 26 յունուար 2016-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որով դեսպանատունը 54.802 ամերիկեան տոլարի յատկացում մը պիտի տրամադրէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ ճափոնական դեսպանատան մէջ` ներկայութեամբ դեսպան Սիչի Ուցուքայի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Մէյրի Չոլոյեանի եւ Նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու եւ գործակից...

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Շահան Արք. Սարգիսեան  Իտալիոյ Մէջ Դասախօսութիւններ  Կու Տայ Սուրիահայութեան Մասին

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Շահան Արք. Սարգիսեան Իտալիոյ Մէջ Դասախօսութիւններ Կու Տայ Սուրիահայութեան Մասին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնoրինումով, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Իտալիա մեկնեցաւ` ընդառաջելով Սենթ Էճիտիo համայնքի հրաւԷրին, 20-24 յունուար 2016-ին: Սրբազան հայրը նախ եղաւ Նափոլիի մԷջ, ուր նոյն համայնքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասախoսութեան ներկայացուց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան իրավիճակը եւ սուրիահայութեան ու մասնաւորաբար Հալէպի տագնապալի կացութիւնը` ընդգծելով յատկապէս շրջանին մէջ քրիստոնէական հաւատքի մեր վկայութիւնը: Այս առիթով սրբազանը յատուկ այցելութիւն մը...

Բագրատունի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Սուրիահայ Գաղթականներու Պարագան

Բագրատունի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Սուրիահայ Գաղթականներու Պարագան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի այցելեց Շաղզոյեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան գրասենեակի պատասխանատու Աւետիս Կիտանեանի հետ: Լազարինի ստանձնած է մարդասիրական օժանդակութիւններու թղթածրարը: Անոր կ՛ընկերանային ՄԱԿ-ի Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուներ: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ գաղթականներու օրակարգը եւ տարբեր մակարդակներու վրայ օժանդակութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Շեշտը...

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բողոքի Ցոյց

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բողոքի Ցոյց

25 յունուարին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց` ընդդէմ ԵԽԽՎ-ի մէջ քննարկուելիք «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» եւ «Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակչութիւնը միտումնաւոր զրկուած է ջուրէն» հակահայ զեկուցումներուն: Հայրենասիրական կարգախօսներով պաստառներ պարզած ցուցարարները պահանջագիր փոխանցեցին դեսպանատան աշխատակազմի ներկայացուցիչին` Բրիտանիոյ  իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով` հրաժարելու...

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Ներկայացուցիչներու Համահայկական Խորհրդաժողով

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Ներկայացուցիչներու Համահայկական Խորհրդաժողով

21-էն 23 յունուար 2016-ին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի հրաւէրով տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողով, Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ: Աշխարհի մօտ 20 երկիրներու մէջ գործող (Հայաստան, Արցախ, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Աւստրիա, Շուէտ, Իրան, Լիբանան, Սուրիա®) ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու 30 ներկայացուցիչներ քննարկեցին միութիւններու կազմակերպական վիճակին, սփիւռքեան համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան խնդիրներուն,...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի եղբայրները Շաբաթ, 23 յունուար 2016-ին այցելեցին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` քառամեակի սկիզբը փոխադարձ ծանօթացման նպատակով: Այցելութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան աշխարհասփիւռ կազմը եւ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրներու մանրամասնութիւններուն: Շեշտը դրուեցաւ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր միութեան տարած բեղուն աշխատանքներուն վրայ: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր եւ Ազգային իշխանութեան բոլոր մարմիններուն կողմէ պատրաստակամութիւն...

Ս. Սարգիս Զօրավարի Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկին Ընթացքին.  Նախագահ Սարգսեան. «Հայրենիքի Անվտանգութիւնը Երբեք Առուծախի Առարկայ Չենք Դարձներ»

Ս. Սարգիս Զօրավարի Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկին Ընթացքին. Նախագահ Սարգսեան. «Հայրենիքի Անվտանգութիւնը Երբեք Առուծախի Առարկայ Չենք Դարձներ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ, 23 յունուարին, Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ  մասնակցած է Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած է թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի հանդիսապետութեամբ: Ձեռնարկին  կատարուած է պետական սահմանի առաջնագիծին վրայ գտնուող  երիտասարդ զինուորական ծառայողներու օրհնութեան կարգ: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Երիտասարդներու...

Անուանակոչութիւն Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ.  «Արեան Գնով Պաշտպանուած Պուրճ Համուտը, Չենք Կրնար Խաղաղ Օրերուն Պարպել»   Շեշտեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Անուանակոչութիւն Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ. «Արեան Գնով Պաշտպանուած Պուրճ Համուտը, Չենք Կրնար Խաղաղ Օրերուն Պարպել» Շեշտեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Անցնող շաբաթավերջին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, շաբաթ առաւօտեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Նոյն օրը երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ` կատարողութեամբ Մանօ Մինասեանի եւ եկեղեցւոյ դպրապետ Վազգէն Քենտիմեանի: Կիրակի առաւօտեան Արագածի ակումբին մօտ ...

Ահաբեկչական Երկու Ուժգին Պայթումներ Ցնցեցին Գամիշլին

Ահաբեկչական Երկու Ուժգին Պայթումներ Ցնցեցին Գամիշլին

«Գանձասար»-ի թղթակից Յակոբ սրկ. Պարսումեան տեղեկացուց, թէ կիրակի, 24 յունուարի երեկոյեան, Գամիշլիի Մայամի պողոտային մէջ գտնուող «Սթար» ճաշարանին մօտ ահաբեկչական ուժգին երկու պայթումներ ցնցեցին քաղաքը: Նախնական տուեալներով արձանագրուած են 3 զոհեր, 6 վիրաւորներ, որոնցմէ մէկը` հայ: Վիրաւորներէն մէկուն վիճակը ծանր է: Շրջանի վաճառատուները նիւթական մեծ վնասներ կրած են: Տեղի ունեցած պայթումներէն ետք քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը շրջափակած են տարածքը: Ըստ պաշտօնական...

Հայաստանի Նոր Սահմանադրութիւնն Այլեւս Իրողութիւն Է.

Հայաստանի Նոր Սահմանադրութիւնն Այլեւս Իրողութիւն Է.

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութեան Քարտուղար Աղուան Վարդանեանի Արտասանած Խօսքը Սթրազպուրկի Մէջ Մէկուկէս ամիս առաջ Հայաստանում տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւնների հանրաքուէ: Կառավարման կիսանախագահական համակարգից անցում կատարուեց խորհրդարանական համակարգի: Ասեմ, որ իմ ներկայացրած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը դեռեւս 90-ականների սկզբից հետեւողականօրէն պաշտպանել է կառավարման խորհրդարանական մոտելը: Սահմանադրութեան հանրաքուէին նախորդեց նախագահի հրամանագրով ստեղծուած մասնագիտական յանձնաժողովի` երկու տարիների նախապատրաստական...

«Հայ Իրականութեան Մէջ Տեղի Ունեցող Ամէն Ինչի Համար Դաշնակցութիւնը Պատասխանատու Է», Կ՛ըսէ   ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան

«Հայ Իրականութեան Մէջ Տեղի Ունեցող Ամէն Ինչի Համար Դաշնակցութիւնը Պատասխանատու Է», Կ՛ըսէ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան

21 յունուարին «Երկրի հարցը» հաղորդաշարը ընդարձակ հարցազրոյց մը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ` իբրեւ առանցք ունենալով ՀՅ Դաշնակցութեան համախմբական (քոալիսիոն) կառավարութեան մաս կազմելու մասին կատարուած յայտարարութիւնը: Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ համախմբական կառավարութեան մաս կազմելու վերաբերող առաջարկ ներկայացուած է, սակայն տակաւին բանակցութեան իսկական հանգրուան չէ սկսած: Ան դիտել տուաւ, որ Սահմանադրութեան ընդունումով երկիրը նոր հանգրուանի սեմին է, ուստի Սահմանադրութիւնը...

Page 720 of 795 1 … 719 720 721 … 795

Արխիւներ