Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը Սիսի Կաթողիկոսարանին Հարցով Կրնայ Վճիռ Արձակել Մինչեւ Աշուն

March 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sisi-Gatoghigosaran_32816

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատական հայցով զբաղող յայտնի փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հարցը ուսումնասիրութեան համար յանձնած է արդարադատութեան նախարարութեան:

Սոֆուօղլու յայտնած է, որ Սահմանադրական դատարանը հարցին կապակցութեամբ կը սպասէ արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտին: Որովհետեւ Սահմանադրական դատարանին մէջ բացուած իւրաքանչիւր դատ կը նկատուի պետութեան դէմ բացուած դատ, հետեւաբար բարձրագոյն դատարանն ալ պետութեան տեսակէտին վերահասու դառնալու համար հարցը կը փոխանցէ արդարադատութեան նախարարութեան: Փաստաբանին նախատեսութիւններով` հինգ ամսուան ընթացքին դատը կրնայ հասնիլ աւարտին: Արդարադատութեան նախարարութեան եզրակացութիւնը ունենալէ ետք, Սահմանադրական դատարանը զայն պիտի փոխանցէ Ճեմ Սոֆուօղլուին: Վերջինս երկու շաբթուան ընթացքին պէտք է ներկայացնէ իր մօտեցումն ու արդէն պէտք է հասնի վճիռի հանգրուան:

Սոֆուօղլուի կարծիքով` վճիռը կրնայ արձակուիլ կա՛մ այս ամառ` արդարադատութեան համակարգի տարեկան արձակուրդէն անմիջապէս առաջ, կա՛մ այդ արձակուրդին յաջորդող շրջանին` սեպտեմբերին: Փաստաբանը կարծիք յայտնած է, որ Սահմանադրական դատարանին կողմէ նիւթը արդարադատութեան նախարարութիւն ուղարկելը շատ կարեւոր է, որովհետեւ «ատիկա կը նշանակէ, որ պետութիւնը լուրջ վերաբերմունք ցոյց կու տայ գործին եւ մանրամասն քննարկումներ կը կատարէ»:

«Պէտք է ընդունիլ, որ շատ դժուար է այսպիսի դատ շահիլը: Շատ աշխատած ենք: Բայց եւ այնպէս` իբրեւ փաստաբան, ես այս դատը բացած եմ շահելու համար», ըսած է Սոֆուօղլու:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Կը Պետականացնէ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ Միացեալ Նահանգներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.