Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Կը Շարունակէ Միացեալ Նահանգներ Այցելութիւնը

Ապրիլ 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Visits_33116

29 մարտին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է Մասաչուսեցի արհեստագիտութեան հիմնարկին եւ «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ:

«Հարվըրտ» համալսարանի «Քենետի» կառավարման դպրոցին մէջ արտասանած խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է տարբեր հարցերու` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապէն մինչեւ ներքին խնդիրներ:

«Ներքին կեանքի առումով այսօր ինծի համար, թերեւս, մեծագոյն ձեռքբերումը խօսքի ազատութեան նկատմամբ յարգանքն է եւ աշխուժ քաղաքացիական հասարակութիւնը: Կը կարծեմ, որ այս դպրոցի տանիքին ներքեւ առաւել քան ընկալելի է պետական հիմնարկներու  կողմէ արդիւնաւէտ որոշումներ տալու մեքանիզմներու կարեւորութիւնը: Այսօր Հայաստանի  մէջ լայն թափով ընթացող ներքին բարեփոխումները այդպիսի մեքանիզմներ ստեղծելու նպատակ ունին», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Ան «բեկումնային» կոչած է նախորդ տարեվերջին հանրաքուէով ընդունուած սահմանադրական բարեփոխումները. «Սահմանադրական բարեփոխումներու ռազմավարական նպատակը ատիկա է: Աւելի շատ ժողովրդավարութիւն, փտածութեան դէմ աւելի նպատակասլաց պայքար: Այստեղ մենք ունինք լուրջ ներուժ եւ ատիկա պէտք է լիարժէքօրէն օգտագործենք»:

Աւելի ուշ տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահին հանդիպումը տեղւոյն հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ուղղած իր խօսքին մէջ նախագահը յորդորած է խթանել օտար ներդրումները Հայաստանի մէջ. «Օգտագործելով ամերիկեան առեւտրական շրջանակներու հետ ձեր կապերը` դուք կրնաք մեծապէս խթանել դէպի Հայաստան օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները: Ամբողջութեամբ չ՛օգտագործուիր յատկապէս ամերիկահայերու ներուժը… Եկէ՛ք հայրենիք, ներդրումներ կատարեցէ՛ք, շահոյթ ստանալով` միաժամանակ կառուցեցէ՛ք երկիրը, աշխատատեղեր ստեղծելով` օգնեցէ՛ք զարգացնելու  երկիրը»:

Ներկայիս տեղեկութիւն չկայ այն մասին, թէ արդեօք նախագահ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենա՞յ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Յայտնենք, որ Քերրի 30 մարտին հանդիպում ունեցած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 մարտին այցելած է Մասաչուսեցի հայկական Ս. Յակոբ եկեղեցի: Հանրապետութեան նախագահը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, «Հայաստան ծառ» ծրագիրի հիմնադիր Քերոլին Մուգարի ու տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ծաղկեպսակ զետեղած է  եկեղեցւոյ բակը գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցած: Աւելի ուշ տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, որուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան հանդէս եկած է ելոյթով: Հանդիպումի աւարտին Հանրապետութեան նախագահը համայնքային շարք մը գործիչներ  պարգեւատրած է պետական բարձր պարգեւով: Մասնաւորապէս` Հայաստանի  անկախութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ նշանակալի աւանդին համար բժիշկ, Պոսթըն համալսարանի նախագահ Արամ Չօպանեանը պարգեւատրուած է Մխիթար Հերացի մետալով: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպման գործին մէջ ներդրած աւանդին համար ձեռնարկները համակարգող Միացեալ Նահանգներու Պոսթընի շրջանային յանձնախումբի անդամներ` Անթընի Պարսամեանը, Ճէյմս Գալուստեանը եւ Արա Նազարեանը պարգեւատրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհակալագիրով:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Տպաւորութիւն Կայ, Որ Ոմանք Չեն Ուզեր, Որ Համաձայնութիւն Ըլլայ»

Յաջորդը

Նափոլիի Մարզադաշտը Կրնայ Կոչուիլ Մարատոնայի Անունով

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?