Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Անդրադարձած Է «Լոյս» Հիմնադրամի Շրջանաւարտներուն Ներկայացուցած Կարեւորութեան

March 31, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

louys1_33016

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 29 մարտին այցելած է իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան Ֆլեթչըր դպրոց, ուր հանդիպում ունեցած է համալսարանի ղեկավարութեան, դասախօսական կազմին եւ «Դաւիթեան» հիմնադրամի կրթական ծրագիրի մասնակից Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ: Հարվըրտ համալսարանի Քենետիի անուան կառավարման դպրոցին մէջ նախագահը հանդիպում ունեցած է հայ ուսանողներուն եւ համալսարանի ղեկավարութեան հետ:

Ան այցելած է նաեւ «Մոտերնա Թերափէութիքս» կենսաբանական արհեստագիտութեան ընկերութիւն, ուր հանդիպում ունեցած է ընկերութեան հիմնադիր Նուպար Աֆէյեանի եւ գործադիր տնօրէն Սթեֆան Պանսէլի հետ, ապա շրջագայած է ընկերութեան մէջ եւ ծանօթացած տարուած գործունէութեան:

Սերժ Սարգսեան նոյն օրը այցելած է Մասաչուսեցի արհեստագիտութեան հիմնարկ, ուր հանդիպում ունեցած է հիմնարկի նախագահ Ռաֆայէլ Ռայֆի հետ, ապա տեղեկատուական մասնագիտական կեդրոնի համահիմնադիր Նիքոլաս Նեկրոփոնթէի եւ «Լոյս» հիմնադրամի կրթական ծրագիրի գործադիր տնօրէն Ժաքլին Կարաասլանեանի ընկերակցութեամբ շրջագայած է կեդրոնին մէջ, «Սամպըրկ» համաժողովներու կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն եւ հանդիպում` մասնակցութեամբ ամերիկահայ գիտնականներու եւ «Լոյս» հիմնադրամի կրթաթոշակառուներուն ու շրջանաւարտներուն:

louys_33016

Արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ ան արտասանած է խօսք մը` իբրեւ բնաբան ունենալով «Կրթութիւնը եւ մարդկային դրամագլուխը. կայուն զարգացման ուղի» նիւթը:

Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է հիմնարկին եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան` հաստատելով, որ այս համագործակցութիւնը մեծապէս հարստացուցած է Հայաստանի կրթութիւնը` նորարարական գաղափարներով եւ ծրագիրներով:

«Ես կ՛երազեմ այն Հայաստանին մասին, ուր ուժեղ եւ կայացած անհատները ջանք ու եռանդ չեն խնայեր պետական եւ հասարակական կայուն հաստատութիւններ ստեղծելու համար: Իսկ ատիկա իրականութիւն կը դառնայ միայն այն պարագային, երբ անոնք համոզուին, որ այդ հաստատութիւնները իրենցմէ իւրաքանչիւրին  սեփականութիւնն են: Այս պատկերացումը գաղտնիք չէ ոեւէ մէկուն համար: Աւելի՛ն, ատիկա իրականութիւն դարձնելու համար հետեւողական աշխատանք կը կատարենք Հայաստանի մէջ», ըսած է նախագահը:

Ան դիտել տուած է, որ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ տարեկան կը պատրաստուի տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութեան մարզի 2 հազար մասնագէտ, որոնց շնորհիւ է, որ այսօր փոքր Հայաստանը իր տեղը ունի տեղեկատուական արհեստագիտութեան աշխարհի քարտէսին վրայ: «Այսօր հայ մասնագէտներու կողմէ մշակուած լուծումները լայնօրէն կ՛օգտագործուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ», յայտնած է նախագահը:

Սերժ Սարգսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Քեմպրիճի համալսարանի եւ Լոնտոնի համալսարանական քոլեճի կրթութեան հաստատութեան հետ կը գործադրուի Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրը, որուն նպատակն է բոլոր հայ դպրոցականներուն հասանելի դարձնել յառաջատար կրթութիւնը: Ծրագիրով կը վերապատրաստուին նաեւ հազարաւոր ուսուցիչներ:

Սերունդներու պատրաստութեան իմաստով ներդրուած աշխատանքներուն անդրադառնալով` նախագահը ըսած է. «Մրցունակ նոր սերունդ պատրաստելուն օժանդակելու նպատակով մենք ստեղծած ենք ոչ պետական «Լոյս» հիմնադրամը, որ կրթաթոշակներ  կը տրամադրէ աշխարհի յառաջատար համալսարաններ ընդունուած հայ երիտասարդներուն: Անշուշտ, գոյութիւն ունէր մտավախութիւն, որ կորսնցնենք մեր մարդկային պահեստը, հարստութիւնը, սակայն ինչպէս  առիթով մը ինծի ըսած է Սինկափուրի վարչապետ Լի Կուան Իւն` նոյնիսկ եթէ մեր հայրենակիցները ուսանելէ ետք  չվերադառնան հայրենիք, նոյն է, անոնք դուրսի մեր հարստութիւնն են, անոնց շնորհիւ աշխարհը կը ճանչնայ մեզի, անոնք տարբեր ձեւերով կ՛աջակցին իրենց հայրենիքի զարգացման»:

Սերժ Սարգսեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ «Լոյս»-ի շրջանաւարտներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը ուսումը աւարտելով հայրենիք կը վերադառնայ եւ մաս կը կազմէ Հայաստանի զարգացման աշխատանքներուն:

Նախորդը

Նալբանդեան Կը Հաստատէ, Որ Հայաստան Պիտի Շարունակէ Հոգ Տանիլ Հայաստան Գտնուող Սուրիահայերուն

Յաջորդը

Հայաստան 49-րդ` 52 Երկիրներուն Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.