Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մարտ 30, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12828953_1048874448506571_600202283037429025_o

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով, 11-21 Մարտ Ֆրանսա, Հոլանտա եւ Պելճիքա կը գտնուէր Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Դաւիթ Իշխանեան:

Սոյն այցելութեան ընթացքին Իշխանեան լայնածաւալ հանդիպումներ ունեցաւ թէ՜ քաղաքական առումով, թէ՜ մասնակցեցաւ համայնքային-ժողովրդային տարբեր ձեռնարկներու` Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյլի, Վալանսի, Պրիւքսէլի եւ Ալմելոյի մէջ, որոնց ընթացքին ան հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը` սահմաններու պարզած կացութենէն մինչեւ երկրին ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, ապահովական իրավիճակը, որոնց աւարտին ան տուաւ շահեկան եւ սպառիչ պատասխաններ` ներկաներու հետաքրքրական հարցումներու տարափին:

Քաղաքական հանդիպումներու շարքը սկսաւ Մարսէյլէն, ապա յաջորդաբար` Վալանս, Փարիզ, Լիոն, Պրիւքսէլ, Ալմելօ, ուր Իշխանեան ընկերակցութեամբ տեղւոյն մարմիններու ներկայացուցիչներու, տարբեր տեսակցութիւններ ունեցաւ ընկերվարական թէ աջակողմեան քաղաքապետներու, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու, երեսփոխաններու թէ ծերակուտականներու հետ, որոնց ընթացքին պարզեց սահմաններուն վրայ տիրող ազերիական անընդունելի նկրտումները, պահանջելով իբրեւ ԵԱՀԿ-ի համանախագահ երկրի ընտրեալներ սանձել Պաքուն, որ դադրեցնէ իր այս քաղաքականութիւնը անյապաղ: Իշխանեան նաեւ ստացաւ համագործակցութեան տարբեր խոստումներ, յատկապէս կրթական եւ բարեսիրական մարզերու ծիրէն ներս, որոնց իրագործման հետապնդումը պիտի կատարուի Մարմնիս կողմէ յառաջիկայ օրերու ընթացքին:

Տասնօրեայ այս այցելութիւնը յաջող սկիզբ մըն է նմանօրինակ նախաձեռնութեանց ծրագրի մը, որուն նպատակն է բոլոր մակարդակներու վրայ սատար հանդիսանալ Արցախի մեր ժողովուրդին ու պետականութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական լուրջ ուշադրութիւն հրաւիրել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին վրայ, ի խնդիր տագնապի խաղաղ ու բարւօք լուծման:

Հ.Յ.Դ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. «Ֆայնըլ-Էյթ». ՀՄԸՄ Յաղթեց Իր Հիւրին` Լուէյզիի, 69-63 Արդիւնքով

Յաջորդը

Ակնարկ. Հետզհետէ. Թափով

RelatedPosts

Խմբագրական.  Անկախակերտ Էութիւն (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Անկախակերտ Էութիւն (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով)

Դեկտեմբեր 11, 2025
Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ  Խաղաղութեան Ջանքերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

Դեկտեմբեր 11, 2025
Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող  Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

Դեկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?