Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. «Այսօր Նիկոլ Դումանի Ոգին Կը Սաւառնի Արցախի Երկնակամարին Վրայ Եւ Մուտք Կը Գործէ Արցախի Իւրաքանչիւր Ազատամարտիկի Հոգիին Մէջ» Ըսաւ Կարօ Յովհաննէսեան

June 1, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

N-1_53116

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած` հայ ազգային- ազատագրական պայքարի գործիչ, հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի խօսքին ու գործին նուիրուած ձեռնարկը, որ կը կրէր «Նիկոլ Դուման 100 տարի ետք» խորագիրը, տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 31 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Կարօ Յովհաննէսեան
Կարօ Յովհաննէսեան
Վարդան Ազնաւուրեան
Վարդան Ազնաւուրեան
Ժաք Յակոբեան
Ժաք Յակոբեան

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ ձեռնարկը սկիզբ առաւ: Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը ուղղեց Ժաք Յակոբեան: Ան իր խօսքին սկիզբը կարդաց 1905-1906 հայ-թաթարական կռիւներուն ղեկավար դերակատարութիւն ստանձնած Նիկոլ Դումանի պատրաստած զեկուցումներէն մէկէն մաս մը եւ մատնանշելով Դումանի խօսքի բովանդակութեան այժմէականութիւնը ըսաւ. «Հայութեան գոյութեան սպառնացող մարտահրաւէրները ամէն տեղ են` Հայաստանի, Արցախի թէ սփիւռքի տարածքին: Նիկոլ Դումանի զեկուցումին ընդմէջէն յստակօրէն կը յանգինք այն եզրակացութեան, որ որեւէ աշխատանք յաջողութեամբ կրնայ պսակուիլ, երբ նպատակը պարզ է, միջոցները` բաւարար, գործը` լաւ կազմակերպուած, իսկ ղեկավարութիւնը` ձեռնհաս անհատներու կամ մարմիններու համերաշխ ձեռքերուն մէջ: Միայն այն ժամանակ, ըստ Նիկոլ Դումանի, հայութիւնը կրնայ ձեռնհասօրէն դէմ դնել իրեն սպառնացող քաղաքական եւ զինուորական մարտահրաւէրներուն»:

Բացման խօսքէն ետք Նիկոլ Դումանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ ներկաներուն, ապա` Վարդան Ազնաւուրեան ապրումով ասմունքեց  Համօ Սահեանի «Կը գամ» բանաստեղծութիւնը:

N-5_53116

Ելոյթ ունեցան նաեւ հայրենի տուտուկահար Արսէն Պետրոսեան եւ իր ընկերները:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան: Իր խօսքին ընթացքին ան ներկայացուց Նիկոլ Դումանի առանձնայատկութիւնները` իբրեւ հայդուկապետ, ղեկավար, զինուորական եւ առաքինի դաշնակցական, մէջբերելով Ն. Դումանի խօսքերէն, գաղափարներէն եւ ազգային – յեղափոխական գործունէութենէն հատուածներ ու դրուագներ: Կ. Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ ի ծնէ զինուորական մը եղած է Ն. Դուման, միաժամանակ` իրապաշտ մտաւորական մը: Ան ունեցած է զինուորականի մը համար պահանջուած բոլոր յատկութիւնները, յանդուգն եղած է եւ վճռական. գիտցած է նաեւ քաջութեան միացնել հնարագիտութիւնը, նշեց Կ. Յովհաննէսեան, ապա ըսաւ. «Դումանի առասպելական հռչակումը եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել անոր «Ղարաբաղի լեռնականի պողպատէ կամք»-ին մէջ»:

Պատգամախօսը  յայտնեց, որ Նիկոլ Դումանի անունն անգամ յարգանք ու վախ պատճառած է հեռաւոր շրջաններուն մէջ. ահ ու սարսափ` թշնամիներուն մօտ: Քիւրտերը պատկերացուցած են զինք իբրեւ գերբնական մէկը, որուն տասը մատներէն կրակ ու փամփուշտ կ՛արձակուէին:

Նիկոլ Դումանի ունեցած քարիզման իր արտաքին, ֆիզիքական կերպարանքին մէջ չէ, անոր քարիզման իր գործին մէջն է: «Ան եղած է շատերու պաշտամունքի առարկան», ըսաւ Կ. Յովհաննէսեան, ապա աւելցուց, թէ ինչպէ՛ս Ն. Դուման մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէր ֆետայիի բարոյական նկարագիրին: Զինուորը, ֆետային պէտք է ըլլար բարոյապէս մաքուր եւ ժողովուրդի ծառան: Պէտք չէ շահագործեր իր հանգամանքը եւ բեռ ըլլար ժողովուրդին:

Պատգամախօսը դիտել տուաւ, որ Ն. Դումանի բոլոր տեսութիւնները հիմնուած են կեանքի փորձառութեան վրայ: Դաշնակցականի տիպարը կը հարստանայ, կը մեծնայ Նիկոլ Դումանով, յատկապէս անոր կարգապահութիւնը նկատի առնելով:

Նիկոլ Դումանի գործունէութիւնը հեռու եղած է ցուցադրական-արտաքին փառքէն: Փառամոլութիւններ չէ ունեցած: Ինքզինք չէ ցուցադրած:

Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքը եզրափակեց նշելով .«Նիկոլ Դուման մը չունինք այսօր մեր հասարակութեան մէջ: Դումանի պէս մարտիկ-մտաւորական մը քիչ կը ծնի ժողովուրդներու պատմութեան մէջ: Սակայն Նիկոլ Դումանները այսօր ողջ են, այսօր ողջ է Նիկոլ Դումանութիւնը: Ն. Դումանի ոգին կը սաւառնի Արցախի երկնակամարին վրայ եւ մուտք կը գործէ Արցախի իւրաքանչիւր ազատամարտիկի հոգիին մէջ: Նիկոլ Դումանութիւնը կայ, երբ աշխարհով մէկ հայութիւնը նիւթապէս, բարոյապէս ու ֆիզիքապէս կողքին կը կենայ Արցախին: Այնքան ատեն որ կան Նիկոլ Դումանները, կայ Նիկոլ Դումանութիւնը:  Այսօրուան ազատամարտիկները` ուս-ուսի տուած իրենց խրամատներուն մէջէն, հողին տակէն ու վրայէն Ձէնով Օհանի ձայնով կը գոռան ազրպէյճանցիներուն երեսն ի վար. «Դուք անցաւոր էք, մենք տանտէր, ձեզի նման շատեր եկան ու անցան: Դուք ալ կ՛անցնիք եւ Արցախը կը մնայ հայկական»:

Նախքան ձեռնարկին աւարտը տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանի գլխաւորած հայրենի եռեակը դարձեալ ելոյթ ունեցաւ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

Նախորդը

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն. Երկու Հազար Մանուկներ Թալինին Հետ Հայ Երգով Յիշատակելի Ժամեր Ապրեցան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.