Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու վերջին փուլը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2016-ին, հիւսիսային Լիբանանի մէջ, ուր եւս հայութիւնը իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարեց եւ քուէարկեց Պաթրունի մէջ ՀՅԴ-ի առաջադրած ցանկին, իսկ Թրիփոլիի մէջ` կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած քաղաքապետական խորհուրդի անդամի եւ թաղապետի թեկնածուներուն: Հակառակ անոր որ մինչեւ ուշ երեկոյեան տակաւին ընտրութիւններուն արդիւնքները յստակացած չէին, բայց եւ այնպէս յիշարժան երեւոյթ է, որ Պաթրունի եւ Թրիփոլիի մէջ հայ կամաւորները եւ Դաշնակցութեան ընտրանքին հաւատացող հայորդիները տպաւորիչ պատկերով ներկայացան ամբողջ օրուան ընթացքին: «Ազդակ»-ի թղթակիցները այցելեցին զոյգ կեդրոններ, զրուցեցին թէ՛ պատասխանատուներու եւ թէ՛ քուէարկողներու հետ, որոնք հաստատեցին իրենց կառչածութիւնը հայութեան իրաւունքներուն, որոնց հիմնական պաշտպանը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է:
«Հիւսիսի Ընտրութիւններուն Մասնակցութիւնը Կարեւոր Է
Հոն Մեր Ներկայութիւնը Ապացուցելու Համար»
Ըսաւ Երեսփոխան Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` կիրակի, 29 մայիսին Պաթրունի Հայ կեդրոն տուած այցելութեան ժամանակ «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ հիւսիսի ընտրութիւններուն եւ հայութեան մասնակցութեան կարեւորութեան:
«Հիւսիսի ընտրութիւնները ընդհանրապէս նոյնքան կարեւոր են, որքան Պէյրութի, Լեռնալիբանանի եւ հարաւի ընտրութիւնները: Անոնք նաեւ կարեւոր են մեզի համար, որովհետեւ մենք հոն աշխատանք ունինք տանելիք յատկապէս հիւսիսի մէջ ապրող հայորդիներուն համար, որոնք տեղւոյն քաղաքապետութիւններուն հետ գործ ունին, անոնցմէ ակնկալութիւններ ունին, ուստի պէտք է քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարեն:
«Թէեւ Պաթրունի մէջ մենք հայ թեկնածուներ չունինք, սակայն Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի Մարսելինօ Հարըքի գլխաւորած ցանկին, որ Ազգային ազատ հոսանքի եւ տեղական ուժերու կազմած ցանկն է:
«Թրիփոլիի պարագային, մենք Մինայի շրջանին մէջ ունինք մէկ թաղապետի եւ մէկ քաղաքապետական խորհուրդի անդամի թեկնածու, որ կը գտնուի համախոհական ցանկին վրայ, որուն կը զօրակցին տեղական ուժերը, Մուսթաքպալ հոսանքը, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ նախկին նախարարներ Ֆայսալ Քարամէն եւ Մոհամետ Սաֆատին:
«Բնականաբար, բաղդատած այլ շրջաններու հետ, հայ քուէարկողներուն թիւը աւելի փոքր է, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ հայորդիները պէտք չէ մասնակցին ընտրութիւններուն: Ինչպէս Պաթրունի Հայ կեդրոնը, նոյնպէս ալ Թրիփոլիի մեր կեդրոնը վերածուած է մեղուի փեթակի, ուր մեր տղաքն ու աղջիկները կամաւորաբար կ՛աշխատին», ըսաւ ան:
Ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը շատ կարեւոր նկատելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ այսպիսով կը կատարենք մեր քաղաքացիական ու հայու պարտականութիւնը` փաստելով, որ ներկայութիւն ենք շրջաններուն մէջ, պաշտպանելու մեր իրաւունքները այնպէս, ինչպէս կատարեցինք նախորդ երեք շաբաթներուն:
Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Քաղաքապետական
Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները
Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու չորրորդ եւ վերջին փուլը կայացաւ երէկ, հիւսիսային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններով:
Առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի քուէարկութեան բոլոր կեդրոնները բացին իրենց դռները` լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած խիստ միջոցառումներուն ներքեւ` նպատակ ունենալով ընտրական աշխատանքին հեզասահ ընթացքը, ինչպէս նաեւ քուէարկող քաղաքացիներուն ապահովութիւնը:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ քուէարկող քաղաքացիներուն թիւը կը հասնի 850,005-ի, որոնք պիտի քուէարկեն Թրիփոլիի, Քուրայի, Պաթրունի, Մընիէ-Տըննիէի, Աքքարի, Պշարրէի եւ Զղարթայի մէջ գտնուող 273 քաղաքապետարան եւ 740 թաղապետ ընտրելու համար:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Մաշնուք հսկած է ընտրութիւնները կատարելու հոլովոյթի վարչական, գումակային եւ ապահովական աշխատանքներուն, կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն` յարգելու ընտրութեան օրէնքները, կարգն ու կանոնը, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերէն պահանջելով ընտրակաշառքին դէմ պայքարիլ:
Երեկոյեան ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ յայտարարուած ոչ վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, հիւսիսային Լիբանանի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասած է 45,30 առ հարիւրի, Թրիփոլիի մէջ` 26,90 առ հարիւրի, Քուրայի մէջ` 43,80 առ հարիւրի, Պաթրունի մէջ` 45,40 առ հարիւրի, Մընիէ-Տըննիէի մէջ` 57,20 առ հարիւրի, Աքքարի մէջ` 61,60 առ հարիւրի, Պշարրէի մէջ` 36,60 առ հարիւրի եւ Զղարթայի մէջ` 36,68 առ հարիւրի:
Նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, ներքին գործոց նախարարը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ընդհանուր կերպով պիտի անդրադառնայ հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի ընտրութիւններուն:
Նշենք, որ ինչպէս քաղաքապետական ընտրութեան նախորդ փուլերը, Մաշնուք այս անգամ շրջեցաւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ:

Հալպայի սերային մէջ Մաշնուք յայտնեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կը տիրէ բաւական հանդարտ մթնոլորտ` հերքելով շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Աքքարի մէջ կրակոց արձանագրուած է:
Ան նշեց, որ Ուատի Խալետի քուէարկութեան կեդրոններէն մէկուն մէջ արձանագրուած է տարակարծութիւն մը, որ տեղւոյն վրայ լուծուած է:
Ան նշեց, որ ընտրակաշառքի հարցով երեք պարագաներ բացայայտուած են եւ կաշառք տուող անհատները` ձերբակալուած:
Մաշնուք յայտնեց, որ Աքքարի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը լաւ է եւ բարձր:
Նշենք, որ Մաշնուք Աքքարի մէջ այցելեց նաեւ Իսամ Ֆարեսի բնակարանը, ուր շեշտեց, որ անկարելի է Աքքար այցելել եւ այդ իմաստուն ղեկավարին բնակարանը չուղղուիլ:
Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ ընտրութիւնները հեզասահ կերպով ընթացած են` աւելցնելով, որ ընդհանրապէս մեծ քաղաքներու մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը ցած կ՛ըլլայ:
Նոհրա ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնց ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղած է հիւսիսային Լիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական հեզասահ ընտրութիւններ կայացնել:
Նոհրա նաեւ յայտնեց, որ Թրիփոլիի, յատկապէս Մինայի քուէարկութեան կարգ մը կեդրոններուն մէջ երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք քուէարկողներուն թիւը սկսած է բարձրանալ, որուն պատճառով քուէարկութեան կեդրոնները քաղաքացիներով լեցուած են: Այս իրականութեան իբրեւ արդիւնք, կարգ մը կեդրոններու մէջ քուէարկութիւնը շարունակուած է ժամը 7:00-էն ետք` նկատի ունենալով, որ քուէարկութեան կեդրոնին մէջ գտնուողը իրաւունք ունի քուէարկելու:
Նոհրա ուշ գիշերին արձակեց հրահանգ մը, որ կ՛արգիլէր ուրախութեան կրակոցները եւ կոչ կ՛ուղղէր ապահովութեան ուժերուն հետապնդելու օրինազանցները:
Թրիփոլիի Մէջ
Թրիփոլիի մէջ հիմնական ընտրապայքարը արձանագրուեցաւ արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ նախկին երեսփոխան Մըսպահ Ահտապի կողմէ` այդ շրջանին մէջ գոյացած քաղաքական հսկայ համախոհութեան դէմ: Այդ համախոհութեան մաս կազմեցին Մուսթաքպալ հոսանքը, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ, երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի, Ժամաա Իսլամիէ եւ Ահպաշ շարժումները:
Երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ Թրիփոլիի շահերը զիրենք կը համախմբեն եւ իրենք ճիգ չեն խնայեր Թրիփոլիին ծառայելու առումով:
Միքաթի իր կարգին յայտնեց, որ ինք եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի կրնան հզօր դառնալ Թրիփոլիի մէջ` աւելցնելով, որ իրենց միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը Թրիփոլիի բարգաւաճման նպատակով գոյացած է:
Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ իրենք Թրիփոլիի մէջ ապրած են հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր` ընդգծելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս ժամանակաշրջանին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները դրական արդիւնք պիտի ձգեն երկրին վրայ:
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար քուէարկելէ ետք շեշտեց, որ ինք քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն այցելած է եւ պնդած, որ անոնց ներկայացուցչութիւնը նկատի պիտի առնուի այնպէս, ինչպէս անոնք կը փափաքին:
Ան հաստատեց նաեւ, որ ինք քաջալերած է քաղաքական անձնաւորութիւնները համախոհութիւն գոյացնելու:

Իր կարգին, Ռիֆի քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ ինք շատ ուրախ կը զգայ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով կը կատարէ քաղաքացիական իր պարտականութիւնը` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան օրէնքները կ՛արգիլեն զինուորականներուն քուէարկութեան մասնակցիլ:
Ան նշեց, որ Թրիփոլին իր որոշումը ունի եւ ոչ ոք կրնայ պարտադրել անոր տալու որոշում մը, որուն անոր բնակիչները համոզուած չըլլան:
«Մենք ագարակի մտայնութենէն դուրս պիտի գանք հաստատելու համար, որ քաղաքացիներ ենք եւ ոչ թէ ոչխարներ: Մենք եկած ենք շեշտելու, որ ընտրութիւնները մեզի չեն վախցներ, եւ մեր զաւակները դաստիարակելու ընտրութիւններուն մասնակցելու կարեւորութեամբ: «Ես հարիրիական անկախ վիճակ մըն եմ եւ իմ անկախութիւնս փաստելու համար հրաժարեցայ կառավարութենէն, եւ իբրեւ այդպիսին համաձայն եմ իմ համոզումներուս համապատասխանող որեւէ առաջարկի», շեշտեց ան:
Ռիֆի շեշտեց, որ Թրիփոլիի շահերը կ՛ենթադրեն քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացում, որոնց ընդմէջէն Թրիփոլին կարենայ ապրիլ ժողովրդավարութեան հարսանիքը:
Քուէատուփերուն փակումէն ետք Ռիֆի շեշտեց, որ քաղաքացիներուն կողմէ քուէարկութեան հոլովոյթը առողջ եւ դրական երեւոյթ է:
«Ի՛նչ ալ ըլլայ արդիւնքը, մենք յաղթական դուրս եկած ենք, որովհետեւ նախապէս զինեալ բախումներ կային մեր միջեւ, իսկ այսօր` ժողովրդավարական մրցակցութիւն», ըսաւ ան:
Ռիֆի բարձր գնահատեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ Թրիփոլիի մէջ ընտրութիւնները կատարուեցան առանց ապահովական որեւէ դէպքի:
Միւս կողմէ, Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ ըստ սովորականին, Թրիփոլիի մէջ գոյութիւն ունին օտար ցանկեր եւ ընտրամեքենաներ, որոնք կաշառքով քաղաքացիները կը մղեն քուէարկութեան: Ան նշեց, որ մինչ իրենք կը փորձեն Թրիփոլիին տրամադրել բարգաւաճման ընտրանք մը, ոմանք ընտրապայքարին բնոյթը փոխած են քաղաքական պայքարի:
Ահտապ ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի մէջ ընտրակաշառքի գոյութեան համար` բարձր գնահատելով բանակին ջանքերը` պահպանելու համար ընտրութիւններուն եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:
Պաթրուն

Պաթրունի մէջ ընտրութիւնները ընթացան հեզասահ կերպով` հիմնական մրցակցութիւնը կեդրոնացնելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի զօրակցած ընտրացանկին եւ անհատներու միջեւ:
Պաթրունի մէջ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ հարցը այն է, որ ան իր կեցուածքները անճիշդ տեղեկութիւններու վրայ կը հիմնէ:
«Մենք ըսինք, որ ընտրութիւններուն ընթացքին Մարատայի հետ մրցակից ըլլալու երեւոյթը չենք զգար, եւ ոչ թէ Մարատայի գոյութիւնը մեզի համար զգալի չէ», ըսաւ ան:
Պասիլի այս կեցուածքը հակազդեցութիւն էր Ֆրենժիէի հետեւեալ արտայայտութեան. «Պաթրունի մէջ Պասիլ զօր. Միշել Աունի գոյութիւնը չի զգար, որ Մարատայի գոյութիւնը զգայ»:
Երեկոյեան Պասիլ յայտնեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները առիթ մը եղած են իրենց համար փաստելու իրենց գոյութիւնը:
Ան նշեց, որ իրենք Զղարթայի մէջ իրենք զիրենք ջնջած են` ի շահ Սլէյման Ֆրենժիէի, աւելցնելով, որ իրենք աւելի բարգաւաճած կը զգան եւ Զղարթայի մէջ իրենց գործունէութեան պիտի վերադառնան:
Զղարթա

Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Զղարթայի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կը կատարուին համախոհութեամբ` շնորհիւ Թոնի Ֆրենժիէ եւ Միշել Մուաուատի գոյացուցած համաձայնութեան:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Զղարթայի մէջ իրենք մէկ ընտանիք են` աւելցնելով, որ պայման չէ, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին գործադրուած համաձայնութիւնները կրկնուին նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Իր կարգին, Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Զղարթայի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասին կատարուած բանակցութիւնները քաղաքական հրապարակ մուտք չեն գործած:
Պշարրէ
Պշարրէի մէջ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ շեշտեց, որ Պշարրէ մնայուն կերպով զօրավիգ կանգնած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին`, աւելցնելով, որ իրենց ակնկալութիւնն է 6000 քուէ ստանալ, փաստելու համար, որ իրենք կը զօրակցին Պշարրէի բարգաւաճման:
Կէս գիշերին յստակացած նախնական արդիւնքներուն համաձայն, հաստատուեցաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուները նուազագոյնը 800 քուէի տարբերութեամբ յաղթանակ արձանագրած են:
Պէտք է աւելցնել, որ Աքքարի Պըրժ Արապ եւ Զղարթայի Տեր Աշշաշ շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան լուրջ հարցեր, որոնց պատճառով քուէարկութիւնը ժամերով կասեցուեցաւ, մինչեւ որ ներքին գործոց նախարարութեան միջոցով քուէարկութեան կեդրոններուն պատասխանատուները փոխուեցան:
Նշենք, որ քուէատուփերը տակաւին չփակուած յստակ դարձած էր, որ Թաննուրինի մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի զօրակցութիւնը վայելող ընտրացանկը յաղթանակ պիտի արձանագրէ, եւ կը տիրէր ուրախութեան մթնոլորտ:
Իսկ Քըպպէյյաթի մէջ նախնական արդիւնքները ցոյց տուին երեսփոխան Հատի Հպէյշի զօրակցած ընտրացանկին յաղթանակը:


