
28 մայիսին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Սարդարապատի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով ապրիլի սկիզբը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններուն, ընդգծեց, որ մեծ յաջողութիւն ունեցած ենք` կրցած ենք ազրպէյճանական յարձակումին դէմ դնել եւ ետ մղել զայն: «Կայ նաեւ փաստ` ժողովուրդի միասնական կեցուածքը, որ բոլոր յուսահատական արտայայտութիւնները ի չիք կը դարձնէ եւ ցոյց կու տայ, որ Ղարաբաղի հարցը իսկապէս կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի հիմնական օրակարգը: Ցոյց կու տայ նաեւ մեր վճռականութիւնը, որ այս յաջողութիւնը պէտք է վերջնական յաղթանակի վերածել», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի վերադարձին եւ այն դիտարկման, որ ան կու գայ, որովհետեւ Արցախի մէջ իրավիճակը մտահոգիչ է, Մարգարեան նշեց. «Ես այդպէս չեմ կարծեր: Վերադարձած է, լաւ ըրած է, ուրախ եմ անոր համար: Չեմ կարծեր, որ ժամանակը ընդհանրապէս գերմարդոց պէտք ունի, գերմարդոց ժամանակաշրջանը անցած է»:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի` պաշտօնը լքելու ցանկութեան մասին` ան շեշտեց, որ տակաւին առիթ չէ ունեցած անձամբ խօսելու Արթուր Աղաբեկեանի հետ: «Բայց կը կարծեմ, որ բնական է», ըսաւ Մարգարեան:


