Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սահմանադրական Ժամկէտները Յարգելու Երկակի Չափանիշներ

Յունիս 3, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

315127_img650x420_img650x420_crop

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ կայացած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններով կարելի է արձանագրել, որ Լիբանան դարձուց ընտրական կարեւոր էջ մը,  որ հետագայ նոր հատորներու ընթերցման կը հրաւիրէ ընտրութիւներուն ընթացքին եւ արդիւնքներուն հետեւողները:

Յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ որոշ առումով յանկարծակիութեան գործօնը հարցականներու դուռ բացաւ, Թրիփոլին յատկանշող համայնքին ոչ միանշանակ դիրքորոշումին եւ ամբոխային որոշ տրամադրութիւններու վրայ յենած քուէի յառաջատարութիւնը ընդգծելու իրականութիւններուն ի տես:

Լիբանանի տարածքին ընդգծուած թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններու համայնապատկերը մտածել կու տայ, որ դասական, քարացած բազմաբեւեռային կանխատեսելի դաշտը ըստ էութեան դիմափոխութիւններ ապրելու ընթացքին մէջ է եւ այդ տեսակէտէն ալ առիթ կու տայ նոր դաշինքներու, նոր համագործակցութիւններու կայացման:

Այս սիւնակներէն քանի մը անգամ լուսարձակի տակ առինք քաղաքացիական շարժումներու, անոնց քաղաքական հովանաւորութիւններուն եւ նորարարութիւններու ներմուծման կարգախօսին տակ երիտասարդ շրջանակներ ներգրաւելու երեւոյթները: Նախադրեալները ցոյց կու տան, որ այս միտումները զարգանալու հեռանկարներ կը պարզեն. եւ եթէ այլ համայնքներու պարագային տեղ-տեղ ամբոխային հասկացողութեամբ կրօնական շեշտադրումներու ներշնչանքներով առաջնորդուիլը, այլ տեղ նորարար քաղաքացիականութիւնը դրօշակ պարզելը ունեցան իրենց որոշ ազդեցութիւնը,  հայ ընտրազանգուածը մնաց ժայռացած` ուղղորդուած ձեւով քուէարկելը ոչ թէ ժողովրդավարութեան պակասով, այլ քաղաքական միահամուռ կամքով համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովում նկատելով:

Վերահաշուարկներն ու հետեւութիւններ ընելը անպայման կը կատարուին համակողմանիօրէն: Որքան ալ փորձենք ապաքաղաքականացնել ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները եւ անպայման քաղաքական հետագայ գործընթացներուն հունաւորումներ չնկատել այս բոլորին մէջ, այսուհանդերձ կարելի չէ չտեսնել, որ դասականացած դաշտերուն մէջ տարբեր առուակներու ջուրեր սկսած են հոսիլ, եւ հետագայ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախկին տրամաբանութիւններով կրնան չընթանալ:

Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու նախօրէին տիրող թերահաւատութիւնը` անոնց կայացման ճակատագիրին շուրջ, վերանալով տարհամոզած է նաեւ տարբեր շրջանակները խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման առումով: Խորհրդարանական մասնակի ընտրութեան կայացումը եւս եկաւ աւելնալու ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն վրայ` թերահաւատութիւնը գրեթէ ամբողջովին ջրելով:

Բայց կ՛ապրինք Լիբանանի մէջ, եւ մետասաներորդ պահուն կոճակի սեղմումները կրնան կանգնեցնել ամէն ինչ: Այս պահու դրութեամբ, սակայն, Լիբանանը կ՛ուզէ իր ատենին կատարել ընտրական հանգրուանները տարբեր մակարդակներու վրայ եւ իրաւապետական պարապութիւններ չստեղծել: Բացի…

Բացի նախագահական պաշտօնէն: Թաէֆով նախագահականէն վարչապետականի անցում կատարելու նախադրեալները պարզող պետական համակարգի գլուխը կը շարունակէ մնալ հանրապետութեան նախագահութիւնը, որ ահաւասիկ երկու տարիէ ի վեր թափուր է: Նոյնիսկ աննախընթացօրէն միաւորուած քրիստոնեայ ամէնէն ներկայացուցչական ուժերու միացեալ թեկնածու առաջադրելու որոշումը չէ յաջողած սայլը շարժել տեղէն:

Կը թուի սակայն, որ նախագահական պաշտօնին հետ կապուած հանգուցալուծումը կոճակ սեղմել տուողներու կողմէ առաջադրուած օրակարգ չէ: Թաէֆով նախագահականէն կիսանախագահական ըստ էութեան անցում կատարած համակարգը այժմ կը գործէ առանց նախագահի եւ անոր լիազօրութիւններու իրականացման: Կառավարութիւնը կը շարունակէ գործել վարչապետի գլխաւորութեամբ, պետական փոխադարձ այցեր կը շարունակուին, առանց հաւատարմագրուելու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հերթափոխներ տեղի կ՛ունենան, թնճուկային թղթածրարներ նոյնիսկ իրենց լուծումը կը գտնեն կառավարութեան նիստերուն, առանց… նախագահի:

Մինչ խորհրդարանը, որուն այս ներկայ պայմաններուն մէջ գլխաւոր գործառոյթը նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնելն է,  այլապէս իր նախագահին դերակատարութեամբ մերթ ընդ մերթ կը համախմբէ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներու եւ գլխաւոր ուժերու ներկայացուցիչները` արտախորհրդարանական միջավայրի մէջ կազմակերպելով Ազգային երկխօսութեան նիստեր:

Առաջադրուածը արգելքներ վերացնելով համաձայնի՞լն է նախագահի ընտրութեան օրակարգին շուրջ, թէ՞ արգելքներ պահելով օրակարգը առկախելն է:

Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ամբողջ երկրի ու պետութեան մէկութեան խորհրդանիշն է: Այդ մէկութիւնը նման միջհամայնքային համակարգի վրայ կառուցուած պետութիւններու պարագային աւելի քան անհրաժեշտ է իբրեւ ամբողջ ժողովուրդի խորհրդանիշ: Ընտրութիւնները սահմանադրականօրէն ճշդուած ժամկէտին կայացնելը միայն թաղապետներուն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն համար կիրարկելու համար չէ: Համալիբանանեան քաղաքական կամքի դրսեւորումը հրամայական է:

Նախորդը

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Բացարձակ Մեծամասնութեամբ Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

Յաջորդը

Այցելութիւն Զօր. Աունի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?