Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստան Չի Կրնար Անմասն Մնալ Ազրպէյճանի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ Գործադրուող Յարձակումներու Ի Տես»

June 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_53116

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 31 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին իր արտասանած խօսքին մէջ  դիտել տուած է, որ Հայաստան մտադիր է հետեւողական կերպով աշխատիլ` իր պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ եւ շարունակել փնտռել խաղաղ լուծում, որ ամէն բանէ առաջ հիմնուած պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին` սեփական ճակատագիրը  տնօրինելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունքին վրայ:

«Համարկումի միաւորումները յաջող ընթացքի մէջ են եւ կը զարգանան անվտանգ միջավայրի մը մէջ: Անվտանգութիւնը մեր պետութիւններուն  տնտեսական զարգացման եւ բարգաւաճման առանցքային հիմքն է: Ես չափազանց կարեւոր կը նկատեմ այն փաստը, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը ձեւաւորած երկիրները միաժամանակ կը հանդիսանան անդամներ ՀԱՊԿ-ի, որուն հիմնական նպատակը մեր տարածքին մէջ համապարփակ անվտանգութեան ապահովումն է: Ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին մէջ եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ իրադրութեան լարումը Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանի անվտանգութեան համար լուրջ մարտահրաւէր դարձաւ: Վտանգը ակնյայտ է` կա՛մ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածքը մեր միջազգային գործընկերներուն  կողմէ կը դիտուի իբրեւ տնտեսական զարգացման, կայունութեան եւ անվտանգութեան գօտի, ուր կարելի է ներդրումներ կատարել, ուր կարելի է երկարաժամկէտ ծրագիրներու նախաձեռնել, կա՛մ բոլորը կ՛ընտելանան այս բարդ իրավիճակին եւ կ՛առաջնորդուին այն հանգամանքով, որ շրջանը լարուածութեան եւ երկպառակտումի մնայուն օճախ է: Չեմ կարծեր, որ երկրորդը կը բխի մեր երկիրներու շահերէն», ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

Սերժ Սարգսեան աւելցուցած է, որ Հայաստան չի կրնար անմասն մնալ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ գործադրուող յարձակումներուն ի տես: «Վստահաբար, Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ուժերը արագ վերականգնեցին իրավիճակը` իրենց վերահսկողութեան տակ առնելով զայն: Այստեղ կարեւոր դեր խաղաց Ռուսիան, որուն Ազրպէյճանը դիմած էր զինադադարի դրութեան վերահաստատման խնդրանքով: Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն ընթացքին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան վստահութեան ամրապնդման քայլեր` շփման գիծին մէջ մշտադիտարկման եւ դէպքերու  հետաքննութեան մեքանիզմի հաստատման ուղղութեամբ: Հայաստան մտադիր է հետեւողականօրէն աշխատելու այս պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ եւ շարունակել փնտռել խաղաղ լուծում, որ ամէն բանէ առաջ հիմնուած ըլլայ  Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին` սեփական ճակատագիրը տնօրինելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունքին վրայ: Հայաստանը համաձայն է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ, որ այդ սկզբունքը, ինչպէս նաեւ ուժի կամ անոր սպառնալիքի չկիրարկելու սկզբունքները, եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կը հանդիսանան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հիմք», եզրափակած է Հայաստանի նախագահը:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում Չկայ

Յաջորդը

Միջնակարգի (Պրէօվէի) Պետական Քննութիւնները Սկսան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.