Գերմանական «Պիլտ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի քննարկման, Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած քառօրեայ պատերազմին եւ հանրային կարծիքին կողմէ դրսեւորուած կեցուածքներուն:
Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող օրինագիծին մասին խօսելով` Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատած է Պունտեսթակի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որպէսզի նման ոճիրներ չկրկնուին: Ան նկատել տուած է, որ գերմանացի ոչ մէկ քաղաքական գործիչ կը ժխտէ Ցեղասպանութեան փաստը, նոյնիսկ անոնք, որոնք ներկայիս դէմ են բանաձեւին: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ այդ գործիչները հաւատարիմ կը մնան ընդհանուր արժէքներուն եւ զանոնք վեր կը դասեն ժամանակաւոր քաղաքական շահերէն:
Նախագահ Սարգսեան շեշտած է, որ Գերմանիան նոյնպէս պատմական պատասխանատուութիւն կը կրէ 1915-ի իրադարձութիւններուն համար: «Գերմանական կայսրութիւնը, ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցը, պատմական ականատեսն էր այդ յանցագործութիւններուն եւ կրնար քայլերու դիմել անոնց կանխարգիլման համար: Սակայն ոչինչ կատարուած է: Գերմանիան առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն կը կրէ եւ պարտաւոր է յատկապէս բարոյական տեսանկիւնէն պաշտպանել արժէքները, որոնք ոչ մէկ փոխզիջում կը ճանչնան», ըսած է նախագահը:
Ըստ անոր, Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գաղթականներու հարցով համաձայնութեան հաւանական տապալումն ու Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քուէարկութիւնը պէտք չէ կապել իրարու: «Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ կուրօրէն հաւատայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին` գաղթականներու հարցի լուծման հարցով, այլ պէտք է սեփական լուծումները փնտռէ», ըսած է Հայաստանի նախագահը:
Ան դիտել տուած է, որ կը զգայ, թէ Թուրքիոյ եւ եւրոպական երկիրներուն միջեւ ձեռքբերուած համաձայնագիրը շատ երերուն հիմքի վրայ դրուած է, իսկ Թուրքիոյ նման գործընկերոջ հետ դժուար պիտի ըլլայ երկարատեւ եւ հեռանկարային նման ծրագիրներ մշակել ու իրագործել: «Եւ յստակ է, որ գաղթականներու հարցով այդ համաձայնագիրի հաւանական ձախողումը ոչ մէկ կապ ունի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին հետ», ընդգծած է հանրապետութեան նախագահը:
Պատասխանելով «Պիլտ»-ի լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպական Միութիւնը կրնա՞յ վստահիլ Թուրքիոյ նախագահին` Սերժ Սարգսեան նշած է, որ չի կրնար արտայայտուիլ Եւրոպական Միութեան անունով, բայց իր անձնական փորձառութենէն մեկնելով կրնայ ըսել. «Ո՛չ, մենք չենք հաւատար Էրտողանին»:
Հայաստանի նախագահին համաձայն` Էրտողանն է, որ արգելափակած է հայ-թրքական հաշտեցման ցիւրիխեան համաձայնագիրներու վաւերացումը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ անոր գծով միջազգային կեցուածքին` հաստատելով, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ կատարուած յարձակումներուն ընթացքին միջազգային հանրութեան կողմէ համերաշխութիւն չարձանագրուեցաւ:
Խօսելով շրջանին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին` նախագահը ըսած է. «Այս պահուն իրադրութիւնը հանգիստ է, կրակոցներ չկան: Սակայն երբ Ազրպէյճանը զինուած յարձակումի սկսաւ, միջազգային հանրութիւնը համերաշխութիւն չցուցաբերեց: Մենք կը ցանկայինք, որ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ աւելի յստակ ընդգծուէր, թէ ի՛նչ պատահած է. Ազրպէյճանը յարձակում կատարած է»:
Լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ նախագահ Սարգսեանի կոչը ի՛նչ պիտի ըլլայ միջազգային հանրութեան. «Հայաստանը փոքր երկիր է: Մենք կը գիտակցինք, որ գուցէ տնտեսապէս աւելի քիչ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնենք: Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ անարդարութիւնը կոչուի իր անունով: Մեզի համար նախ եւ առաջ բաւարար կ՛ըլլար, եթէ եւրոպական ձայները դատապարտէին Ազրպէյճանի գործողութիւնները: Եթէ ատիկա բաւարար չըլլար, հետագայ քայլերը կրնային պատժամիջոցները ըլլալ»: