
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան, Սալբի Պուլղուրճեան – Սիմիթեան եւ Սերուժ Աբիկեան երկուշաբթի, 30 մայիս 2016-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան երկրորդ քարտուղար ժան Քրիսթոֆ Օժէ, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Ֆրանսայի դեսպանին ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի իրադարձութիւնները, ազրպէյճանական բանակին գործած պատերազմական ոճիրները, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ վերջին զարգացումները:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը նաեւ անդրադարձաւ 16 մայիսին Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան` նշելով, որ կարեւորը համաձայնութեան գոյացումը չէ, այլ` անոր գործադրումը: Պատուիրակութիւնը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ Ազրպէյճանի խօսքն ու ստորագրութիւնը կը նկատէ անարժէք եւ անոնց չի վստահիր` նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան 1994-էն ի վեր կը խախտէ այդ թուականի մայիսին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն հետ իր ստորագրած զինադադարի համաձայնութիւնը, եւ ատոր զուգահեռ շարունակ կը յայտարարէ այդ համաձայնութեան եւ տագնապի խաղաղ լուծման նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանին յայտնեց, որ Վիեննայի համաձայնութեան յաջողութեան բանալին ո՛չ միայն անոր գործադրութեան մէջ է, այլ մանաւանդ` Ազրպէյճանի կողմէ անոր գործադրութեան արգելակումը յստակօրէն դատապարտելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն կամքին: Պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ Վիեննայի համաձայնութեամբ վերադարձած ենք զերօ կէտ եւ առանց համանախագահող երկիրներու եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ այդ կամքի յստակ դրսեւորման` Ազրպէյճանի կողմէ ապրիլեան յարձակումին նման մագլցողական քայլերու կրկնութիւնը կը դառնայ անխուսափելի: Պատուիրակութիւնը նշեց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ մինչեւ օրս հնչող, նախայարձակն ու զոհը նոյն նժարին վրայ դնող, ընդհանրական յայտարարութիւնները անօգուտ են ու չեն նպաստեր տագնապի խաղաղ լուծման, որովհետեւ նախայարձակ Ազրպէյճանի կողմէ կ՛ընկալուին իբրեւ յաւելեալ մագլցողական քայլերու դիմելու քարթ պլանշ:
Շուրջ կէս ժամ տեւածհանդիպումի աւարտին` Ֆրանսայի դեսպանը յայտնեց, որ պատուիրակութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պիտի փոխանցէ իր կառավարութեան:


