Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յայտարարութիւններու Եւ Բանաձեւերու Համահնչեղութեան Խնդիրը

June 2, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

agnarg_60216

Գերմանիոյ խորհրդարանի այսօրուան նիստին արծարծուելիք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւին առնչութեամբ Անգարան անհանգստանալու իրաւացի պատճառներ ունի:

Գերմանիոյ որդեգրելիք բանաձեւը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ոչ միայն գերմանական մեղսակցութեան  իրականութիւնը նկատի ունենալու ուղղութեամբ, այլ նաեւ այն հանգամանքով, որ Գերմանիան այսօր Եւրոպան կառավարող հիմնական տնտեսաքաղաքական ուժն է, որ եղանակ կը ճշդէ նաեւ համաեւրոպական արժեչափերու գործադրելիութեան առումով:

Խորհրդարանին քուէարկելիք բանաձեւը իր վերջնական տարազը չէ հագած տակաւին: Այսուհանդերձ կ՛ակնկալուի, որ Գերմանիոյ պետական դաշտը պահէ քաղաքական տրամաբանութիւնը:

Յիշեցման կարգով. 24 ապրիլին Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ յայտնած էր. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի կիսուն այն, ինչ որ աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցեղասպանութիւն էր»: «Գերմանիան մեղքի իր բաժինը ունի այդ տարիներուն կատարուածին մէջ»:

23 ապրիլին Պերլինի մայր տաճարին մէջ` մասնակցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան` Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ իրագործուածը բնորոշեց իբրեւ ցեղասպանութիւն: «Այդ հայերուն ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, կոտորածի, այո՛, ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է, որով 20-րդ դարը կը յիշուի սարսափելի ձեւով: Այսպէս, մենք կը խօսինք հրեաներու Ողջակիզման հետ այս իրադարձութիւններուն նմանութեան մասին», ըսած էր Գերմանիոյ նախագահը:

Ասոնցմէ առաջ ալ, առանց ուղղակի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, Պունտեսթակը խօսած էր այդ ժամանակահատուածին գերմանական մեղսակցութեան մասին:

Խորհրդարանը ուրեմն, առնուազն իր նախագահին յայտարարութեան առանցքային տրամաբանութիւնը պահպանելու առաջնային խնդիր ունի: Բացորոշ է Գերմանիոյ նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն համահնչեղութիւնը: Թէեւ նախագահի պարագային մեղսակցութեան ընդգծումը անուղղակի է, այն առումով որ Ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզման նմանողութեան շեշտումով ակնարկած կ՛ըլլայ նաեւ մեղսակցութեան նմանողութեան իրականութեան:

Անգարան թէ՛ վարչապետի եւ թէ՛ նախագահի խորհրդականի մակարդակներով արձագանգած, աւելի ճիշդը սպառնացած է Պերլինին: Դասական հակազդեցութիւններէն անդին ուշագրաւ է Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդականին ըսածը. Գերմանիան կ՛իյնայ հայկական սփիւռքի կազմակերպած խաղերուն մէջ:

Անշուշտ հակափաստարկելը այստեղ իմաստ չունի. պարզապէս նշենք նախագահ Սարգսեանի երէկ կատարած յայտարարութիւնը, ուր կոչ կար գերմանացի օրէնսդիրներուն չազդուելու Պերլին-Անգարա յարաբերութիւններու վատացման Էրտողանի զգուշացումներէն` բանաձեւը քուէարկելու պարագային:

Թուրքիոյ նախագահին գլխաւոր խորհրդականը այս բանաձեւը կը նկատէր հայկական սփիւռքի կազմակերպած խաղը. պատասխանը կու գար Երեւանէն, հանրապետութեան նախագահէն:

Նախագահ Սարգսեան այս առիթով աւազի վրայ կառուցուած բնութագրած էր Եւրոպական Միութիւն-Անգարա համաձայնագիրը: Պարզ է նիւթի արծարծումին շարժառիթը: Գերմանիան կը ղեկավարէ Եւրոպական Միութիւնը: Նման համաձայնութիւն կեանքի կոչելու համար ճնշումները կը բանեցուին Պերլինի վրայ:

Նման համաձայնութիւններ գործադրութեան չդնելու համար արգելակիչ թղթածրարներ պէտք են: Բայց այս խաղը արդէն ո՛չ հայկական սփիւռքին, ո՛չ ալ Երեւանին կազմակերպածն է: Այդ խաղը Եւրոպական Միութիւն-Անգարա յարաբերութիւններու պարանաձգութեան կը վերաբերի:

Բայց Գերմանիան խաղի կանոններու նկատառումներէն անդին, քաղաքական հետեւողականութիւն պահելու խնդիր ունի. նկատի ունինք Պունտեսթակի նախկին քուէարկութիւնը, երկրի եւ խորհրդարանի նախագահներուն կատարած յայտարարութիւններուն համահնչեղութիւնը:

«Ա.»

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Մեզի Համար Բաւարար Կ՛ըլլար, Եթէ Եւրոպական Ձայները Դատապարտէին Ազրպէյճանի Գործողութիւնները»

Յաջորդը

Քոփա Ամերիքա. Նաւաս Բացակայ` Քոսթա Ռիքայի Կազմէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.