Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 98-Ամեակին Առիթով. «Մենք Եւ Մեր Յաջորդ Սերունդը Պիտի Տեսնենք Նաեւ Արեւմտեա՛ն Հայաստանի Ազատագրումն Ու Միացումը Հայաստանի Եւ Կերտումը Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի» Ընդգծեց Յովիկ Պերթիզլեան

May 30, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ker-10_52916

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-ամեակի  ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2016-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, ներկայութեամբ միութենական, կուսակցական անձնաւորութիւններու, պատասխանատուներու, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, սկաուտական միաւորներու եւ հաւատաւոր երիտասարդութեան խուռներամ  բազմութեան:

ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին կազմակերպած այս ձեռնարկը սկսաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութեամբ` ի յիշատակ դարաւոր այդ տեսլականի իրագործման նպաստած ու անկախութեան կերտումի ճամբուն վրայ իրենց կեանքը նուիրաբերած բազմաթիւ հերոսներուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ մահացած Սիմոն Վրացեանի, Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Հայր Աբրահամի (Աւետիք Սահակեան), Կարօ Սասունիի, Վարվառէ Սահակեանի, Լոլա Սասունիի, Սասունցի Մուշեղի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Մալխասի, Մուրատ Պետրոսեանի, Վարդան Շահպազի,  Հրաչ Փափազեանի, Միսաք Կիրակոսեանի, Քեռի Ղազարի եւ Վահան Փափազեանի (Կոմս) նման անձնուրացներու անմոռաց յիշատակին:

Յովիկ Պերթիզլեան
Յովիկ Պերթիզլեան
Սեպուհ Մանճեան
Սեպուհ Մանճեան
Շաղիկ Յովսէփեան
Շաղիկ Յովսէփեան

Հոգեհանգստեան հոգեպարար արարողութեան աւարտին, ձեռնարկի հանդիսավար Շաղիկ Յովսէփեան սեղմ տողերու մէջ ներկայացուց ձեռնարկին յայտագիրը, որմէ ետք տոքթ. Սեպուհ Մանճեան կարդաց հատուած մը` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, 18 փետրուար 1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն ու Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի անդամ Կարօ Սասունիի հեղինակած գրութիւններէն (ծնած`1888-ին, Սասնոյ Խուլբ գաւառի Ահարոնք գիւղը եւ մահացած Պէյրութ` 1977-ին):

Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Յովիկ Պերթիզլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, թուեց Անկախութեան կերտիչներու Լիբանան ապաստանած փաղանգի նշեալ նուիրեալներուն անունները:

«Այս մարդիկը ազատագրական պայքար մղեցին քաղաքական, քարոզչական, մտաւորական գետնի վրայ, բայց յատկապէս նաեւ` մարտական-զինուորական գետնի վրայ: Կազմեցին հայդուկային խումբեր` ազգին արժանապատուութիւնն ու գոյութեան իրաւունքը պաշտպանելու համար: Հրատարակեցին թերթեր` քարոզչական աշխատանք տանելու եւ դաստիարակելու համար  սերունդները: Վեց հարիւր տարուան ստրուկէն ստեղծեցին ազգ, ստեղծեցին ազգային գիտակցութիւն: 1915-ի ահաւոր Ցեղասպանութենէն ետք այս մարդիկը կրցան իրենց մէջ ուժ գտնել հայ ժողովուրդը հասցնելու համար Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսա, ստեղծելու մայիս 28: Աւերուած Հայաստանէն, սովահար, համաճարակուած, գաղթականներու բնակավայր, կեդրոն դարձած Հայաստանէն այս մարդիկը ստեղծեցին բանակ, Արամներու, Դրոներու, Գարեգին Նժդեհներու գործակցութեան միջոցով: Այս մարդիկը հայութիւնը առաջնորդեցին դէպի յաղթանակ, դէպի Սարդարապատ եւ կերտեցին մայիս 28-ի  անկախութիւնը: Անոնք ոչինչէն ստեղծեցին պետութիւն: Մենք, որ 1375-ին, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ի վեր  պետականութեան երես չէինք տեսած, ստեղծեցին պետութիւն կարճ ժամկէտներու մէջ, ստեղծեցին բանակ ու ներքին ապահովութեան ուժեր, կրթական ցանցեր ու պետական ենթակառոյցի հաստատութիւններ»:

«Մէկ խօսքով, ամբողջովին հաւատք ստեղծեցին ապագային նկատմամբ: Հայ դատի գաղափարը այս մարդիկը վառ պահեցին մեր մէջ եւ Հայ դատի պայքար մղելու համար սերունդներ դաստիարակեցին: Մեր ուղեղներուն մէջ աճեցուցին, կոփեցին, ամրագրեցին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարի տեսլականը, եւ այսօր փաստօրէն մենք Հայաստան ըսելով կը հասկնանք Արցախը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետութիւնը, Նախիջեւանն ու Ջաւախքը: Այս մարդոց գաղափարախօսութիւնն էր ատիկա: Նաեւ այս մարդոց գլխաւոր գործերէն էր` Հայաստանի մաքրագործումը թրքական եւ թրքացեղ տարրերէն, եւ այսօր Հայաստանի բնակչութեան 90 առ հարիւր համեմատութեան հայ ըլլալու իրողութիւնը մենք կը պարտինք այս մարդոց: Այս մարդոց կը պարտինք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուաճումները», ընդգծեց  Պերթիզլեան:

Նշելէ ետք անկախութիւնը կերտած սերունդին արձանագրած նուաճումները, վեց դարերէ շարունակ հայութեան զլացուած անկախութեան շնորհիւ ստեղծուած պետական ենթակառոյցի միաւորները, հաստատութիւնները, հիմնարկները ազգային, ընկերային, կրթական, մշակութային թէ մարզական մարզերուն մէջ` Պերթիզլեան հանգամանաւոր կերպով անդրադարձաւ անոնց սփիւռքեան գործունէութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի գաղութներու կազմակերպման, Լիբանանի պարագային` ազգային կառոյցներու հաստատման, կուսակցական  միաւորներու վերակենդանացման, ՀՕՄ-ի լիբանանեան միաւորի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ), ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի հիմնադրութեան:

«Այս մարդիկը կազմակերպեցին գաղութները, ցեղասպանուած հայութենէն գաղութներուն մէջ ստեղծեցին համայնքներ, գաղթական հայը դարձուցին ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած հայ, տարածեցին լուսաւորութիւն եւ կրթութիւն: Շարունակեցին գաղափարապէս դաստիարակել նոր սերունդներ, անկախութեան եւ պահանջատիրութեան գաղափարը յաւերժ պահեցին սերունդներուն մէջ, եւ ասոր փաստը այսօրուան այս հաւաքն է: Թերահաւատներու ականջին անոնք պոռացին, թէ յաջորդ սերունդները պիտի տեսնեն անկախութիւնը, եւ իրօք` իրականացաւ անոնց այդ հաւատքը եւ նոյն այդ հաւատքը այսօր ինծի թոյլ կու տայ հոս` իբրեւ այսօրուան բանախօս յայտարարելու, թէ մեր յաջորդ սերունդը պիտի տեսնէ նաեւ բռնագրաւեալ Արեւմտեա՛ն Հայաստանի ազատագրումն ու միացումը Հայաստանին եւ կերտումը ամբողջական ու  միացեալ Հայաստան: Նոյն այդ հաւատքը, որ անոնք փոխանցեցին մեզի, մենք կը փոխանցենք յաջորդ սերունդին` հաւատալով, որ անպայման պիտի տեսնենք այդ օրը: Մենք հաւատացողն ենք, որ այս պայքարը պիտի հասնի իր յաղթական աւարտին եւ պատմութեան ընթացքին  մեր բոլոր կորուստներուն վերատիրանալով պիտի իրականացնենք մեր միակ ու գլխաւոր երազը` ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ, շարունակելով այդ մարդոց գործը»:

ker-8_52916

Ապա ներկաները միաբերան երգեցին «Վէրքերով լի» եւ «Յառաջ նահատակ» երգերն ու հերթաբար ծաղիկներ զետեղեցին իւրաքանչիւր անկախութեան կերտիչի շիրիմին:

 

Կարօ Քէլէշեան - Հուրի Ղազարեան
Կարօ Քէլէշեան                       Հուրի Ղազարեան

Գեղարուեստական բաժինով մէջընդմէջ ելոյթ ունեցան Կարօ Քէլէշեան` «Գարուն բացուեց» երգով, իսկ Հուրի Քոչունեան-Ղազարեան ասմունքեց հատուած մը Կարօ Սասունիի գործերէն:

ker-9_52916

Նեկաներուն յաջորդ հանգրուանը եղաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր յոտնկայս «Վէրքերով լի»-ի եւ մահուան հրաժեշտի երգերէն ետք, նուագակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Երուանդ Փամպուքեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ Տիգրան Ճինպաշեան ծաղկեպսակ զետեղեցին ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Այս Տօնը Մեզի Համար Փրկութեան Տօն Է»

Յաջորդը

Մայիսեան Յաղթանակի Յատկանշական Փառատօն` «Սարդարապատէն Մինչեւ Արցախ` Դէպի Յաղթանակ» Խորագիրով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.