Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի  Համանախագահները Այցելեցին Արցախ

ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Այցելեցին Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 7 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), Ճէյմզ Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցումով` հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան Ազրպէյճանի...

«Մեր Զոհերը Թանկ Զոհեր Են,  Բայց Իմաստաւորուած Է  Այդ Զոհաբերութիւնը, Որովհետեւ  Մենք Պատիւով Դուրս Եկած Ենք»  Շեշտեց Հրանդ Մարգարեան

«Մեր Զոհերը Թանկ Զոհեր Են, Բայց Իմաստաւորուած Է Այդ Զոհաբերութիւնը, Որովհետեւ Մենք Պատիւով Դուրս Եկած Ենք» Շեշտեց Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ երէկ նոր վերադարձած էր Լեռնային Ղարաբաղէն, «Երկիր»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ներկայացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը եւ անդրադարձած ՀՅԴ պատուիրակութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպումին: Ան դիտել տուած է, որ նախագահ Սահակեանի հետ զրուցած են սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին եւ վերջին շաբթուան ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին: «Պարզ է, որ Ազրպէյճանը իր...

Սահակեան. «Մենք Տեղեակ Եղած Ենք,  Որ Հակառակորդը Բան Մը Կը Նախապատրաստէր»

Սահակեան. «Մենք Տեղեակ Եղած Ենք, Որ Հակառակորդը Բան Մը Կը Նախապատրաստէր»

7 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան խօսեցաւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 1-5 ապրիլին հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած պատերազմական լայնածիր գործողութիւններուն սկսման մասին, անդրադարձաւ ղարաբաղեան տագնապի ակունքներուն, ինչպէս նաեւ գնահատական մը տուաւ վերջին դէպքերուն նկատմամբ միջազգային ընտանիքին դիրքորոշման` հաստատելով, որ մղուած պատերազմը խաղաղութեան համար է, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կարենայ վերջնական...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին  Առիթով.  Շաղիկ Արզումանեանի «Աշխարհագրութիւններ»  («Ճէոկրաֆիզ») Ժապաւէնի  Ցուցադրութիւն «Սանթր Սոֆիլ»-ի Մէջ

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Սիսի Կաթողիկոսութեան Դատական Հայցի Գործընթացին Մասին Զեկուցական Հանդիպում

Երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին: Հանդիպումին Սիսի կաթողիկոսութեան դատական հայցի գործընթացին մասին զեկուցեցին Լիբանանի պետական համալսարանի եւ Սպայից վարժարանի քաղաքական գիտութիւններու դասախօս եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Նորա Պայրագտարեան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Յուսիկ Ծ....

Լիբանանահայ Նոր Սերունդը Հաւաքով Մը  Արտայայտեց Իր Զօրակցութիւնը Արցախին  Եւ Ընդվզումը` Ազրպէյճանի Բռնարարքներուն Դէմ

Լիբանանահայ Նոր Սերունդը Հաւաքով Մը Արտայայտեց Իր Զօրակցութիւնը Արցախին Եւ Ընդվզումը` Ազրպէյճանի Բռնարարքներուն Դէմ

«Միշտ ձեր կողքին» կարգախօսին ներքեւ երէկ երեկոյեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական երիտասարդական հաւաք մը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ): Նախքան հաւաքը, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, որ սկսաւ «Սարդարապատ» ակումբէն` հասնելով մինչեւ Ս. Փրկիչ եկեղեցի եւ ապա Պուրճ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Եւ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Եւ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին

Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան եւ Սերուժ Աբիկեան, այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ: Կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամները Ռուսիոյ դեսպանին ներկայացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ...

Պերլինի Մէջ.  «Ղարաբաղի Ժողովուրդը Պատերազմ Չ՛ուզեր,  Այլ Կ՛ուզէ Ինքնուրոյն Տնօրինել  Իր Ճակատագիրը Եւ Ազատ Կերտել Իր Ապագան»  Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Պերլինի Մէջ. «Ղարաբաղի Ժողովուրդը Պատերազմ Չ՛ուզեր, Այլ Կ՛ուզէ Ինքնուրոյն Տնօրինել Իր Ճակատագիրը Եւ Ազատ Կերտել Իր Ապագան» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան 6-7 ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Գերմանիա կը գտնուի, այդ շրջագիծին մէջ ալ հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ կ՛ունենայ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Եոահիմ Կաուքի, Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամմերթի, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահող Ֆրանք Վալթեր...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է  ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 ապրիլին ընդունած է ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը` Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր: Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 1-4 ապրիլին հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած պատերազմական լայնածիր գործողութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք տիրող կացութեան վրայ: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ օրհասական պահուն ամբողջ հայ ժողովուրդը...

Յովիկ Աբրահամեան Եւ Տմիթրի Մետվետեւ Քննարկած Են Վերջին Զարգացումները

Յովիկ Աբրահամեան Եւ Տմիթրի Մետվետեւ Քննարկած Են Վերջին Զարգացումները

5 ապրիլի երեկոյեան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ  վարչապետներ Յովիկ Աբրահամեանն ու Տմիթրի Մետվետեւը ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին` արձանագրելով, որ տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ բանակցային ճամբով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափի ծիրին մէջ: Վարչապետ Մետվետեւ հաստատած է, որ պաշտօնական այցելութեամբ 7-8 ապրիլին Հայաստան պիտի այցելէ,...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Հաղորդագրութիւնը`  Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն

Կլոր Սեղան Փարիզում

(Փարիզ, 6 Ապրիլ 2016) – ՀՅԴ Ֆրանսիայի կենտրոնական կոմիտէի որոշմամբ եւ Ֆրանսիայի Հայ Դատի Յանձնախմբի նախաձեռնութեամբ, քարոզչական աշխատանքների շրջանակում, ապրիլի 8-ին Փարիզում անց է կացուելու կլոր սեղան` ,թուրքեօ ներքաղաքական իրավիճակը եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներըէ թեմայով: Կլոր սեղանին յատուկ կերպով հրաւիրուել են եւ պէտք է մասնակցեն` Թուքիայի Ժողովուրդների Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, եւ HDP-ի Եւրոպայի ներկայացուցիչ` Էյուփ Դորիւն: Մասնակցելու...

Չորս Օրերու Վրայ Երկարող Զինուորական  Գործողութիւններէ Ետք Երկկողմանի  Զինադադարի Պայմանաւորուածութիւն

Չորս Օրերու Վրայ Երկարող Զինուորական Գործողութիւններէ Ետք Երկկողմանի Զինադադարի Պայմանաւորուածութիւն

Ֆրանսայի Եւրոպական Հարցերու Նախարարը Շեշտը Կը Դնէ Ինքնորոշման Իրաւունքին Վրայ Հակառակորդին Կողմէ Գրաւուած Բոլոր Յենակէտերը Եւ Դիրքերը Վերադարձան Հայկական Կողմին Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական գործողութիւններու սանձազերծումէն 4 օր ետք եւ այնպիսի մթնոլորտի մէջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան թէ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ զգալի էր զօրաշարժի մթնոլորտը` զօրակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, երէկ կէսօրին գոյացաւ երկկողմանի պայմանաւորուածութիւն` զինադադար յայտարարելու: Մինչ այդ, անցնող երկու օրերուն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ կէսօրին, ՍԴՀԿ-ի Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը, որուն աւարտին մասնակիցները հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: Լիբանանահայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները մտահոգութեամբ կը հետեւին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին, որ միջազգային իրաւունքի բոլոր չափանիշները խախտելով կը փորձէ ռազմաքաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծել շրջանին մէջ: Ազրպէյճան, իբրեւ նախայարձակ երկիր, ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղի անզէն ժողովուրդին...

Արլեմ Տեզիր Կարեւոր Կը Նկատէ  Ինքնորոշման Իրաւունքը

Արլեմ Տեզիր Կարեւոր Կը Նկատէ Ինքնորոշման Իրաւունքը

5 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանսայի խորհրդարանի նիստին, ընկերվար երեսփոխան Նաթալի Նիեսոն, որ սեպտեմբեր 2015-ին մեկնած էր Ղարաբաղ, խորհրդարանի նիստին ընթացքին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հարց դրած եւ շեշտած է Ազրպէյճանի յարձակողական դերակատարութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատած է զինադադարի անհրաժեշտութիւնը` Ազրպէյճանին ստիպելով, որ բանակցութեան ճամբով կարգաւորէ հարցերը, միաժամանակ պաշտպանած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքները: Իսկ եւրոպական հարցերու նախարար Արլեմ Տեզիր, որ...

Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը  Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայ Համայնքին

Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Հայ Համայնքին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Էմանուել Պոնի դիւանագիտական առաքելութեան սկսման առիթով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու պետեր, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, նախկին եւ ներկայ նախարարներ, գործարարներ: Լիբանանի եւ Ֆրանսայի զոյգ քայլերգներէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւօ...

«Մենք Որեւէ Վստահութիւն  Չունինք Ազրպէյճանի Խօսքին»  «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մուրատ Փափազեան

«Մենք Որեւէ Վստահութիւն Չունինք Ազրպէյճանի Խօսքին» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մուրատ Փափազեան

Երէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի հետ: Արցախի վերջին զարգացումներուն եւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով Արցախի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն մասին` Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ նախ պէտք է ամբողջ աշխարհը դատապարտէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ...

«Ողջ Սփիւռքը Զօրակոչի Ենթարկուած Է Ղարաբաղի Կողքին»  Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Ղարաբաղի Նախագահին

«Ողջ Սփիւռքը Զօրակոչի Ենթարկուած Է Ղարաբաղի Կողքին» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Ղարաբաղի Նախագահին

Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը, վերջին երկու օրերու ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, հեռաձայնային կապ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մեծարգոյ Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ, ու յայտնեց իրեն, թէ «Ողջ Սփիւռքը զօրակոչի ենթարկուած է Ղարաբաղի կողքին եւ միակամ ոգիով, կամքով ու հաւատքով պատրաստ է օժանդակելու Ղարաբաղին՝ ամէն իմաստով»։ Հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին Պրն. Նախագահը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին...

ԼՂՀ Կառավարութեան Դիմումը Համայն Հայութեանը

ԼՂՀ Կառավարութեան Դիմումը Համայն Հայութեանը

Արցախի համար ստեղծուած այս ծանր իրավիճակում հազարաւոր հայրենակիցներ դիմում են Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեանը` յայտնելով իրենց աջակցութիւնն ու օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը: Այդ կապակցութեամբ` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը թիկունքային եւ ինժեներական աշխատանքները Պաշտպանութեան բանակի հետ համադրելու համար ստեղծել է օպերատիւ շտաբ, որը գլխաւորում է ԼՂՀ վարչապետը, շտաբի անդամներն են` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Լեւոն Գրիգորեանը...

Հայկական Զինեալ Ուժերը Ծանր Հարուածներ Կը Հասցնեն Ազրպէյճանական Նախայարձակ Ուժերուն. Հայկական Աշխարհը` Զօրաշարժի Ենթարկուած

Հայկական Զինեալ Ուժերը Ծանր Հարուածներ Կը Հասցնեն Ազրպէյճանական Նախայարձակ Ուժերուն. Հայկական Աշխարհը` Զօրաշարժի Ենթարկուած

Նախագահ Սարգսեան Անհրաժեշտ Կը Գտնէ Ղարաբաղի Հետ Զինուորական Փոխօգնութեան Համաձայնագիրի Կնքումը  Հայկական Ստորաբաժանումները Ռազմաճակատի Որոշ Հատուածներու Մէջ Կ՛ազատագրեն Նորանոր Դիրքեր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ 1-էն 2 ապրիլի լուսցող գիշերուընէ սկսեալ, ազրպէյճանական զինեալ ուժերը, 1994 թուականէն ի վեր գործող զինադադարի համաձայնագիրի աննախադէպ եւ ամէնէն լայնածաւալ խախտումով, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի բոլոր ուղղութիւններով նախաձեռնեցին...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ վերջին երկու օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, որ 1994-ի զինադուլի հաստատումէն ի վեր աննախընթաց ու մեծագոյն խախտումը կը նկատուի: Ազրպէյճան այս ձեւով կը հարուածէ միջազգային ընտանիքի որդեգրած բանակցային գործընթացը եւ կը ստանձնէ կատարուածին եւ հետագային տեղի ունենալիք զարգացումներուն ու արձանագրուած հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Հաղորդագրութիւնը`  Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Հաղորդագրութիւնը` Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին վրայ սանձազերծուած ազրպէյճանական վայրագ յարձակումները, որոնք թիրախ դարձուցին Ղարաբաղի բնակելի տարածքները` 2 ապրիլի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ: «Զինուորական այս յարձակումները մայիս 1994-ի զինադուլէն ի վեր առաջին լայնածաւալ եւ լուրջ յարձակումներն են: Նշենք, որ 1988-ին Ազրպէյճանի բռնութիւններուն, հալածանքներուն եւ...

Page 706 of 795 1 … 705 706 707 … 795

Արխիւներ