«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պարսումեան- Տատոյեանի «2015-Հայ վիճակը յետհայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ-վերլուծում մը» գիրքին ներկայացումը հեղինակին կողմէ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան ներկայացուց զեկուցաբեր փրոֆ. դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանը, ապա յայտնեց, թէ անոր մտաւորական գործունէութեան առանցքը կը կազմէ հայ մշակոյթին եւ պատմութեան քննական վերարժեւորումը` անոնց փոխադարձ յարաբերութիւններուն ընդմէջէն: Ս. Աբէլեան ակնարկելով գիրքին ըսաւ, թէ աշխատասիրութիւնը, որ լայն հանրութեան եւ մտաւորականութեան ուղղուած է, քննական վերարժեւորում մըն է հայ վիճակին, հայագիտական հարցերու, յետհայեցութեամբ` դէպի անցեալը եւ նախահայեցութեամբ` դէպի ապագան:
Ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Սեդա Տատոյեան: Ան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ գիրքը գրուած է Եղեռնի 100-ամեակին առիթով, սակայն կը վերաբերի ամբողջ հայ վիճակին` բոլոր ժամանակներուն եւ տեղերուն մէջ եւ արդիւնքն է տարիներու սերտողութեան, վերլուծումներու ու մանաւանդ իմացական եւ ոգեկան տագնապի: Գիրքը ձօնուած է «անոնց, որոնց համար ըլլալ հայ, ըլլալ է գոյ»: Իսկ գործին նպատակն է ստեղծել երկխօսութեան եւ վիճարկութեան բաց-ազատ տարածութիւն մը, կամ իսկակա՛ն հայկական զրուցարան մը:
Փրոֆ. Տատոյեան ըսաւ, թէ ամէն գիտութիւն եւ ճանաչողութիւն պէտք է ծառայէ մարդկային կենսական շահերուն: Հասկնալ եւ պահել ինքնութիւնը կը նշանակէ տեսնել հայոց հիմնական շահերը ճշգրիտ պատմութեան եւ պատմական փորձառութեանց գիտութեան ազատագրող ուժին մէջ: Ապա ներկայացնելով գիրքին բովանդակութիւնը` յայտնեց, որ ան կը բաղկանայ յառաջաբանէ, երեք մասերէ` «Յետահայեցութեամբ», «Նախահայեցութեամբ», «Յետհայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ»: Ունի եզրակացութեան բաժին, որուն խորագիրն է` «Մաքրասրբում եւ վաղորդայնը», ինչպէս նաեւ երկու յաւելուածներ` «Հայոց պատմութեան ժամանակագրութիւն» եւ «Եզրաբանութիւն» (հայերէն-անգլերէն եւ անգլերէն-հայերէն):
Փրոֆ. Տատոյեան յայտնեց, որ «Յետհայեցութեամբ գլուխը կը ներկայացնէ հայ վիճակին եւ պատմական եղափոխութեան իւրայատուկ կողմերն ու մակարդակները, կը քննարկէ բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս` միջնադարեան պատումներ, գաղափարաբանութիւն, սփիւռք, ինքնութիւնը իբրեւ էութիւն, բնիկ լեզու, բնիկ մշակոյթ, ինքնավար քաղաքականութիւն, հայկական քաղաքականութիւն եւ այլ նիւթեր: Երկրորդ գլուխը կը ներկայացնէ կողմնակի ելքեր եւ ամբողջական ետդարձներ հանրութեան, կրթական հաստատութեանց եւ մտաւորական մակարդակներուն վրայ, իսկ երրորդ գլուխը կը ներկայացնէ երեւութաբանական եւ ամբողջաբանական վերլուծում մը արեւմտահայերէնի, պատմագրութեան եւ ինքնութեան մասին:
Ինչ կը վերաբերի մայրենի լեզուին, զեկուցաբերը ըսաւ, թէ արեւմտահայերէնը առաջին դիւրին զոհն է, սակայն անիկա նաեւ ամէնէն ազդու գործիքն է ամէն կարգի ծրագիրներ թէ՛ յաջողցնելու եւ թէ՛ ձախողեցնելու համար: Հակազդելու առաջին կերպը նախ գիտակցիլ է այսպիսի քաղաքականութեան մը շօշափելի՛ գոյութեան, ապա պայքարիլ անոր դէմ:
Խօսելով պատմագրութեան եւ փիլիսոփայական մտածելակերպին մասին` փրոֆ. Տատոյեան դիտել տուաւ, թէ հայերու պարագային ինքնութիւնը եւ մանաւանդ հողը պաշտպանելու եւ պահելու նշանաբանին տակ պարտադրուած մշակութային միատեսականացումը ռազմավարութիւն մըն է միայն: Մշակութային դիւանագիտութիւնը պարզապէս մշակոյթին վերաբերեալ հանրային քաղաքականութիւն է, անիկա «կակուղ ուժ» է հակակշռելու համար մշակութային գործունէութիւնը եւ արտադրութիւնները: Մտաւորականը ան է, որ կը զբաղի ընկերային իրականութեանց մասին քննական մտածումով, սերտողութեամբ ու խորհրդածութեամբ եւ կը կազմէ առաջադրանքներ անոնց լուծումին ու բարելաւումին համար: Մտաւորականը կը ծնի հակադրութեան մէջ եւ անո՛ր պատճառով, եւ իր էութիւնն է ըլլալ քննադատական եւ գործօն: Ճշմարիտ մտաւորականին համար արտաքին չափանիշներ, օրինականացումներ եւ ճնշումներ նուազագոյն ազդեցութիւնը ունին իր բուն աշխատանքին վրայ:
Զեկուցաբերը ըսաւ, թէ անհատը չի կրնար որդեգրել այնպիսի ինքնութիւն մը, որ արտադրութիւնն է իրմէ դուրս աղբիւրներու: Եթէ ազատ ժողովուրդի մը գոյատեւումին կորիզը գործօն ու պատմական ինքնութեան գիտակցութիւնն է` եւ եթէ անիկա նաեւ կը կազմէ անհատին ալ էութեան ու գոյութեան իմաստը, ապա ուրեմն այդ ինքնութիւնը պէտք է որ ունենայ այնպիսի պատմական բովանդակութիւն, որ խորապէս հասկցուած եւ իւրացուած է անհատին կողմէ եւ ուրիշ ոչ մէկ աղբիւրէ:
Փրոֆ. Տատոյեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Ժողովուրդին եւ մշակոյթին գոյատեւումը կախում ունին նոր, ուժական, քննադատական եւ հոսուն մշակոյթէ մը, որ պիտի ձեռնարկէ բոլոր հայկական արժէքներու վերարժեւորումին, յետհայեցութեամբ եւ նախահայեցութեամբ: Հայ մտաւորականը այլեւս պէտք է ըլլայ աւելի ինքնագիտակից, ինքնաքննադատական եւ հաշուետու: Հայ մեթասիսթեմը պէտք է որ բարոյական եւ նիւթական ուժ հայթայթէ անհատին, որպէսզի բացարձակ ազատութեամբ ան կարենայ մտածել եւ կատարել իր ընտրութիւնները: Այս գործընթացը կը պարտադրէ արմատական վերատեսութիւն մը հայ հաստատութիւններու եւ մտաւորականութեան մշակութային դիւանագիտութեան»:
Ձեռնարկի աւարտին փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան պատասխանեց ներկաներու հարցումերուն:
Նշենք, որ փրոֆ. Սեդա Տատոյեան իր գիրքը ներկայացուց նաեւ Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, հինգշաբթի, 2 յունիս 2016-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մշակութային ժամ» յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: