Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Ներկայ Գտնուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Զօրամասին Հերթափոխութեան

Յունիս 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

UNIFIL1_60116

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երկուշաբթի, 30 մայիսին ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղաքաղաք, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրամասի կեդրոնը:

Դեսպան Մկրտչեան ներկայ գտնուեցաւ հայկական զօրամասին հերթափոխութեան պաշտօնական արարողութեան:

Սամուէլ Մկրտչեան Շամաայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու Արեւմտեան հատուածի հրամանատար զօր. Արթուրօ Նիթթիի հետ` ներկայութեամբ հայ խաղաղապահ ուժերու Գ. եւ Դ. զօրամասերու հրամանատարներուն:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Նիթթի ներկայացուց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, առկայ մարտահրաւէրներն ու հարցերը: Նիթթիի հրամանատարութեան տակ գտնուող հատուածին ծիրին մէջ կը ծառայեն 13 երկիրներ եւ 3800 զինուորներ: Ան դրուատեց հայ խաղաղապահներուն մասնագիտական պատրաստուածութիւնը, կարգապահութիւնը եւ բազմաթիւ ազգերէ բաղկացած միջավայրի մէջ աշխատելու ունակութիւնները:

Զօր. Նիթթի բարձր գնահատեց հայկական զօրամասի արագ համարկումի որակը:

UNIFIL2_60116

Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի խաղաղապահ ջոկատի կազմաւորման, ՕԹԱՆ-ի չափանիշներով անոնց գործառնական կարողութիւններու ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Քոսովոյի ուժերուն եւ Աֆղանիստանի գործողութիւններուն մասնակցութեան առումով անոնց փորձառութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը զարգացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ խաղաղապահութեան յանձնարարութիւններու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:

Հերթափոխութեան պաշտօնական արարողութեան ընթացքին, ծառայութիւնը աւարտող հայ խաղաղապահներու Գ. զօրամասը իր լիազօրութիւնները փոխանցեց Լիբանան հասած յաջորդ Դ. զօրամասին: Յանձնումի եւ ստանձնումի ընթացքին ելոյթներ ունեցան զօր. Նիթթի, կեդրոնի մարտական աջակցութեան գումարտակի հրամանատար փոխգնդապետ Ճիուզեփփէ Անեքքա եւ հայ խաղաղապահ ուժերու Գ. զօրամասի հրամանատար հազարապետ Գէորգ Սայադեան:

Զօր. Նիթթի շնորհակալութիւն յայտնեց հայ խաղաղապահներուն` անոնց բարեխիղճ եւ բարձր մակարդակով ծառայութեան համար: Ան գնահատեց անոնց կարգապահութիւնը եւ ծառայողական պատրաստուածութիւնը: Ջոկատի զօրավարը շնորհաւորեց տուն վերադարձող հայ խաղաղապահները եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց պարտականութիւններ ստանձնող նոր զօրամասին:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Գ. զօրամասի հայ խաղաղապահ ուժերուն պարգեւատրումով: Անոնք ստացան ՄԱԿ-ի յատուկ մետալներ` առաքելութիւնը յաջողութեամբ աւարտելու համար:

Հերթափոխութեան պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչը, զինուորական կեդրոնի սպայական անձնակազմը, ինչպէս նաեւ այդ կեդրոնին մէջ գտնուող այլ երկիրներու խաղաղապահ ուժեր:

 

 

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը, Իսկ Խորհրդարանը Շարունակեց Քննարկել Ընտրական Խառն Օրինագիծը

Յաջորդը

Ուորլիք. «Յունիսին Նախագահներու Հանդիպում Կ՛ակնկալենք»

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?