
Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Վոժճիեք Պոզեք այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին` «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նախ եւ առաջ լայն անդրադարձ մը կատարելու հայ-լեհական պատմական յարաբերութիւններուն, ապա քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող զանազան հարցեր:
Դեսպանը յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ` անդրադառնալով անոր դերակատարութեան:
Հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքները լիբանանեան թատերաբեմին վրայ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիահայ գաղթականներու հարցին:


