Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Հանդիսաւոր Մրցանակաբաշխութիւն
Լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով` 2003 թուականին, ընդառաջելով Արցախի հողը իր թանկ արեամբ ոռոգած նահատակի ընտանիքին առաջարկին, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ծնունդ տուաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքին, որ տեղի կ՛ունենայ տարեկան դրութեամբ եւ կը համախմբէ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ ու երկրորդական կարգերու աշակերտութիւնը` ստեղծելով ազնիւ մրցակցութեան խանդավառ մթնոլորտ մը: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի,...




















