Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 9, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ANC-Lebanon_fՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Իսրայէլի հետ իր քաղաքական, տնտեսական ու մանաւանդ զինուորական սերտ յարաբերութիւններով ծանօթ Ազրպէյճանի Սուրիոյ մէջ դեսպանատունը Լիբանան փոխադրելու քայլը չի կրնար մտահոգութիւն չպատճառել: Այդ քայլը առաւել մտահոգիչ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք այդ քայլին թայմինկը. Սուրիոյ մէջ տագնապի սկիզբէն վեց տարի եւ Ազրպէյճանի «մեծ եղբօր»` Թուրքիոյ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն կնքելէն ետք, Պաքուի դեսպանատունը Դամասկոսէն Այն Ար փոխադրելու իրողութիւնը չի կրնար այդ քայլին ու մեր հայրենիքին մէջ այդ դեսպանատան հետագայ գործունէութեան շուրջ կասկածներ չյառաջացնել:

Ազրպէյճան բռնատիրական ու յարձակողապաշտ պետութիւն մըն է, որուն խօսքն ու ստորագրութիւնը անարժէք են: Վկայ 1994-ին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն հետ իր գոյացուցած զինադադարի համաձայնութեան կնքման թուականէն մինչեւ այսօր, յարատեւօրէն խզելու անոր վարքագիծը, ինչպէս նաեւ 16 մայիսին Վիեննայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գոյացուցած համաձայնութենէն եւ 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ եռակողմանի հանդիպումէն մէկ շաբաթ ետք, յայտարարութեամբ մը` միջազգային բարձրաստիճան միջնորդութեամբ կայացած այդ հանդիպումներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով գոյացած համաձայնութիւններէն հրաժարելու Ազրպէյճանի մենատէր Իլհամ Ալիեւի քայլը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի իշխանութիւններուն, պետութեան անվտանգութեան կառոյցներուն եւ քաղաքական ուժերուն կոչ կ՛ուղղէ` աչալրջութեամբ հսկելու Իսրայէլի սերտ գործակիցներէն` Ազրպէյճանի բազմամարդ անձնակազմով դեսպանատան գործունէութեան` պաշտպանելու համար արդէն իսկ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր հայրենիքին պետական անվտանգութիւնն ու քաղաքացիներուն անդորրութիւնը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ
7 յուլիս 2016

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Թալին Մարտիրոսեան Նշանակուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէն

Յաջորդը

Բարի Լոյս 25. Ամավերջի Դպրոցական Հանդէսներու Առիթով` Թիւերէն Անդին…

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.