Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան փոխանցած են, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումի ժամկէտերու, վայրի եւ ձեւաչափի հետ կապուած խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
«Ինչպէս նշած է արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոն, Ֆրանսան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հանդիպում կազմակերպել», ԱՓԱ լրատու գործակալութեան ըսած են Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն: