Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ «Փրկութեան քարտէս»-ը (map of salvation) ժապաւէնի արտադրիչ, «Մէն Փիքչըրս սթիւտիա»-ի հիմնադիր եւ սեփականատէր Մանուէլ Սարիբէկեան: Սարիբէկեան Լիբանան կը գտնուի Հայկազեան համալսարանի հրաւէրով: Ժապաւէնին պէյրութեան ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ա.Պէ.Սէ» Էշրեֆիէի շարժապատկերի ցուցադրասրահներէն մէկուն մէջ: Ժապաւէնը կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հինգ եւրոպացի միսիոնար կանանց կեանքը եւ նուիրումը հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
«Ազդակ» աւելի ուշ պիտի անդրադառնայ Մանուէլ Սարիբէկեանի աշխատանքներուն: