Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Գնահատեց 2015-2016 Տարեշրջանի Հայ Համալսարանականներու Հունձքը

Յուլիս 6, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

h-0_70516

h-2_70516

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին (ՀՀՀ), ուրբաթ, 1 յուլիս 2016-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 կրթական տարեշրջանի հայ համալսարանականներու հունձքի գնահատման յատուկ երեկոյ մը: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի շուրջ յիսուն համալսարանաւարտներ, ծնողներ, Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի անդամներ եւ բարեկամներ:

h-1_70516

Համախմբումի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հանտեան կատարեց գնահատանքի երեկոյին բացման խօսքը: Ան շնորհաւորելէ ետք նոր համալսարանաւարտները, հրաւիրեց բոլորը մասնակից դառնալու համախմբումի յառաջիկայ աշխատանքներուն` նոր շունչ եւ յաւելեալ աշխուժութիւն բերելով:

Շրջանաւարտներ` Վարանդա Եագուպեան եւ Վահէ Սէֆէրեան, կարդացին իրենց սրտի խօսքերը: Անոնք նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հայրապետին ու համախմբումի վարչութեան այս նախաձեռնութեան համար, ապա ընդգծեցին հայ համալսարանաւարտին ունենալիք կարեւոր դերակատարութեան ազգային կեանքին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերութեան մէջ:

Երեկոյի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վեհափառ հայրապետը, որ շնորհաւորեց նորաւարտ համալսարանականները` կարեւոր նկատելով վկայական ստանալու երեւոյթը, որ արգասիքն է տքնաջան աշխատանքի: Ան անդրադարձաւ համալսարանական ուսանողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, սակայն թելադրեց ըլլալ ուժեղ եւ յաղթահարող:

h-5_70516

Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Համալսարանաւարտները պէտք է մնան մեր գաղութին մէջ, եւ զօրացնեն զայն: Տուեալները ցոյց կու տան, որ մեր գաղութը հետզհետէ կը պարպուի ուսանողներէ, որոնք կը ճամբորդեն օտար երկիրներ, տնտեսական աւելի լաւ պայմաններ ունենալու յոյսով: Մեր հայ գործատէրերը իրենց գործարաններուն եւ գործատեղիներուն մէջ պէտք է տեղ տան հայ համալսարանաւարտին եւ ազգային գիտակցութենէ մեկնելով զիջին այն նիւթական խնայողութիւնը, որ պիտի ապահովէին օտարը աշխատցնելով»:

Վեհափառ հայրապետը նորաւարտ համալսարանականներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Վկայական ստանալը ձեր կեանքին մէջ երբե՛ք չըլլայ վերջակէտ, այլ մեկնակէտ` մասնակցելու մեր միութենական եւ հասարակական գործունէութեան: Պէտք է միշտ աշակերտ մնանք, որովհետեւ կեանքի տեւողութեան մենք սորվելիք ունինք: Մեր վկայականները պէտք չէ ըլլան ինքնանպատակ, այլ պէտք է արժեւորուին մեր մասնակցութեամբ` եկեղեցական, ազգային, մշակութային բնագաւառներուն մէջ տարուելիք բոլոր աշխատանքներուն»:

Հանդիսութեան աւարտին, իւրաքանչիւր շրջանաւարտ վեհափառ հայրապետէն ստացաւ յուշանուէր մը:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կայէլ Գրիգորեան եւ Կարօ Քէլէշեան:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Համաուղղափառ Եպիսկոպոսաց Ժողովին

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?