
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` երկուշաբթի, 4 յուլիսին ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի անդամները եւ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան, որոնք Երեւան կը գտնուին` մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին մէջ գումարուող արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատած է նիստին աշխատանքը, որ նպատակաուղղուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկուն` կազմակերպութեան անդամ երկիրներու միջեւ արտաքին քաղաքականութեան համակարգման արդիւնաւէտութեան բարձրացման: Նշելով, որ մինչեւ այս նիստը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Ռազմական կոմիտէի եւ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի նիստերը, որոնց ընթացքին քննարկուած են ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործընթացներու կատարելագործման, միջազգային ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի ընթացքին կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ջանքերու համադրման, Արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու հակաահաբեկչական ներուժի ամրապնդման ուղղութեամբ միացեալ ջանքերուն, Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարներու նիստը նոյնպէս կը գումարուի կառուցողական մթնոլորտի մը մէջ, որուն ընթացքին համաձայնութեան կ՛արժանանայ նաեւ մինչեւ 2025 թուականի ժամանակահատուածին համար հաւաքական անվտանգութեան ռազմավարութիւնը, կը փոխանցէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներուն հետ կապերու վարչութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է միջազգային հարթակներու վրայ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու կողմէ փոխադարձ կենսական շահերու հետապնդումը` հաշուի առնելով սկզբունքային պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացումը:
Նիքոլա Պորտիւժան Հայաստանի նախագահին զեկուցած է արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի օրակարգի ծիրին մէջ քննարկուելիք հարցերու եւ Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին մէջ ՀԱՊԿ-ի յառաջիկայ ծրագիրներու մասին:


