Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան, 2 յուլիսին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարած է:
Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, նիստին օրակարգը ներառած է «Կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման ռազմավարութեան» նախագիծի մասին հարցը եւ այլ հարցեր:
Խորհուրդի անդամները քննարկած եւ համաձայնութիւն յայտնած են «Կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման ռազմավարութեան» նախագիծին, որ զեկուցած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան:
Հիմնաւորելով վերոնշեալ ռազմավարութեան ընդունման անհրաժեշտութիւնը` նախարարը ընդգծած է, որ ան կը բխի կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման մարզին մէջ իրականացուող գործունէութեան պատշաճ համակարգման, անհրաժեշտ իրաւական կարգաւորումներու կիրարկման, քաղաքական առաջնահերթութիւններու եւ անվտանգութեան ապահովման սկզբունքներու յստակ ձեւակերպման, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն սահմանուած անվտանգութեան պահանջներուն համահունչ երկարաժամկէտ պետական քաղաքականութեան իրականացման ու կենսաբանական սպառնալիքներու հակազդեցութեան ուղղուած ձեռնարկներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման հրամայականէն:
Ռազմավարութեան հիմնական նպատակն է` կատարելագործել եւ ամրապնդել կենսաբանական անվտանգութեան ապահովման համակարգը` ներքին եւ արտաքին վտանգները, սպառնալիքները դիմակայելու, ինչպէս նաեւ մարդու, բնակչութեան եւ շրջակայ միջավայրի կենսոլորտային համակարգի վրայ կենսաբանական սպառնալիքներու ազդեցութեան վտանգները նուազեցնելու համար: