Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Լեհաստան Կը Գտնուի

Յուլիս 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

serj-1_70816

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 յուլիսին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Լեհաստան` մասնակցելու Աֆղանիստանի մէջ «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան` ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ ոչ անդամ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումին, որ տեղի կ՛ունենայ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ:

Պատուիրակութիւններու ղեկավարները գագաթնաժողովի գումարման վայրին մէջ դիմաւորած են ՕԹԱՆ-ի  ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը եւ Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտանը:

serj-2_70816

Աւելի ուշ, Հայաստանի նախագահը երեկոյեան Վարշաւայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Հայաստանի  Հանրապետութեան նախագահը  ցաւակցութիւն յայտնած է Ճոն Քերրիին  Տալլաս քաղաքին մէջ տեղի  ունեցած  ողբերգական  դէպքին  տխուր  առիթով:

Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահը եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը  քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի շարունակական ջանքերը` ուղղուած շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման:  Հանդիպումին առիթով Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը  յայտնած է արտաքին գործոց նախարար  Քերրիին` Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ սանձազերծուած ապրիլեան պատերազմին պատճառով տագնապի գօտիին մէջ ստեղծուած լարուած իրավիճակէն դուրս գալուն միտուած գործօն քայլերուն համար, նաեւ որոնց իբրեւ արդիւնք տեղի ունեցան Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի  հանդիպումներն ու ընդունուեցան միացեալ յայտարարութիւնները:

Սերժ Սարգսեան եւ Ճոն Քերրին անդրադարձած են 6 յուլիսին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու  նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային  զրոյցի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ քննարկուած հարցերուն: Զրուցակիցները անգամ մը եւս  կարեւոր նկատած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու  անվերապահ կենսագործումը:

 

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Ոչ Մէկ Հիմք Կայ Ենթադրելու, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Իշխանութիւնները Կ՛ուզեն Տարածքներ Զիջիլ»

Յաջորդը

Ակնարկ. «Իզվեսթիա»-ն Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ապաշրջափակումը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Մարտ 31, 2023
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In