Նախագահը Յարգանքի Եւ Երախտագիտութեան Տուրք Մատուցեց Նահատակ Զինուորներուն Յիշատակին
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 9 մայիսին` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ այցելած է Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգի եւ պատերազմի վեթերաններու, Հայաստանի բարձրաստիճան սպայակազմի, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու, ազատամարտիկներու հասարակական կազմակերպութիւններու, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակ զետեղած է Անյայտ զինուորի գերեզմանին: Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարած յաղթանակին եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձներուն առիթով նախագահը յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցած է...



















