6 յուլիսին, Եւրոպական խորհրդարանի Սթրազպուրկի շէնքին մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու խմբակցութեան միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը կնքուեցաւ: Համաձայնագիրը ստորագրեցին եւրոպական նշեալ խմբակցութեան նախագահ Ճիաննի Փիթելլա եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Համաձայնագիրը հաստատելէ ետք այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ կողմերը որոշած են համագործակցիլ, կը թուէ համագործակցութեան նպատակով առնուելիք քայլերը:
Համաձայնութեան կնքումէն անմիջապէս ետք, Ճիաննի Փիթելլա յայտարարեց. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ համագործակցութեան այս համաձայնագիրին ստորագրութիւնը կը յստակացնէ, թէ ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու խմբակը լրջութեամբ կը մօտենայ Եւրոպական Միութեան դրացի երկիրներուն մէջ գործող քաղաքական քոյր կուսակցութիւններու հետ սերտ կապեր հաստատելու արշաւին: Վստահ եմ, որ համագործակցութեան այս համաձայնութիւնը եւ այն իրողութիւնը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերջերս իբրեւ դէտ մաս կազմած է Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան, պիտի զօրացնէ մեր դիրքը, յառաջիկայ տարուան ընտրութիւններուն ընթացքին: Սակայն աւելի կարեւորը այն է, որ մենք այս միջոցով պիտի կարենանք նպաստել Եւրոպայի մէջ ընկերվար-ժողովրդավար ընտանիքը հզօրացնելու ջանքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ դէմ դնել ազգայնամոլութեան, ծայրայեղականութեան, ժողովրդականութեան եւ այլ մղումներու, որոնք կը տկարացնեն ժողովրդավարական կարգերը: Ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի ձեր նշանաբանին խնդրեմ միացուցէք նաեւ յառաջդիմականը»:
Նման յայտարարութիւն մը կատարեց նաեւ ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարներու խմբակի փոխնախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Քնութ Ֆլեքընշթայն, շեշտելով յատկապէս Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս հիմա, երբ անիկա մաս կը կազմէ կառավարութեան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հաստատեց համաձայնագիրի կարեւորութիւնը, մէկ կողմէ իբրեւ փորձառութեան փոխանակման միջոց եւ միւս կողմէ` իբրեւ եւրոպական եւ հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու ճամբով հայ-եւրոպական յարաբերութիւններու սերտացման կարելիութիւն:
Ստորագրութեան ներկայ էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի աշխատակից Հեղիմէ Աւինեան:
ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ