
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շաբաթ, 9 յուլիսին Վարշաւայի մէջ մասնակցեցաւ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած «Փոխգործակցութեան հարթակ» հանդիպումին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` «Փոխգործունակութեան հարթակ» ձեւաչափով հանդիպումին մասնակցած են ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկերներ 52 երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներ: Հանդիպումին ընթացքին Օհանեան ելոյթով մը հանդէս եկած է:


