Գլխաւոր լուրեր

Նալբանդեան. «Ժամանակն Է, Որ Միջազգային  Հանրութիւնը Յստակ Քայլերու Ձեռնարկէ,  Որպէսզի Կարգի Հրաւիրէ Ազրպէյճանը»

Նալբանդեան. «Ժամանակն Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը Յստակ Քայլերու Ձեռնարկէ, Որպէսզի Կարգի Հրաւիրէ Ազրպէյճանը»

27 ապրիլի Ազգային ժողովի նիստին Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հարցուցած է, թէ ի՛նչ են խաղաղութեան- բանակցային հեռանկարները` նկատի առնելով, որ սահմանի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը կը շարունակէ կրակել` օգտագործելով ծանր զինամթերք: Էդուարդ Նալբանդեան դիտել տուած է, որ բանակցային հոլովոյթին հեռանկարները կապուած են անոր, որ նախ եւ առաջ...

Զինադադարի Լայնածաւալ Խախտում`  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Զինադադարի Լայնածաւալ Խախտում` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Երէկ երեկոյեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Սոյն թուականի 2-5 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւններէն ետք Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ջանքեր գործադրել վերջնականապէս խափանելու տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը եւ զայն տեղափոխելու զինուորական հարթութիւն: Այդ մասին կը վկայեն 12 մայիս 1994-ին  կնքուած զինադադարի եռակողմանի համաձայնագիրը միակողմանիօրէն չեղեալ նկատելու` ՄԱԿ-ի...

«Արժանի Պատասխան Պիտի Տանք»  Հաստատեց Արա Յարութիւնեան

«Արժանի Պատասխան Պիտի Տանք» Հաստատեց Արա Յարութիւնեան

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 26 ապրիլին այցելած է  Մարտակերտ շրջանային կեդրոն եւ ծանօթացած է նախորդ գիշեր հակառակորդին կողմէ եղած ռմբակոծման իբրեւ հետեւանք վնասուած տուներուն: Ան շրջագայած է Մարտակերտի մէջ, այցելած թաղամասերը, ուր վնասուած են բնակարաններ եւ քաղաքացիներու ինչքեր: Այնուհետեւ, շրջանի պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ վարչապետը ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Ա. Յարութիւնեան դատապարտած է...

Հանրակառքի Պայթում` Երեւանի Մէջ.  Ենթադրեալ Մեղաւորը Կը Պատրաստուէր  Վնաս Հասցնելու Իր Ազգականներուն

Հանրակառքի Պայթում` Երեւանի Մէջ. Ենթադրեալ Մեղաւորը Կը Պատրաստուէր Վնաս Հասցնելու Իր Ազգականներուն

Երեւանի Հալաբեան փողոցին մէջ 25 ապրիլի երեկոյեան հանրակառքի պայթումին ենթադրեալ մեղաւորը, նախնական տեղեկութիւններով, կը պատրաստուէր պայթեցնելու իր ազգականները: Ըստ «Նիւզ»-ին, Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան յայտնած է, որ քննութեամբ եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հետ միասին իրականացուած հետախուզական քայլերուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած բջիջային հեռախօսային քարտի բաժանորդը կենցաղային հողի վրայ դժգոհութիւն ունեցած է իր ազգականներէն...

Դեսպանատուներ Իր Այցելութիւններու Ծիրին Մէջ.  ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ  Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Եւ Պելճիքայի Դեսպաններուն Հետ

Դեսպանատուներ Իր Այցելութիւններու Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Եւ Պելճիքայի Դեսպաններուն Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւնը երէկ ժամը 11:00-ին այցելեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյիչի Օցուքայի հետ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը Ճափոնի դեսպանին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազրպէյճանական քառօրեայ յարձակումին ընթացքին ազրպէյճանական բանակին կողմէ գործուած մարդկային իրաւանց խախտումները, ինչպէս նաեւ ներկայիս տիրող...

Հալէպի Մէջ Հրթիռակոծումներ`  Զոհուած Է Երկու Հայ

Հալէպի Մէջ Հրթիռակոծումներ` Զոհուած Է Երկու Հայ

«Գանձասար» կը տեղեկացնէ, թէ երկուշաբթի, 25 ապրիլին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Հալէպի զանազան շրջաններու դէմ բուռն հրթիռակոծումներ տեղի ունեցան, յատկապէս Սիւլէյմանիէի «Էմ.Թի.Էն.» ընկերութեան շրջակայքը: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, կան մարդկային եւ նիւթական ահաւոր վնասներ:  Արձանագրուած են 2 հայ զոհեր` Աւետիս Թորոսեան (1966-ի ծնունդ) եւ Ճորճ Թաշճեան (1982-ի ծնունդ), ինչպէս նաեւ 3 հայ վիրաւորներ: Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններէն Ժիրայր Ռէյիսեան «ֆէյսպուք»-ի իր էջին...

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով`  Աշխարհահռչակ Հիւրեր Հայաստանի Հանրապետութեան  Բարձրագոյն Ղեկավարութեան Ընկերակցութեամբ  Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Առիթով` Աշխարհահռչակ Հիւրեր Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձրագոյն Ղեկավարութեան Ընկերակցութեամբ Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Երէկ` կիրակի, 24 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ոճիրին` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Անմար կրակին մօտ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ կատարեց հոգեւոր դասը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակուած 1,5 միլիոն հայերուն յիշատակը: Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ...

Աւանդական Բազմամարդ Ջահերթ` Երեւանէն  Դէպի Ծիծեռնակաբերդի Անմար Կրակ

Աւանդական Բազմամարդ Ջահերթ` Երեւանէն Դէպի Ծիծեռնակաբերդի Անմար Կրակ

Շաբաթ, 23 ապրիլ 2016-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր  սկիզբ առաւ ջահերով աւանդական երթը: Երթին մասնակցեցան բազմահազար երիտասարդներ, տարբեր կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Երթին  մասնակիցները նախ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ եղեռնին զոհ գացած աւելի քան 1,5 միլիոն հայորդիներու յիշատակին: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հայկ Իգիթեան դիմելով...

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պէյրութի Նահատակաց  Հրապարակէն Իրենց Բարձրագոռ Պատգամը Ուղղեցին  Համայն Աշխարհին` Յայտարարելով, Որ Իրաւատէր Ունեցող  Դատը Կենդանի Կը Մնայ Մինչեւ Արդարութեան  Ամբողջական Հաստատում

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակէն Իրենց Բարձրագոռ Պատգամը Ուղղեցին Համայն Աշխարհին` Յայտարարելով, Որ Իրաւատէր Ունեցող Դատը Կենդանի Կը Մնայ Մինչեւ Արդարութեան Ամբողջական Հաստատում

Աւելի քան մէկ դար ետք տակաւին հայութեան յիշողութեան մէջ մեր նախնիներուն «գծած» ահարկու պատկերները կը մնան յստակ ու վճիտ, իր գիտակցութեան մէջ սուրբ նահատակներուն կտակը կը մնայ մշտարթուն ու բաբախուն, անոր խիղճին վրայ տակաւին կը շարունակէ ծանր կշռել արիւնարբու թուրքին եաթաղանին զոհ գացած իր նախահայրերուն թափած արեան հատուցման ուշացումը... Աւելի քան մէկ դար ետք` 24 ապրիլ 2016-ին, աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնը...

Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Լիբանանահայ  Երիտասարդութիւնը Արտայայտեց Իր Բողոքը  Եւ Հաստատեց Մինչեւ Վերջ Հայ Դատին Կառչած Մնալը

Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Արտայայտեց Իր Բողոքը Եւ Հաստատեց Մինչեւ Վերջ Հայ Դատին Կառչած Մնալը

23 ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը` հաւատալով, որ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտող եւ հայութեան հատուցում տալ մերժող Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան, Թուրքիոյ կողմէ իր իսկ պատմութիւնը ծածկելու իմաստով տարուած արշաւին եւ մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակն ու թափած արիւնը խեղաթիւրելու փորձերուն նկատմամբ, նախաձեռնեց բողոքի ցոյցի մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ: ՀՅԴ Լիբանանի...

«Հայաստանի Հզօրացումը Եւ Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանութիւնը Հիմքը Մեր Պահանջատիրական Պայքարին»  Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հայաստանի Հզօրացումը Եւ Ղարաբաղի Ինքնապաշտպանութիւնը Հիմքը Մեր Պահանջատիրական Պայքարին» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Նահատակաց մատրան շուրջ, ուր նախագահութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ տեղի ունեցաւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան: Ան...

Խմբագրական.   Համախումբ Քաղաքական Գործօն

Խմբագրական. Համախումբ Քաղաքական Գործօն

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով ընդունուած համահայկական հռչակագիրը ուղենշային իմաստ ունի ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով համայն հայութեան հետագայ գործունէութիւնը հունաւորելու առումով, այլ ընդհանրապէս կը պարունակէ շատ կարեւոր հիմնադրոյթներ համազգային ռազմավարական հարցերը հետապնդելու համար ճանապարհային քարտէսը ձեւաւորելու տեսակէտէն: Հռչակագիրի վերջին կէտը 12-րդը, իբրեւ վերջաբան կ՛ամփոփէր բովանդակային առանցքը հաստատելով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ  տարելիցին  նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը, համախորհուրդ սփիւռքի մէջ...

«Կեանքի, Մահուան Եւ Իրաւունքի Պատմութիւն»  Բնաբանով Ոգեկոչական Ձեռնարկին Ընթացքին  «Ապրիլ 24-ը Օր Չէ… Անիկա Պատմութիւն Է»  Ընդգծեց Սամիր Ժահժահ

«Կեանքի, Մահուան Եւ Իրաւունքի Պատմութիւն» Բնաբանով Ոգեկոչական Ձեռնարկին Ընթացքին «Ապրիլ 24-ը Օր Չէ… Անիկա Պատմութիւն Է» Ընդգծեց Սամիր Ժահժահ

«Մենք պիտի դառնանք ջուրի այն կաթիլները, որոնք իյնալով քարին վրայ, ուշ կամ կանուխ պիտի ծակեն զայն: Նմանապէս, ուշ կամ կանուխ ի յայտ պիտի գայ ճշմարտութիւնը, եւ այնքան ատեն որ պահանջողներ կան` իրաւունքը չի մեռնիր», ըսաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, կուսակցութեան Մեհրապի կեդրոնատեղիին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկին ընթացքին,...

ՀՅԴ Քարոզչական-Տեղեկատու Մարմինին Հրաւէրով`  Լիբանանեան Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

ՀՅԴ Քարոզչական-Տեղեկատու Մարմինին Հրաւէրով` Լիբանանեան Մամուլի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին եւ տեղեկատու գրասենեակին, ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին «Պըրժ Համամ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` ի պատիւ լիբանանցի արաբ լրագրողներու, ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու: Ճաշկերոյթի հրաւէրին ընդառաջեցին լիբանանեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլի մեծ թիւով...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպած  Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին  Թուրքիա Կը Շարունակէ Իր Ոճրային  Քաղաքականութիւնը Շեշտեցին Բանախօսները

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպած Ցեղասպանութեան 101-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին Թուրքիա Կը Շարունակէ Իր Ոճրային Քաղաքականութիւնը Շեշտեցին Բանախօսները

Յ. Բագրատունի Պետութենէն Պահանջեց Նահատակներուն Նկատմամբ Չէզոքութենէն Դուրս Գալ Ուրբաթ,  22 ապրիլ 2016-ին,  ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպած ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումը սկսաւ քայլարշաւով: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ  երիտասարդներ, պատանիներ ու բազմաթիւ հայորդիներ խիտ շարքերով Ֆանարի «Է. Ակնունի» ակումբէն քալեցին դէպի Ժտէյտէ, «Անթուան Շուէյրի» սրահ, ուր ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկ, ներկայութեամբ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտական Հաւաքին Վերահաստատուեցաւ Նոր Սերունդին Կառչածութիւնը Իր Սրբազան Դատին

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նուիրուած Աշակերտական Հաւաքին Վերահաստատուեցաւ Նոր Սերունդին Կառչածութիւնը Իր Սրբազան Դատին

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին լիբանանահայ վարժարաններու բազմահազար աշակերտներ համախմբուեցան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած սոյն աշակերտական հաւաքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, վարժարաններու տնօրէններ,...

Քայլարշաւ Պուրճ Համուտէն Ժեհթաուի  Եւ Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

Քայլարշաւ Պուրճ Համուտէն Ժեհթաուի Եւ Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցիէն դէպի Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան յուշակոթող` ՀԿՄ-ի Զալքայի շեփորախումբին եւ Ս. Մեսրոպի արիներուն առաջնորդութեամբ: Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին բացման խօսքը Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան անունով  արտասանեց Շաղիկ Պելիքերեքեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան...

«ԱԶԴԱԿ»-իՆ Տուած Յատուկ Հարցազրոյցին Ընթացքին.  «Մեր Բոլոր Յաղթանակների Հիմքում Ընկած Է  Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Եռամիասնութիւնը»  Կը Հաստատէ Դաւիթ Բաբայեան

«ԱԶԴԱԿ»-իՆ Տուած Յատուկ Հարցազրոյցին Ընթացքին. «Մեր Բոլոր Յաղթանակների Հիմքում Ընկած Է Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք Եռամիասնութիւնը» Կը Հաստատէ Դաւիթ Բաբայեան

«Ազդակ»-ի հետ ունեցած յատուկ զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան անդրադարձաւ ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմին ընթացքին արցախցիներուն ցուցաբերած քաջարի կեցուածքին, հակառակ անոր կորովը ընկճելու փորձերուն, զորս ի գործ դրին յատկապէս ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` խեղաթիւրելով իրականութիւնը: Այս պարունակին մէջ ան կարեւոր նկատեց «Ազդակ»-ին տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ այս պատերազմը յաղթելու իմաստով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան, որով կարելի է ամէն...

Շաւարշ Քոչարեան.  «Սեղանին Որեւէ Փաստաթուղթ Չկայ»

Շաւարշ Քոչարեան. «Սեղանին Որեւէ Փաստաթուղթ Չկայ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստան այցելութեան նախօրեակին պաշտօնական Երեւանը յայտարարած է, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններու սեղանին վրայ որեւէ փաստաթուղթ չկայ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցելութենէն առաջ ռուսական քանի մը ազդեցիկ թերթեր գրած էին, որ Լաւրով Երեւան պիտի բերէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման որոշ ծրագիր` նաեւ անդրադառնալով հոն տեղ գտած կարգ մը կէտերու: Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողները այս մասին հարցուցած են...

Աղուան Վարդանեան Կը Բացառէ  Միակողմանի Զիջումները

Աղուան Վարդանեան Կը Բացառէ Միակողմանի Զիջումները

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` բացառելով վերջին օրերուն ռուսական մամուլին մէջ ղարաբաղեան հարցի լուծման վերաբերող նոր տարբերակի գոյութիւնը` հաստատած է. «Այն իշխանութիւնը, որ միակողմանի զիջումներու կ՛երթայ, ստիպուած պիտի ըլլայ հրաժարական տալու»: Ռուսական քանի մը տպագիր լրատուամիջոցներ, յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներու, գրած են, թէ, ըստ այդ տարբերակին, ներկայ հանգրուանին Ազրպէյճանին պէտք է վերադարձուին Լեռնային...

Page 702 of 795 1 … 701 702 703 … 795

Արխիւներ