Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ-2016. Փորթուգալ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր` Ֆրանսայի Մէջ

July 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13643828_10154366024604429_2108233441_n

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի ճակատումը, հիւրընկալ երկրին` Ֆրանսայի եւ Փորթուգալի միջեւ:

Հիւրընկալ Երկիրը` Ֆրանսա
1-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Փորթուգալէն

Ճիշդ ամիս մը տեւած Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը երէկ` կիրակի, 10 յուլիսին աւարտեցաւ, երբ Ֆրանսայի մայրաքաղաք` Փարիզի Սթատ տը Ֆրանս-ի դաշտին մէջ, 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Փորթուգալ 1-0 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Ֆրանսայի:

13652646_10154366022504429_464485666_n

Մրցումի 18-րդ վայրկեանին Փորթուգալի խմբապետ` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ վիրաւորուեցաւ: Ան բուժումի մը ենթարկուելէ ետք մրցումը փորձեց շարունակել մինչեւ 25-րդ վայրկեան, սակայն ան չկրցաւ դիմանալ իր ոտքին ցաւին: Հետեւաբար, ՌԷալ Մատրիտի խմբապետը փոխարինելը եղաւ հարկադիր: Անոր փոխարէն դաշտ ներկայացաւ Ռիքարտօ Քուարեսմա մինչ ան պատգարակով եւ արցունքոտ աչքերով դուրս կը բերուէր դաշտէն:

Հակառակ անոր բացակայութեան, անոր խմբակիցները չզգացուցին, որ ան ներկայ չէ դաշտին վրայ եւ ստեղծեցին շարք մը առիթներ: Իր կարգին, Ֆրանսա եւս ստեղծեց կոլի ստոյգ առիթներ, սակայն` ապարդիւն:

Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, մրցումը երկարաձգուեցաւ:

Երկարաձգման երկրորդ բաժինին ընթացքին, Էտեր, մեծ քառակուսիէն դուրս, ուժգին հարուածով մը, 109-րդ վայրկեանին նշանակեց Փորթուգալի կոլը, որուն դիմաց ոչինչ կրցաւ ընել Ֆրանսայի բերդապահ` Հիւկօ Լլորիս:

Նշենք, որ Փորթուգալի բերդապահ Ռուի Փաթրիսիօ իր կարգին քանի մը ստոյգ առիթներ զսպելով, իր բերդը պահեց անառիկ:

13672308_10154366030104429_419126129_n

Այսպիսով, Փորթուգալ, յաջողեցաւ տիրանալ այս մրցաշարքին տիտղոսին, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:

13644213_10154366030959429_1773827074_n13650499_10154366035089429_1456497055_n«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը երէկ գիշեր յայտնեց ըսելով, որ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ փորթուգալցի յետսապահ` Փեփէ:

Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր` անգլիացի Մարք Քլաթենպըրկ, որուն սուլիչը եղաւ արդար:

Ան, տասը անգամ գործածեց իր դեղին քարտը, վեցը` փորթուգալցիներուն դէմ:

Նշենք, որ նախքան աւարտականի այս մրցումը տեղի ունեցաւ մրցաշարքին փակման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին կիրարկուեցաւ գեղարուեստական բաւական ճոխ յայտագիր մը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Ֆայնըլ-Ֆորին Իր Տոմսը

Յաջորդը

Նոր Գիւղի Մէջ Երկու Հայ Վիրաւոր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.