Գլխաւոր լուրեր

Կիրօ Մանոյեան Մեծ Յոյսեր Չունի  Հետաքննական Մեքանիզմներուն Առնչուած

Կիրօ Մանոյեան Մեծ Յոյսեր Չունի Հետաքննական Մեքանիզմներուն Առնչուած

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ Հայաստանի նախագահը ճիշդ ըրաւ արագ կերպով լուսաբանելով հանդիպման մանրամասնութիւնները (Վիեննայէն վերադարձի ճամբուն վրայ նախագահին տուած հարցազրոյցը օդանաւին մէջ), որովհետեւ այդպիսով առնուազն մեր հասարակութեան համար որոշ խնդիրներ պարզ դարձան: «Երբ համանախագահողներու յայտարարութիւնն ալ համահունչ էր մեր նախագահի ըսածներուն, արդէն ցոյց տուաւ, որ իրականութեան մէջ...

Նալբանդեան. «Յոյսով Ենք` Այս Անգամ  Ազրպէյճանը Չի Խորտակեր Միջազգային  Հանրութեան Սպասելիքները»

Նալբանդեան. «Յոյսով Ենք` Այս Անգամ Ազրպէյճանը Չի Խորտակեր Միջազգային Հանրութեան Սպասելիքները»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 18 մայիսին Սոֆիայի մէջ ելոյթ ունենալով Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի 126-րդ նիստին, յայտարարած է, որ Հայաստան կը կիսէ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի տեսակէտը «Ժողովրդավարական անվտանգութեան» հայեցակարգին վերաբերեալ, ըստ որուն, ժողովրդավար երկիրներու պարագային քիչ հաւանականութիւն կայ, որ պատերազմի սկսին: «Ակնյայտ է, որ մենատիրական վարչակարգերը նման երկընտրանքի առջեւ չեն», ըսած է Նալբանդեան` ընդգծելով. «Նման...

Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Ընթացքին  Պըրրի Առաջադրեց Նախաձեռնութիւն Մը

Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Ընթացքին Պըրրի Առաջադրեց Նախաձեռնութիւն Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան 18-րդ նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան...

Հարցազրոյց Ֆրանսահայ  Գրող Արա Գրիգորեանի Հետ

Հարցազրոյց Ֆրանսահայ Գրող Արա Գրիգորեանի Հետ

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 մայիսին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց «Քրիստափոր Միքայէլեան եւ թուրք սուլթանը` մեծ մարտահրաւէրը» ֆրանսերէն գիրքի հեղինակ, ֆրանսահայ գրող Արա Գրիգորեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Պատասխանելով գիրքի գաղափարի յղացման մասին հարցումին` Գրիգորեան յայտնեց, որ 2005-ին Ֆրանսայի հայաշատ Արֆորվիլ շրջանի ՀՅԴ խումբը իրմէ խնդրած է պատրաստել ցուցահանդէս մը` Քրիստափորի նահատակութեան 100-ամեակի...

Ակնարկ.  Վիեննան Վերահաստատեց  94-ի Համաձայնագիրը

Ակնարկ. Վիեննան Վերահաստատեց 94-ի Համաձայնագիրը

Արցախեան հակամարտութեան վերջին իրադարձութիւններու քննարկման յատկացուած Վիեննայի հանդիպման մասնակիցներու ձեւաչափը արտակարգ է: Հանդիպումը ո՛չ միջնախարարական է, ո՛չ միջնախագահական, ո՛չ ալ կողմերու նախագահներու եւ նախարարներու  եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդներու մակարդակով միայն: Մասնակիցներու շարքը չէ փակուած նոյնիսկ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչով: Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներն ու Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական նախարարը համալրած են մասնակիցներու շարքը` Վիեննայի հանդիպումին տալով...

«Եթէ Ազրպէյճանցիները Դրժեն Խոստումները,  Մենք Համարժէք Կը Պատասխանենք»  Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

«Եթէ Ազրպէյճանցիները Դրժեն Խոստումները, Մենք Համարժէք Կը Պատասխանենք» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Վիեննայէն Երեւան վերադառնալու ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն հետ զրուցելով խօսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն նախաձեռնութեամբ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին: «Մենք պատրաստ ենք որեւէ ելքի, բայց մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ելքը ըլլայ խաղաղ ճամբան: Մեր նպատակն է, որ մեր խնդիրները լուծենք խաղաղ ճամբով, բանակցութիւններով, բայց եթէ...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահող  Երկիրներու Յայտարարութիւնը  Վիեննայի Հանդիպումին Մասին

Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Յայտարարութիւնը Վիեննայի Հանդիպումին Մասին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները 16 մայիսին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին հրապարակած են յայտարարութիւն մը: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու պետական քարտուղար Արլեմ Տեզիրի` ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ տեղադրուած միացեալ յայտարարութիւնը կը նշէ. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի,...

Ռուստամեան. «Հայաստանի Կողմէ Կատարուած  Նախնական Յայտարարութիւններու  Հարցին Մէջ Յառաջընթաց Կայ»

Ռուստամեան. «Հայաստանի Կողմէ Կատարուած Նախնական Յայտարարութիւններու Հարցին Մէջ Յառաջընթաց Կայ»

Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին յստակ կերպով վերահաստատուեցաւ, որ կարելի չէ խօսիլ զինադադարի նոր համաձայնագիրի մասին, այլ պէտք է խօսիլ 1994-95 թուականներու զինադադարի համաձայնագիրներուն մասին: «Ասիկա չափազանց կարեւոր է, քանի որ արդէն իսկ ձեւաչափը կը յստակացուի», ըսած...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 116.  Թաթուլ Յակոբեան Զեկուցեց «Արցախեան  Քառօրեայ Պատերազմը» Նիւթով Եւ Ներկայացուց «Անի» Կեդրոնի Հրատարակութիւնները

Մամլոյ Լսարան Թիւ 116. Թաթուլ Յակոբեան Զեկուցեց «Արցախեան Քառօրեայ Պատերազմը» Նիւթով Եւ Ներկայացուց «Անի» Կեդրոնի Հրատարակութիւնները

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 116-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 17 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի  «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Լսարանին նիւթն էր «Արցախեան քառօրեայ պատերազմը», իսկ զեկուցաբերը` հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան: Ան ողջունեց ներկաները, կարեւոր նկատեց նման լսարաններու կազմակերպումը, ապա ներկայացուց  իր կողմէ հիմնադրուած «Անի» կեդրոնի վեց հրատարակութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն հինգ ականաւոր դաշնակցական գործիչներու` Յովհաննէս Քաջազնունիի, Վահան Նաւասարդեանի,...

Խմբագրական. Վերահաշուարկներ Նաեւ Յաջողութենէն Ետք

Վարագոյրը լրիւ չէ իջած տակաւին Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վրայ. այսուհանդերձ, առանց մոռնալու հիւսիսային Լիբանանի ընտրութիւնները եւ այնտեղ նաեւ Դաշնակցութեան աշխուժ մասնակցութեան հրամայականն ու թեկնածու առաջադրելը, կարելի է ըսել, որ հիմնականին մէջ  Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու համարեա ամբողջական ընտրացուցակը ընտրուած է արդէն: Տակաւին առիթը կ՛ունենանք ընտրուած քաղաքապետներու, փոխքաղաքապետներու, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներու եւ թաղապետներու ընդհանուր համայնապատկերը, իբրեւ յաջողած թեկնածուներու հանրագումար ներկայացնելու:...

«Դաշնակցութիւնը Իր Ընտրական Դաշինքները  Վերատեսութեան Ենթարկելու  Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Դաշնակցութիւնը Իր Ընտրական Դաշինքները Վերատեսութեան Ենթարկելու Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն Հազմիէի մէջ առաջադրած էր երկու թեկնածուներ, որոնք յաղթանակ արձանագրեցին Ժան Ասմարի գլխաւորած ընտրացանկին վրայ: «Սին էլ ֆիլի մէջ մեր թեկնածուները առաջադրեցինք կուսակցութիւններուն կազմած ընտրացանկերուն վրայ եւ երեսփոխան Միշել Մըրի զօրակցութիւնը վայելող Նեպիլ Քահհալէի ցանկին դիմաց պարտութիւն կրեցինք, բայց նաեւ մեր բոլոր թեկնածուները յաղթեցին Ժիպէյլի,...

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Ճանաչման  Հարցը Միշտ Պէտք Է Ըլլայ Մեր Զինանոցին Մէջ»

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Ճանաչման Հարցը Միշտ Պէտք Է Ըլլայ Մեր Զինանոցին Մէջ»

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի հերթական քառօրեայի նիստն էր: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պատգամաւորներ Զարուհի Փոստանջեանի եւ Հրանդ Բագրատեանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը քառօրեայի օրակարգ մտցնելու հարցը: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ այս հարցը  արդէն չորրորդ անգամ է, որ կը քննարկուի, եւ ՀՅԴ-ի տեսակէտը մնացած է նոյնը: «Մենք միշտ հիմնաւորած ենք մեր...

Հալէպի Մէջ Խաղաղ Բնակչութիւնը Կրկին Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ. Արձանագրուեցսն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Հալէպի Մէջ Խաղաղ Բնակչութիւնը Կրկին Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ. Արձանագրուեցսն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Երէկ երեկոյեան, մինչ Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Անի» ճաշարանէն ներս տեղի կ՚ունենար Սուրիոյ նորընտիր երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութիւնը, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի վիլլաներ թաղամասը։ Զոհուեցաւ արաբ յղի կին մը իր երկու զաւակներով։ Արձանագրուեցան վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ։ Ակումբի հայ տղաքը փութացին օգնելու վիրաւորներուն, զանոնք փոխադրելով հիւանդանոց։ Պատկերը եղեռական էր, զոհերու դիակներուն բեկորները տարտղնուած էին փլատակներուն տակ։...

«Կարկաչ» Երգչախումբի Անդամները Հմայեցին  Ներկաները Իրենց Բարձրորակ Կատարումով

«Կարկաչ» Երգչախումբի Անդամները Հմայեցին Ներկաները Իրենց Բարձրորակ Կատարումով

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կիրակի, 15 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբին ելոյթը, ղեկավարութեամբ` երգչախումբի խմբավար Զաքար Քէշիշեանի: Յայտագիրը սկիզբ առաւ «Ըմէյզինկ կրէյս» հոգեւոր երգով, ուր հետաքրքրական էր առանց երաժշտութեան ընկերակցութեան պատանիներու երաժշտական բարձր կատարումը, ապա խմբավար Քէշիշեան քաջալերանքով ներշնչեց պատանիները եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայ աւետարանական Ա....

Դաշնակցութեան Առաջադրած Քաղաքապետական  Եւ Թաղապետական Թեկնածուներուն Պուրճ Համուտի,  Ժտէյտէի, Ռապիէի Եւ Պրումանայի Մէջ  Առանց Մրցակիցի Ընտրուելէն Ետք.  ՀՅԴ-ի Ընտրական Յաղթարշաւը Շարունակուեցաւ

Դաշնակցութեան Առաջադրած Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Թեկնածուներուն Պուրճ Համուտի, Ժտէյտէի, Ռապիէի Եւ Պրումանայի Մէջ Առանց Մրցակիցի Ընտրուելէն Ետք. ՀՅԴ-ի Ընտրական Յաղթարշաւը Շարունակուեցաւ

Զալքա, Անթիլիաս, Տըպպայէ, Պէյթ Շաար, Ժիպէյլ, Պիքֆայա, Մըզհեր, Պաուշրիէ Եւ Հազմիէ Ընտրաշրջաններուն Մէջ ՀՅԴ-ի Թեկնածուները` Ընտրուած Կիրակի, 15 մայիս 2016-ը եւս` իբրեւ յիշարժան ու յաղթանակի օր, եկաւ աւելնալու լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ, որովհետեւ, հակառակ Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին տարբեր շրջաններուն մէջ եղած ընտրապայքարին, շնորհիւ  նուիրեալներու փաղանգ հանդիսացող Դաշնակցութեան ընտրական մեքենային, ազգային- հաւաքական շահերը ամէն բանէ վեր նկատող լիբանանահայութեան քուէներով...

Հարիրի – Բագրատունի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Հարիրի – Բագրատունի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ ընտրական վերջին իրադարձութիւնները: Այս առիթով Հարիրի գոհունակութիւն յայտնեց դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան համար` Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցչութիւնը ապահովելու առումով: Հարիրի յատկապէս ընդգծեց ՀՅ Դաշնակցութեան բերած նպաստը ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեան...

Հայաստանը 7-րդ Տեղը Գրաւեց  «Եւրատեսիլ-2016-ին

Հայաստանը 7-րդ Տեղը Գրաւեց «Եւրատեսիլ-2016-ին

Հայաստանը ներկայացնող Իվետա Մուկուչեանը` «Լաւ ուէյվ» երգով, 7-րդ տեղը գրաւեց շաբաթ օր Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցած «Եւրատեսիլ-2016» երգի միջազգային մրցումին: Մրցումին յաղթեց Ուքրանիան ներկայացնող Ճամալան` «1944» երգով, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւեցին Աւստրալիան եւ Ռուսիան:  

Արծրուն Յովհաննիսեան Կը Հաստատէ,  Որ Վայքի Զօրամասի Զինուորը Մահացած Է

Արծրուն Յովհաննիսեան Կը Հաստատէ, Որ Վայքի Զօրամասի Զինուորը Մահացած Է

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր  Արծրուն Յովհաննիսեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ 15 մայիսին մահացած է Վայոց ձորի մարզի Վայքի զօրամասի 25-ամեայ զինուոր Արամ Օհանեանը: «Հանգամանքները կը ներկայացնենք յետոյ», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը` չհաստատելով մամուլին մէջ  շրջանառուող տեղեկութիւնը, թէ զինուորը զոհուած է արձակազէնի  կրակոցէ:  

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շեշտէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ ընտրական դաշինքներու մասին իրաւասու է խօսելու միա՛յն Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն: Լեռնալիբանանի եւ յատկապէս Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետական ընտրութիւններուն նախօրեակին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, որ` ա) Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները ժողովրդավարական գործողութիւններ են, որոնք կը միտին բարգաւաճեցնել շրջանները եւ քաղաքացիին յարաբերութիւնները ամրապնդել տեղական կառավարութեան, այլ խօսքով`...

Page 698 of 795 1 … 697 698 699 … 795

Արխիւներ