Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրեբունիի Ոստիկանական Կեդրոնի Գրաւման Հարցով Կոչեր` Պահպանելու Զգօնութիւնը Եւ Չտարուելու Սադրանքներով

July 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորենացի Փողոցին Մէջ Արձանագրուած
Դէպքերուն Գծով Քրէական Գործ
Յարուցուած Է, 16 Հոգի` Ձերբակալուած

1_72116

Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւանի քննչական վարչութիւնը ոստիկանութենէն նիւթեր ստացած է 20 յուլիսի ուշ երեկոյեան տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններուն մասին: «Նախապատրաստուած նիւթերու ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ յուլիսի 20-ին` ժամը 22:15-ի շուրջ, խումբ մը ցուցարարներ կատարած են անկարգութիւններ, գոյքերու վնաս հասցուցած են, իշխանութեան ներկայացուցիչ հանդիսացող, իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարող Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան ուղեկցող գումարտակի 2-րդ վաշտի աշխատակիցներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրած են, եւ այս բոլորին իբրեւ հետեւանք վտանգուած է  հասարակական անվտանգութիւնը»:

Այս առիթով  յարուցուած է քրէական գործ` Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի երկրորդ մասին յատկանիշներով: Կազմուած է քննչական խումբ, որ քրէական գործի նախաքննութեան բազմակողմանիութիւնը, լրիւութիւնն ու առարկայականութիւնը պահպանելով պիտի գործէ: Ձեռնարկուած են անյետաձգելի քննչական եւ որոնողական միջոցառումներու` դէպքին բոլոր հանգամանքները, մասնակիցները պարզելու նպատակով: Ներբեռնուած են եւ կ՛ուսումնասիրուին անկարգութիւններուն վերաբերեալ համացանցին մէջ առկայ տեսանիւթերը:

Զանգուածային անկարգութիւններուն անմիջական մասնակցութիւն ունենալու կասկածով բերման ենթարկուած է 28 անձ, որոնցմէ 16-ը ձերբակալուած է:

20 յուլիսին տեղի ունեցած դէպքին մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է նաեւ առողջապահութեան նախարարութիւնը` յայտնելով, որ վիրաւորներէն ոչ մէկուն կեանքը վտանգի տակ է: Մայրաքաղաքի տարբեր բժշկական հաստատութիւններ դիմածներուն թիւը 51 է, անոնցմէ 28-ն` ոստիկան:

Աբրահամեան. «Իշխանութիւնը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Եւ
Պիտի Ընէ` Հասնելու Խաղաղ Հանգուցալուծման»

Հայաստանի կառավարութեան 21 յուլիսի նիստէն առաջ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` անդրադառնալով  17 յուլիսին պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածք մուտք գործած զինուած խումբի անդամներուն գործողութիւններուն` նշած է, որ անոնք մուտք գործած են տարածք, պատանդներ բռնած եւ սպաննած ոստիկանութեան գնդապետ մը:

«Մեր բոլորին կողմէ կը ցաւակցիմ սպաննուած գնդապետ Արթուր Վանոյեանի ընտանիքին, հարազատներուն, անոր բոլոր զինակից ընկերներուն», ըսած է վարչապետը:

Ապա ան աւելցուցած է. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին մէջ, անթոյլատրելի է եւ դատապարտելի, քանի որ բռնութեամբ անկարելի է հասնիլ իրական փոփոխութիւններու, ասիկա վտանգաւոր եւ անհեռանկար հոլովոյթ է: Իրավիճակը խիստ մտահոգիչ է, եւ իշխանութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ ու պիտի ընէ` հասնելու կացութեան խաղաղ հանգուցալուծման»:

Իշխանաւորներուն Լռութիւնը Պայմանաւորուած Էր
Բանակցային Հոլովոյթը Չխոչընդոտելու Մղումով

21 յուլիսի երեկոյեան` Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի նիստէն ետք, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի տարածքի գրաւումով ստեղծուած վիճակը, յայտնած է, որ այսօր թիւ մէկ խնդիրը բանակցութիւններու միջոցով հարցի խաղաղ լուծումն է:

«Առաջին օրէն իսկ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկութիւններ կը փոխանցէր հանրութեան եւ լրատուամիջոցներուն: Ուժային կառոյցները ե՛ւ երէկ, ե՛ւ այսօր, ե՛ւ անկէ առաջ ունեցած են մէկ նպատակ` առանց արիւնահեղութեան, բանակցութիւններու ճամբով հասնիլ այս դժուար իրավիճակի փարատման», ընդգծած է Շարմազանով: Մեկնաբանելով իշխանութեան կողմէ իրավիճակի վերաբերեալ լռութեան մասին խօսակցութիւնները` փոխնախագահը ընդգծած է, որ անիկա պայմանաւորուած էր չխաթարելու եւ բանակցային հոլովոյթը չխոչընդոտելու մղումով: «Մենք նոր արեան հեղումի կարիք չունինք, Հայաստանի մէջ մենք թշնամիներ չունինք: Այսօր թիւ մէկ խնդիրը ամէն ինչ ընելն է, որպէսզի այս խնդիրը խաղաղ լուծում ստանայ. ա՛յս է ՀՀԿ-ի պաշտօնական դիրքորոշումը: Մենք` իբրեւ իշխանութիւն, պիտի դիմենք բոլոր կարելի քայլերուն, որպէսզի մեր մայրաքաղաքին, մեր հայրենիքին մէջ հայու արիւն չթափի: Բաւական է, որքան հայու արիւն թափած է: Ոչ ոք անսխալական է, սակայն լաւագոյն ուղին երկխօսութիւնն է, միմեանց լսելը», աւելցուցած է Շարմազանով:

Ան շեշտած է, որ պէտք է առաջնորդուիլ «մի՛ վնասեր» սկզբունքով` յոյս յայտնելով, որ քրիստոնէական արժեհամակարգն ու հանդուրժողականութիւնը յաղթեն: «Հայաստանի մէջ մենք թշնամիներ չունինք, բոլորը մեր քոյրերն ու եղբայրներն են: Ես կը կարծեմ, թէ բոլոր կողմերուն մօտ խիղճն ու հանդուրժողականութիւնը կը յաղթեն եւ կը խուսափինք նոր արիւնահեղութենէ», աւելցուցած է Շարմազանով` շեշտելով, որ որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ զէնքի ուժով խնդիր լուծելը արդարացուած չէ` Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Ճափոն:

Վիթալի Բալասանեան Կը Մասնակցի
Բանակցութիւններուն

Երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը գրաւողներէն Պաւել Մանուկեան ArmLur.am-ին յայտնած է, որ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման եւ իշխանութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, անոնց կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի պատգամաւոր, ազատամարտիկ Վիթալի Բալասանեան:

«Շատ դժուար վիճակ է, իշխանութիւնները իրենց բերանը ջուր առած են, չեն կրնար բան մը ըսել, մեզի համար ուղարկած են յարգելի մարդ մը` Վիթալի Բալասանեանը, որ մեր կողմէ ընդունուած է, իմ կողմէս` առաւել եւս: Այդ փուլին մէջ է կացութիւնը: Հիմա այստեղ է, ան դուրս կու գայ, բոլոր հարցումներուն կը պատասխանէ», ըսած է Մանուկեան:

Մոսկուա Կը Դատապարտէ Երեւանի Մէջ
Ոստիկանական Շէնքի Գրաւումը

«ՌԻԱ Նովոսթի»-ին համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Մոսկուա կը դատապարտէ Երեւանի մէջ ոստիկանական շէնքի գրաւումը եւ կ՛աջակցի իշխանութիւններուն ձեռնարկած քայլերուն:

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք 17 յուլիսին Երեւանի մէջ պարեկապահակային ծառայութեան շէնքի զինուած գրաւումը: Անիկա պատճառ եղած է Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցի մահուան: Անընդունելի կը նկատենք նման քրէական դրսեւորումներ, որոնք անմիջական սպառնալիք են հանրապետութեան քաղաքացիներուն կեանքին եւ ապահովութեան», յայտնած է Մարիա Զախարովա: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ իշխանութիւններուն ձեռնարկած քայլերը կարելիութիւն կու տան մօտիկ ապագային կարգաւորելու իրավիճակը, ազատելու պատանդները, իրականացնելու միջադէպի ամբողջական քննութիւն եւ պատժելու մեղաւորները:

Եւրոպական Պատուիրակութիւնը Անընդունելի Կը Նկատէ
Քաղաքական Փոփոխութեան Նպատակով Ուժի Օգտագործումը

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն համաձայնութեամբ 21 յուլիսին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը` Երեւանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերող:

Ընդգծուած է, որ քաղաքական փոփոխութեան նպատակով ուժի կիրարկումը անընդունելի է. պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի հրամանատարի տեղակալ, գնդապետ Արթուր Վանոյեանի ընտանիքին` ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն տուժողներուն մաղթելով արագ եւ լիարժէք ապաքինում:

«Մտահոգութեամբ ընդգծելով անհամաչափ ուժի կիրարկման եւ ոստիկանութեան կողմէ իրականացուած զանգուածային ձերբակալութիւններուն մասին զեկուցումները` իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու համաչափութեան սկզբունքը խաղաղ բնոյթի, ինչպէս նաեւ բռնութեամբ ընթացող հանրային բողոքի ցոյցերուն առնչութեամբ: Միաժամանակ, ցուցարարները պէտք է ձեռնպահ մնան բռնի գործողութիւններէն` իրենց քաղաքացիական իրաւունքներու գործադրութեան ընթացքին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ի գիտութիւն ընդունելով նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները` Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը յորդորած է լիարժէք հետաքննութիւն կատարել ոստիկաններուն կողմէ իրականացուած բոլոր իրաւախախտումներուն մասին հաղորդումներուն առնչութեամբ, որոնց կարգին` անոնց կողմէ ոչ պատշաճ վերաբերմունքի եւ իրաւապաշտպաններու ու բժշկական օգնութեան մերժման առնչութեամբ:

Ֆրանսայի Դեսպանը Երեւանեան Դէպքերու
Արագ Եւ Խաղաղ Լուծման Յոյս Յայտնած Է

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէ յոյս յայտնած է, որ Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւնները լուծուին արագ եւ խաղաղ կերպով:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` դեսպանը յայտարարած է. «Սովորութիւն չունիմ մեկնաբանելու երկրի ներքին վիճակին առնչուող իրադարձութիւնները: Այսուհանդերձ, պարզ է, որ արդէն քանի մը օր է, դեսպանութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի Էրեբունիի դէպքերուն: Կրնամ միայն յուսալ, որ անոնք ունենան արագ եւ խաղաղ հանգուցալուծում»:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Կոչ Կ՛ուղղէ
Պահպանելու Զգօնութիւնը

Եկեղեցին եւ հոգեւորականութիւնը ջանքեր ի գործ կը դնեն, որպէսզի ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծուի խաղաղ ուղիով, որովհետեւ այլընտրանք չկայ, ըսած է Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէնի պաշտօնակատար Համբարձում քհնյ. Դանիէլեան:

Ան դիտել տուած է. «Իսկապէս ցաւ կ՛ապրինք եւ մտահոգ ենք Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ցաւալի դէպքերուն առիթով, երբ կրկին վրդոված է մեր ժողովուրդին խաղաղ կեանքը: Ցաւօք, ունինք զոհ մը եւ տասնեակ վիրաւորներ: Կը ցաւակցինք զոհուած հայորդիին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ կ՛աղօթենք անոր հոգիին հանգստութեան համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն: Տեղեակ էք, որ օրեր առաջ Մայր աթոռը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետը եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութիւնը իրենց խորին մտահոգութիւնը արտայայտեցին ստեղծուած կացութեան մասին` ողջախոհութեան կոչ ուղղելով եւ յորդորելով` խնդիրը լուծելու բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Դժբախտաբար, եկեղեցւոյ, մտաւորականներուն եւ շատերու կոչը անտեսուեցաւ, իբրեւ հետեւանք ալ նախորդ գիշեր տիրեց լարուած մթնոլորտ, տեղի ունեցան բախումներ: Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք` պահպանելու զգօնութիւնը, չտարուելու սադրանքներով եւ խուսափելու նոր բախումներէ, ոչ փափաքելի զարգացումներէ, որոնք կը վտանգեն մեր ազգին եւ պետութեան շահերը»:

Պարգեւ Սրբազան. «Այդ 25 Զինեալ Տղաները Պէտք Է Վերջնական
Որոշում Տան, Հանդարտ Ու Արագ Կերպով Այս Հարցը Լուծեն»

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան կը գտնուի Հայաստան. ան լրագրողներուն հետ զրուցելով անդրադարձած է Էրեբունիի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան շէնքի զինուած գրաւումին: «Այդ 25 զինեալ տղաները` Պաւլիկ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, իրենք պէտք է վերջնական որոշում տան հանդարտ ու խաղաղ կերպով, արագօրէն այս հարցը լուծեն, որովհետեւ ի վերջոյ ատիկա նորէն ողբերգութեան պատճառ պիտի դառնայ, բան մը, որ ոչ մէկուս ձեռնտու է», ըսած է ան:

Պարգեւ սրբազան նշած է, որ այլ բարդ գերխնդիրներ կան` մասնաւորապէս Արցախի խնդիրը: «Երէկ Ալիեւը ստորագրեց յուշագիր` Թուրքիոյ զինուորական խարիսխ եւ օդակայան տրամադրելու մասին: Մենք պէտք է խոհեմութիւն դրսեւորենք ազգովին եւ հանդարտ կերպով դուրս գանք այս իրավիճակէն», դիտել տուած է Պարգեւ սրբազան` Խորենացի փողոցին մէջ գտնուողներուն կոչ ուղղելով դադրեցներու ներքին ցնցումները եւ իրարու վրայ ձեռք չբարձրացնելու:

Արցախի թեմի առաջնորդը շեշտած է, որ, անկախ քաղաքական ճաշակէն, կարգավիճակէն, տարիքէն, հայը հայուն համար պէտք է սրբութիւն ըլլայ:

«Հայը հայուն նկատմամբ պէտք է ըլլայ սիրով, մեծագոյն յարգանքով», ըսած է ան եւ նշած, որ բանակցութիւնը միայն աշխարհիկներուն գործը չէ:

 

Նախորդը

Զախարովա. «Մոսկուան Որեւէ Խնդիր Չի Տեսներ Անգարայի` Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Միանալուն Մէջ»

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան Կոչ Կ՛ուղղէ Հասարակութեան Մէջ Հանդուրժողականութիւն Քարոզելու

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.