Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.  Քուէն Ուժ Է. Մեր Համայնքը Ուժեղ Է

Խմբագրական. Քուէն Ուժ Է. Մեր Համայնքը Ուժեղ Է

Պէյրութի ընտրաշրջանին քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը իր պատճառները ունի անշուշտ: Քաղաքական անորոշութեան մէջ, երբ երկրի պետական կարեւորագոյն հաստատութիւններու ղեկավարման թէ՛ անձերու եւ թէ՛ եղանակներու խնդիրները կը մնան անորոշ, երբ քաղաքացին մինչեւ վերջին վայրկեանը ընտրութիւններու կայացման իրողութիւնը կասկածի տակ կ՛առնէ նախընթաց օրինակները նկատի ունենալով, երբ հանգոյցներու հսկայական թիւեր կը յամենան, պետութեան հանդէպ վստահութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու ամէնէն անմիջական ձեւը որեւէ ընտրութեան նկատմամբ...

Ի՛նչ Արդիւնք Կրնայ Ունենալ  Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը

Ի՛նչ Արդիւնք Կրնայ Ունենալ Սարգսեան – Ալիեւ Հանդիպումը

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը կը ջանայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կայացնել 16 մայիսին, Վիեննայի մէջ: Այս առնչութեամբ եւ նման հանդիպումէ մը ակնկալուած արդիւնքներուն մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ  պատերազմական վիճակէն եւ Ազրպէյճանի նախայարձակումէն ետք հանդիպումի կարելիութիւնը արդէն կարելի է դրական գնահատել` այն առումով, որ միջազգային հանրութիւնը, Մինսքի խմբակի...

Սէյրան Օհանեան Այցելած Է  Ռազմարդիւնաբերական  Ձեռնարկութիւններ Եւ Մասնակցած  Նոր Արտադրամասի Բացման

Սէյրան Օհանեան Այցելած Է Ռազմարդիւնաբերական Ձեռնարկութիւններ Եւ Մասնակցած Նոր Արտադրամասի Բացման

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 13 մայիսին աշխատանքային այցելութիւն տուած է ռազմարդիւնաբերութեան համալիրի շարք մը ձեռնարկութիւններ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է անոնցմէ մէկուն մէջ նոր արտադրամասի բացման: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական վարչութիւնը: Ռազմաարդիւնաբերական համալիրի զարգացման շարունակականութեան ապահովումը պաշտպանական համակարգի բարեփոխումներու ծրագիրի կարեւորագոյն ուղղութիւններէն է: Այս առումով վերջին տարիներուն ակնյայտ են ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան` զինուած ուժերը հայրենական արտադրութեան սպառազինութեամբ...

Դիմադրութեան Զինուորական Ղեկավար  Մուսթաֆա Պատրէտտին  Թիրախ Դարձաւ Անարգ Պայթումի

Դիմադրութեան Զինուորական Ղեկավար Մուսթաֆա Պատրէտտին Թիրախ Դարձաւ Անարգ Պայթումի

Մուսթաֆա, Սանի, Էլիաս, Զուլֆիքար անունները կը բնորոշեն Դիմադրութեան ղեկավարներէն Մուսթաֆա Պատրէտտինը: Հըզպալլայի զինուորական հրամանատարը կ՛ապրէր Սէյիտա Զէյնապի ուխտատեղիին կից Դամասկոսի օդակայանին մօտ գտնուող զինուորական կեդրոնին մէջ` հոնկէ հսկելով շրջանին մէջ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն դէմ գործադրուող զինուորական գործողութիւններուն եւ հսկելով ուխտատեղիին ապահովութեան: «Կա՛մ իբրեւ նահատակ եւ կա՛մ յաղթանակի դրօշը բարձրացուցած պիտի վերադառնամ Սուրիայէն»: Այս խօսքերով Մուսթաֆա Պատրէտտին տարիներ առաջ ուղղուեցաւ Սուրիա, ուր...

Հալէպի Մէջ Զինադադարի Ճշդուած Ժամանակաշրջանի Աւարտով Կացութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Լարուած

Հալէպի Մէջ Զինադադարի Ճշդուած Ժամանակաշրջանի Աւարտով Կացութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Լարուած

Համեմատած նախորդ շաբթուան ողբերգական վիճակին, Հալէպի մէջ ապահովական իրավիճակը համեմատաբար աւելի կայուն կը համարուէր այս շաբաթ։ Սուրիական բանակը 5 Մայիսին, նախ եռօրեայ զինադադար յայտարարեց, ապա զինադադարը երկու անգամ երկարաձգեց մինչեւ 11 Մայիս, որուն իբրեւ արդիւնք թէեւ Հալէպի ապահովական իրավիճակը աւելի կայուն դարձաւ, սակայն ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին հրթիռակոծեցին բնակչութեամբ հոծ մէկէ աւելի շրջաններ, ինչպէս Նոր Գիւղ, Սէյֆ ալ Տաուլէ, Խալտիէ, Ճելէէ...

ՀՅԴ-ն Հիմնադրամ Պիտի Ստեղծէ`  Բանակին Օժանդակելու Նպատակով

ՀՅԴ-ն Հիմնադրամ Պիտի Ստեղծէ` Բանակին Օժանդակելու Նպատակով

25 երկիրներէ 60 ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովէն ետք 12 մայիսին Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս տուին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ Հայ դատի յանձնախումբերն ու...

Ռոպերթ Քոչարեան  Այցելած Է Սահմանագիծ

Ռոպերթ Քոչարեան Այցելած Է Սահմանագիծ

Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին զուգահեռ, նախկին նախագահը նաեւ այցելած է սահմանագիծ եւ հանդիպում ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին հետ: Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան նաեւ յայտնած է, թէ նախագահ Սահակեանի եւ Հայաստանի նախկին նախագահին միջեւ մնայուն հեռաձայնային կապ կայ: «Ընդհանրապէս Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը կապեր...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Հաղորդագրութիւնը`  Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն

Հայ Դատի Յանձնախումբերը Նոր Թափով Պիտի Յաղթահարեն Արցախ – Հայաստանի Ու Հայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

8-11 մայիսին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաժողովը: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հայ դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, եւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտ 65 ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին. . Արցախի իրաւական միջազգային ճանաչումին համար եւ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ պայքար. . Աշխատանքներ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ պահանջատիրական պայքարին ուղղութեամբ. . Հայաստանի...

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Գրասենեակը Հայաստանի  Ազգային Ժողովէն Պատուոյ Մետալ Ստացած Է

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակը Հայաստանի Ազգային Ժողովէն Պատուոյ Մետալ Ստացած Է

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կողմէ 18 ապրիլին կատարուած դասաւորումով, հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան զարգացման առումով ունեցած աւանդին համար 12 մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուոյ մետալ շնորհուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին: Բարձր պարգեւը ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին յանձնած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան, որ շնորհաւորած եւ երախտագիտութիւն յայտնած է...

Սուրիացի Եւ Իրաքցի Արուեստագէտներու  Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում` Համազգայինի  «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ

Սուրիացի Եւ Իրաքցի Արուեստագէտներու Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ

Հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հինգշաբթի, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ իրաքեան եւ սուրիական գեղանկարչական եւ կերպարուեստի հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը, որուն կը մասնակցին սուրիացի գեղանկարիչ Համմուտ Շանթութ, սուրիացի քանդակագործ  Ուրուպա Տիպ, ինչպէս նաեւ իրաքցի գեղանկարիչներ Սալամ Օմար եւ Մահմուտ Շուպպար: Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի...

Լեռնալիբանանի Տարբեր Շրջաններու Մէջ  ՀՅԴ-ի Կողմէ Առաջադրուած Քաղաքապետական  Կարգ Մը Խորհուրդներու Անդամի  Եւ Թաղապետի Հայ Թեկնածուներ

Լեռնալիբանանի Տարբեր Շրջաններու Մէջ ՀՅԴ-ի Կողմէ Առաջադրուած Քաղաքապետական Կարգ Մը Խորհուրդներու Անդամի Եւ Թաղապետի Հայ Թեկնածուներ

Պուրճ Համուտի Մէջ ՀՅԴ-ի Կողմէ Առաջադրուած Թաղապետներ Մկրտիչ Խտըրլարեան, Սեդրակ Խզարճեան, Զարեհ Գալայճեան, Վահէ Խաչատուրեան, Կարօ Աստուածատուրեան, Ժան Մոմճեան, Ռոստոմ Արսլանեան, Յովսէփ Պապէթեան, Վազգէն Նիւրբէթլեան, Շահէ Քէլէշեան եւ Գրիգոր Ճենանեան: Քաղաքապետական Խորհուրդի Թեկնածուներ Մարտօ Կէօզիւքիւչիւքեան (Սին էլ Ֆիլ) Գրիգոր Խալոյեան (Զալքա, Ամարաթ Շալհուպ) Հայկ Ոսկերիչեան (Անթիլիաս-Նաքքաշ)                   Պետրոս Մաճարեան (Տըպպայէ) Լեւոն Տէր...

Բակօ Սահակեան Եւ Ռոպերթ Քոչարեան  Քննարկած Են Ազրպէյճանի  Գործողութիւններուն Հետեւանքները

Բակօ Սահակեան Եւ Ռոպերթ Քոչարեան Քննարկած Են Ազրպէյճանի Գործողութիւններուն Հետեւանքները

11 մայիսին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ 2-5 ապրիլին հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերող հարցեր: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնած են, որ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ մեր յաղթանակները խարսխուած են Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան վրայ` կարեւոր...

«Ես Կարոն Եմ» Կարգախօսով Երթ`  Դէպի ՄԱԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակ

«Ես Կարոն Եմ» Կարգախօսով Երթ` Դէպի ՄԱԿ-ի Երեւանեան Գրասենեակ

11 մայիսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գտնուող «Հայփոստ»-ի բաժանմունքին դիմացէն ընթացք առաւ «Ես Կարոն եմ» խորագրեալ երթ` դէպի ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակ` ի պաշտպանութեան թրքական խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի: Երթին մասնակիցները բարձրացուցած են պաստառներ` «Ես Կարօ Փայլանն եմ», «Իւրաքանչիւր հայ սիրում եւ աջակցում է քեզ, Կարօ», «Stop fascism» գրութիւններով: Երթին կազմակերպիչներէն Մարք Յովհաննիսեան նշեց, որ իրենց հիմնական նպատակն է բարձրաձայնել,...

Ռուստամեան. «Արցախի Անկախութեան  Ճանաչման Հարցը Պէտք Է Մնայուն Կերպով  Հայաստանի Օրակարգին Վրայ Մնայ»

Ռուստամեան. «Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Հարցը Պէտք Է Մնայուն Կերպով Հայաստանի Օրակարգին Վրայ Մնայ»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 11 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը պէտք է տեղի ունենայ ճիշդ ժամանակին: Ան ընդգծած է, որ եթէ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները քննարկումներու լոյսին տակ որոշած են, որ ներկայիս ճիշդ ժամանակը չէ ատիկա ընելու, ուրեմն իսկապէս ատոր ժամանակը...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատունը  Հիւրընկալեց Հայոց Ցեղասպանութեան  Նուիրուած Կլոր Սեղան Մը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատունը Հիւրընկալեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Կլոր Սեղան Մը

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արաքժիի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, ներկայութեամբ նախկին եւ ներկայ նախարարներու, երեսփոխաններու, ակադեմականներու, Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութեան (MoHR) Լիբանանի շրջանի նախագահին, հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ հայկական մամուլի ներկայացուցիչներու, երեքշաբթի,10 մայիս 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կլոր սեղան մը, կազմակերպութեամբ` ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Լիբանանի մէջ Հայաստանի...

ՀՅԴ-ի Առաջադրած  Կարգ Մը Թեկնածուներ  Առանց Մրցակիցի Ընտրուած

ՀՅԴ-ի Առաջադրած Կարգ Մը Թեկնածուներ Առանց Մրցակիցի Ընտրուած

Ձախէն աջ` Նազօ Ապունայեան, Յովիկ Գարապաճաքեան, Ռեմոն Այվազեան, Գօգօ Գըլպոզեան, Գօգօ Թերզեան, Նելլի Վէքիլեան, Մարտիկ Արսլանեան, Մարտիկ Պօղոսեան, Գառնիկ Մկրտիչեան, Անի Կիտանեան, Ճորճ Գրիգորեան, Լենա Պալեան, Դաւիթ Գազանճեան եւ Տիգրան Քէնտիրճեան: ՀՅԴ-ի Առաջադրած Եւ Ընտրուած Քաղաքապետական Խորհուրդներու Հայ Անդամներ Ժաք Քէրթէշեան (Ժըտէյտէ, Սըտ Պաուշրիէ) Վահէ Երեւանեան (Ռապիէ) Վաչէ Ծատուրեան (Պրումանա) 

Ընդունելով Հերպըրթ Զալպերը`  Նախագահ Սարգսեան Շեշտը Դրած Է Ազրպէյճանական  Ոճիրներուն Միջազգայնօրէն  Արձագանգելու Կարեւորութեան Վրայ

Ընդունելով Հերպըրթ Զալպերը` Նախագահ Սարգսեան Շեշտը Դրած Է Ազրպէյճանական Ոճիրներուն Միջազգայնօրէն Արձագանգելու Կարեւորութեան Վրայ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 մայիսին ընդունած է Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը: Նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է իր տեսակէտը Ազրպէյճանի ապակառուցողական եւ ռազմատենչ կեցուածքին իբրեւ հետեւանք իրավիճակի լարման եւ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու այդ երկրի դրդապատճառներուն մասին: Անդրադառնալով Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ապրիլեան իրադարձութիւններուն ընթացքին գործադրուած ռազմական յանցագործութիւններուն փաստերուն` նախագահը ընդգծած է նման անթոյլատրելի...

Բակօ Սահակեան Տիգրանակերտի Մէջ  Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Դատի Յանձնախումբերու  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Բակօ Սահակեան Տիգրանակերտի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Դատի Յանձնախումբերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 մայիսին Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանին մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի եւ յանձնախումբերու ու գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերուն, 2-5 ապրիլին Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սահակեան արժեւորած է ՀՅԴ Հայ դատի գործունէութիւնը...

Սահմանային Դիտարկումէն Առաջ Անճէյ Քասփրչիք  Տեսակցութիւն Ունեցած Է Նախագահ Սահակեանի Հետ

Սահմանային Դիտարկումէն Առաջ Անճէյ Քասփրչիք Տեսակցութիւն Ունեցած Է Նախագահ Սահակեանի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 մայիսին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Քասփրչիք նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ: Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտնած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան...

Page 699 of 795 1 … 698 699 700 … 795

Արխիւներ