Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Մասնակցեցաւ «Իմ Հայաստան» Համահայկական Երրորդ Փառատօնի Բացման Հանդիսութեան Եւ Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկիէ Մետալով

July 25, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

knar-1_72416

Ուրբաթ, 22 յուլիսին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պարարուեստի օրերու սկիզբով տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին բարձր հովանաւորութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք  Նաւասարդ արք. Կճոյեան Տէրունական աղօթքով օրհնեց փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ողջոյնի ուղերձը ներկայացուց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Ելոյթ ունեցան  փառատօնին մասնակցելու համար աշխարհի 25 երկիրներէ հասած 48 պարախումբերը, որոնց շարքին` Համազգայինի Լիբանանի «Քնար», Ֆիլատելֆիոյ «Մեղրի» եւ Նիւ Ճըրզիի «Նայիրի» պարախումբերը:

Յայտնենք, որ հինգշաբթի, 21 յուլիսին, Յակոբ Պարոնեանի անուան հանդիսասրահին մէջ, Համազգայինի «Քնար» պարախումբը Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի եւ Ֆիլատելֆիոյ պարախումբերուն հետ առանձին ելոյթ ունեցաւ:

Միւս կողմէ, շաբաթ, 23 յուլիսին Համազգայինի «Քնար» պարախումբը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:

knar-2_72416

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան շնորհաւորեց «Քնար» պարախումբի ղեկավարները եւ անդամները ոչ միայն հիմնադրման 60-ամեակին առիթով, այլեւ  հայրենիքին մէջ յոբելենական տարուան ընթացքին «Իմ Հայաստան»  փառատօնին մասնակցելու առիթով եւ մաղթեց ստեղծագործական նոր նուաճումներ, նոր բեմեր ու նորանոր ծրագիրներ կեանքի կոչելու կարելիութիւն:

Ան իր հիացմունքը յայտնեց բազմավաստակ, հարուստ պատմութիւն ունեցող պարախումբի բոլոր տարիներու նուիրեալներուն` հովանաւորներուն, պարուսոյցներուն, որոնք սփիւռքահայ երիտասարդներուն մէջ ազգային պարի միջոցով կը սերմանեն սէր դէպի ազգային մշակոյթը:

Սերժ Սրապիոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան ծրագիրներուն եւ, մասնաւորապէս, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու համար եւ, կատարելով սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հրամանը, համայնքներու միջեւ կապերու  ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալու, երիտասարդութեան հայեցի ուսուցման եւ դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններու, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելու, ազգային- հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, ինչպես նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալու, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալը շնորհեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Քնար» պարախումբին:

Մետալը ստանձնեց պարախումբի պարուսոյց Յովիկ Խաչիկեան:

Ելոյթ ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայաստանի հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ նման բարձր պատիւի արժանացնելու համար, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար  Հրանուշ Յակոբեանին:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ

Յաջորդը

Նշմար. Իսկական Թիրախն Ու Իսկական Հայրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.