Հինգշաբթի, 21 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Կաթողիկէ նպաստի ծառայութիւններ»-ը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: «Կաթողիկէ նպաստի ծառայութիւններ»-ը հիմնուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն` 1943 թուականին եւ կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը մարդասիրական ծառայութեան 70 տարիներու փորձառութիւն ունի եւ օգտակար կը հանդիսանայ պատերազմներէ տառապող ու բնական աղէտներու պատճառով վնասուած համայնքներուն:
Պատուիրակութեան անդամները վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին իրենց ծրագիրները եւ Միջին Արեւելքի մէջ կազմակերպութեան տարած աշխատանքը: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց կազմակերպութեան յանձնառութիւնը` եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան ճամբով աջակից դառնալու կարիքաւոր համայնքներուն` յատկապէս դպրոցական եւ ընկերաբժշկական ծրագիրներու միջոցով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ բացատրեց ներկայիս Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ խօսեցաւ անոր կարիքներուն մասին: